Շաբաթ, 20 յունիս 2015-ին, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց լրագրող, հրապարակախօս, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի (2009-ին հրատարակութիւնը դադրեցուցած) երկարամեայ խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեանը` անուանի Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը:
«Յառաջ»-ը լոյս տեսած է 1925-2009 թուականներուն` ունենալով երկու խմբագրապետներ` Շաւարշ Միսաքեան եւ Արփիկ Միսաքեան: