Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցեցաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի Գրասենեակի Բացման

June 20, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-19-15_serjՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուեցաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակի բացման:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ կազմակերպութեան գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Նախագահին ներկայացուցին, որ իբրեւ  «Ուիքիմետիա» հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղ հիմնադրուած «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նպատակն է խթանել «ուիքի» նախագիծերու տարածումը եւ զարգացումը Հայաստանի եւ շրջանին մէջ, հանրայնացնել ազատ գիտելիքի գաղափարը:

Գրասենեակին մէջ նախագահը մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ «ուիքի» նախագիծերու զարգացման վերաբերող հարցերու քննարկման, որուն մասնակցեցան նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, պատասխանատուներ եւ մասնագէտներ:

Նախագահը ապա այցելեց «Միր» միջպետական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան  ազգային մասնաճիւղ, որուն նախանցեալ օր  կառավարութեան որոշումով յատկացուեցաւ 60 միլիոն դրամ` Երեւանի մէջ տեղակայուած երկրային արբանեակային կայանի վերազինման համար:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ ընկերութեան թեքնիք կարելիութիւններուն, վերազինման ընթացքին եւ այդ ուղղութեամբ յառաջիկայ  ընելիքներուն, զրուցեց մասնաճիւղի աշխատակիցներուն հետ: Նախագահին ներկայացուեցան «Միր» ընկերութեան ազգային մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուող արտադրութիւնը, ատոր ծաւալները, ստեղծագործական խումբին կողմէ պատրաստուող հաղորդումները, որոնք Հայաստանը կը  ներկայացնեն շուրջ 162 միլիոն դիտող ունեցող «Միր»-ի լսարանին:

Նախորդը

Բաց Նստացոյց` Ելեկտրական Հոսանքի Թանկացման Դէմ

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». Վաղը` Աւստրալիոյ Կրան Փրին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.