Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Հայ Դասական Երգարուեստը Հրամցուց Հանդիսատեսին

June 22, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-21-15_kousan-16-21-15_kousan-2Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 21 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Երաժշտութեան միջազգային օրուան փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ «Գուսան» երգչախումբին, խմբավար` Գրիգոր Ալոզեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:

Յայտագիրը սկսաւ Է. Յովհաննէսեանի «Նանարի նա» երգով, մենակատար` Շողիկ Թորոսեան, որուն յաջորդեցին Մ. Եկմալեանի պատարագէն հատուածներ, կատարողութեամբ` Շողիկ Թորոսեանի եւ Յարութ Գալօղլեանի, որոնց կատարումը արժանացաւ հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն: Այնուհետեւ յայտագիրը իր ընթացքը առնելով, զիրար գերազանցող սքանչելի մեկնաբանութեամբ հնչեցին Կոմիտասի «Սուրբ սուրբ»-ը, Ա. Պոպիկեանի «Տէր ողորմեա»-ն, Մ. Եկմալեանի «Զարթիր որդեակ»-ը, Կոմիտասի «Լուսնակը լոյս» եւ «Ելա տանիս» երգերը, Կարա Մուրզայի «Ալագեազ բարձր տեղ ա» եւ «Քեզի մեռնիմ» երգերը եւ Կոմիտասի «Կալի երգը»: Ապա Աւետիս Ագրապեան անզուգական մեկնաբանութեամբ կատարեց Տ. Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի հոր-հոր» քառեակները, որուն յաջորդեցին Կոմիտասի «Ալագեազ» եւ «Խնկի ծառ» երգերը, նաեւ Գ. Սիւնիի «Այ եայլի»-ն: Բ. Կանաչեանի «Հոյ նար»-ը մենակատար` Կարօ Քէլէշեան, արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին, որմէ ետք երգչախումբը մեկնաբանեց Կոմիտասի «Երազ»-ը: Յայտագիրը վերջ գտաւ Զարեհ եպս. Ազնաւորեանի վերամշակած «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Արդարեւ, մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ, 32 անդամներէ բաղկացած «Գուսան» երգչախումբը գեղեցիկ կատարողութեամբ գեղարուեստական վայելքի պահեր նուիրեց հանդիսատեսներուն, որոնք երկարատեւ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը:

 

 

Նախորդը

Սարկաւագաց Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Ականապատած Է Փալմիրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.