Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրականութեան Սակի Բարձրացման Դէմ Կատարուած Ցոյցին Ընթացքին. Բախում` Ոստիկաններու Եւ Դաշնակցական Երիտասարդներուն Միջեւ

Յունիս 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-17-15_tsouitsԵրեւանի մէջ Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի շէնքին առջեւ երէկ տեղի ունեցաւ դաշնակցական երիտասարդներու կազմակերպած բողոքի ցոյցը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին, որ դադրի ելեկտրականութեան հոսանքի սակի վերատեսութեան նիստը, եւ յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Նազարեան իջնէ, բացատրութիւն տայ իրենց կատարուած ապօրինութիւններուն վերաբերեալ:

Ոստիկանները թոյլ չտուին, որ ցուցարարները մայթին վրայ ցոյց ընեն, այդ իսկ պատճառով վերջիններս ստիպուած էին ճամբուն երթեւեկելի հատուածին մէջ ցոյցը շարունակել, իսկ ոստիկանները նոյնպէս փորձեցին խոչընդոտել:

Ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ բախում, որ հարթուեցաւ: Հսկող ոստիկանները համալրուեցան նոր ուժերով, իսկ շարժումին մասնակիցները շարունակեցին պոռալ` «դադրեցուցէ՛ք նիստը», «ամօթ»: Յայտնենք, որ ցոյցի ընթացքին ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց 7 դաշնակցական երիտասարդներ:

Ի վերջոյ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը յաջողեցաւ Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի անդամներուն փոխանցել ցուցարարներուն պահանջը:

Ցուցարարներէն` ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Վահագն Մատինեան բարձրացաւ եւ ներկայ գտնուեցաւ Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի նիստին: Ան խօսք առնելով նախ տեղեկացուց, որ տակաւին երկու օր առաջ փափաք յայտնած է նիստին մասնակցելու, սակայն իր փափաքը մերժուած է: Պատճառաբանութիւնը եղած է` «տեղ չկայ»:

«Հաւանաբար, թիւրիմացութիւն եղած է», արձագանգեց Նազարեան:

Մատինեան յայտարարեց, որ թէեւ դուրսը եղած է, խօսքերուն չէ հետեւած, բայց բոլորը վստահ են` այս սակը արդարացուած չէ: «Մենք` ոչ արհեստավարժներս, անցեալ տարիներու պարտքերուն համար վճարեցինք, եւ ատիկա ներառուած էր բարձրացած սակին, ինչո՞ւ կրկին  կը բարձրանայ», ըսաւ ան եւ փոխանցեց ցուցարարներուն խնդրանք-պահանջը` չբարձրացնել ելեկտրականութեան հոսանքի սակը, իսկ եթէ կարելի չէ այդ հարցը լուծել, կը խնդրեն յետաձգել որոշման կայացումը, մանաւանդ որ Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Եւկենի Պիպին նոյնիսկ եկած չէ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ պէտք է Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր ընկերութիւնը սնանկ ճանչնալու հոլովոյթ սկսիլ, որովհետեւ  ընկերութիւնը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը  մէջ  կրկնակի անգամ սակը բարձրացնելու յայտ ներկայացուցած է:

«Նկատի ունենալով ժողովուրդին ընկերային ծանր վիճակը, մենք կը պատրաստենք համապատասխան առաջարկ, որպէսզի սահմանուի բարձրագոյն սակը եւ ատիկա պէտք է համապատասխանեցուի կենսաապահովման նուազագոյն զամբիւղին», ըսաւ Ա. Ռուստամեան:

Անդրադառնալով Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի նիստին Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Եւկենի Պիպինի չմասնակցելուն` Ռուստամեան ըսաւ, որ անոր կեցուածքը, այս արհամարհական մօտեցումը անհասկնալի է. «Ակնյայտ է, որ յանձնախումբը բացայայտած է բաներ, որոնք ցոյց կու տան, որ կառավարումը արդիւնաւէտ չէ»:

Ըստ Ռուստամեանի, պաշտօնական առումով Պիպին կրնայ նիստերուն չմասնակցիլ, որովհետեւ  սեփական կազմակերպութիւն կը ներկայացնէ, բայց նկատի ունենալով, որ ընկերութիւնը մենաշնորհային դիրք ունի Հայաստանի մէջ, Պիպին պարտաւոր է յարգել հայ հասարակութիւնը, իր սպառողները եւ բացատրել սակի բարձրացման  պատճառները, այլ ոչ թէ մամուլով խօսիլ:

«Այդ չգալն ալ կը նշանակէ, որ ինքն ալ գիտէ, որ լուրջ փաստեր չունի ներկայացնելու», ըսաւ Ա. Ռուստամեան:

Աւելի ուշ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան Երեւանի վարչութեան Կեդրոնի բաժինէն ազատ արձակուեցան ելեկտրականութեան թանկացման դէմ բողոքի ցոյց իրականացնող` դաշնակցական 7 երիտասարդները:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ներկայացուց Նոր Նշանակուած Պաշտպանութեան Նախարարը

Յաջորդը

Պելճիքայի Խորհրդարանին Մէջ Այսօր Պաշտօնապէս Պիտի Ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?