Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռքահայ Տեղեկատուական Դաշտը Անցումային Հանգրուանին` Տպագիրէն Թուայնացում» Խորագիրով Կլոր Սեղան

Յունիս 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-17-15_glor-1Երէկ` չորեքշաբթի, 17 յունիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Թէքէեան» կեդրոնի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ կազմակերպութեամբ ՌԱԿ Մամուլի տեղի ունեցաւ «Սփիւռքահայ տեղեկատուական դաշտը անցումային հանգրուանին` տպագիրէն թուայնացում» խորագիրը կրող կլոր սեղան մը, որուն մասնակցեցան Շահան Գանտահարեան, Անիթա Լիպեար, Շիրազ Ճէրէճեան, դոկտ. Արա Սանճեան, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, իսկ զրուցավարն էր Սեւակ Յակոբեան:

Հանդիպումը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բարի գալուստի խօսք փոխանցեց Սեւակ Յակոբեան: Ան անդրադարձաւ տեղեկատուական համակարգի զարգացման, տեղեկութիւններու եւ լուրերու արագ տարածման միջոցներու, արխիւներու թուայնացման կարեւորութեան: Խօսքի աւարտին ան ներկայացուց կլոր սեղանի մասնակիցները: Ապա սփռուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ելոյթը կլոր սեղանին առիթով: Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ըսաւ, թէ արագ զարգացող աշխարհին մէջ գլխաւոր դերակատարը տեղեկատուութիւնն է: Ան կարեւոր նկատեց տեղեկատուութեան տպագիր հանգրուանէն թուայնացմանի անցումը, ապա ըսաւ, թէ պէտք է նախ եւ առաջ թուայնացնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին ստեղծուած գրականութիւնը, ապա հոգեւոր հաստատութիւններու եւ գրադարաններու մէջ կուտակուած արժէքները:

Ան կոչ ուղղեց աշխուժ կերպով համագործակցելու եւ ժառանգութեան ամբողջութեամբ տէր կանգնելու, որպէսզի հայ արժէքները համաշխարհային արուեստի ասպարէզին մէջ իրենց տեղն ու դերը ունենան:

Դոկտ. Արա Սանճեան անդրադարձաւ տպագիր մամուլի դժուարութիւններուն, ապա  ելեկտրոնային տարբերակի առաւել հասանելիութեան: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ հայագիտական մարզին մէջ արխիւները կը մնան անմատչելի ուսումնասիրողներուն համար:

Իսկ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ընդգծեց գաղութներուն մէջ հրապարակումներ բովանդակող հրատարակութեան մը կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ, թէ թուայնացման նպատակը միայն արխիւները փրկելու համար չէ, այլ ստեղծել հանրային այն տարածքը, որմէ կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք հետազօտութիւններ կը կատարեն:

Իր կարգին, դոկտ. Հրայր ճէպէճեան խօսեցաւ կրօնական տեղեկատուութեան տարածման հոլովոյթին մէջ համացանցի օգտագործման մասին: Ան կարեւոր նկատեց պատգամի մը ընկալման եղանակը ընթերցողին կողմէ, անոր կիրարկումը քաղաքական տագնապներու պարագային: Ան անդրադարձաւ նաեւ 21-րդ դարու արագ փոխուող ու զարգացող դարուն Աստուածաշունչի ընկալման տարբեր միջավայրերու մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ տպագիր հրապարակումներն ալ տակաւին իրենց դերն ու արժէքը կը շարունակեն ունենալ:

Անիթա Լիպեար ներկայացուց թուայնացման կարեւորութիւնը միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ: Ան անդրադարձաւ այն բոլոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնք առիթ կու տան մտածելու եւ քայլերու ձեռնարկելու միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու արխիւները թուայնացնելու:

Խօսք առաւ նաեւ Շահան Գանտահարեան: Ան նկատել տուաւ, թէ տեղեկատուութեան տպագիրէն թուայնացում անցումը արդէն կատարուած է, սակայն անցումային վիճակի մէջ է ելեկտրոնային տարբերակը:

Ան դիտել տուաւ, թէ արագ զարգացող դարուն անհրաժեշտ է մեր միջոցները յարմարցնել արհեստագիտական կարելիութիւններուն:

Ան նաեւ ըսաւ, թէ անվերջ նորարարութիւնները կը ստիպեն անընդհատ քայլ պահել արհեստագիտութեան զարգացումներուն հետ:

Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ նաեւ քաղաքական գետնի վրայ առկայ տեղեկատուական պատերազմին: Այս պարագային, ըսաւ ան, արհեստագիտութեան կարելիութիւններու օգտագործումը դուրս կու գայ սիրողական մակարդակէն եւ կ՛անցնի զուտ մասնագիտական եւ փորձագիտական ասպարէզ, որպէսզի կարելի ըլլայ ստեղծել հայկական հզօր տեղեկատուական դաշտ, որ կրնայ հակադարձել թշնամի կողմի բոլոր քայլերուն:

Վերջապէս ելոյթ ունեցաւ Շիրազ Ճէրէճեան: Ան անդրադարձաւ պատկերասփիւռի ուղիղ եւ անուղղակի սփռումներու, պատկերասփիւռի կայանի անցեալի եւ ներկայի գործելաձեւերու տարբերութեան` մեկնելով արհեստագիտութեան ընձեռած կարելութիւններէն: Ճէրէճեան դիտել տուաւ, թէ համացանցի առաւելագոյն օգտագործումը մեծապէս տեղեկացուած կը պահէ հասարակութիւնը:

Ելոյթներէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութեան կարճատեւ դադար մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ լայն քննարկում արարծուած բոլոր նիւթերուն մասին:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Օթան Եւ Ռուսիա Զիրար Կը Մեղադրեն

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In