Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի Որոշումով Չէ, Որ Կ՛ընթանան Արցախի Հիմնախնդիրի Լուծման Բանակցութիւնները»

Յունիս 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-18-15_bal-19Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին երէկ մեկնաբանեց  Եւրոպական դատարանի որոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող երկու գործերով:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարած է Մինաս Սարգսեանի հայցը ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Էլխան Չիրագովի եւ  այլոց հայցը ընդդէմ Հայաստանի` առաջարկելով երկու երկիրներու կառավարութիւններուն ստեղծել մեքանիզմ մը, որուն օգնութեամբ ղարաբաղեան պատերազմին հետեւանքով ինչքերէ եւ կալուածներէ զրկուած այդ անձերը կարենան վերականգնել իրենց սեփականութեան իրաւունքը եւ  փոխհատուցում ստանալ:

Չիրագովի հայցով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ տրուած որոշման մասին ազրպէյճանական մեկնաբանութիւններու վերաբերեալ հարցումին Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանեց. «Մարդկային իրաւունքներու  եւրոպական դատարանի ծիրին մէջ կամ հովանիին ներքեւ կամ միջնորդութեամբ չէ, որ կ՛ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման բանակցութիւնները: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միակ ձեւաչափն է, որ կը զբաղի հիմնահարցին լուծումով»:

Պաշտօնական Պաքուի յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Եւրոպական դատարանի որոշումը, որ փաստօրէն վերջ դրաւ Հայաստանի ժխտողականութեան` կապուած Ազրպէյճանի տարածքներու ապօրինի բռնագրաւումով  առնչութիւն եւ Ազրպէյճանի տարածքին մէջ զինուորական ներկայութիւն ունենալու հետ»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հակադարձեց. «Չիրագովի հայցով տրուած որոշումը կը վերաբերի անհատական դատական գործին, որ չի կրնար ազդել ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման շուրջ բանակցային հոլովոյթին վրայ: Ազրպէյճանի կողմէ յիշեալ որոշման շահարկումը կրնայ միայն վնաս հասցնել խաղաղ լուծման ջանքերուն: Գաղթականներու եւ տեղահանուած անձերու վերադարձի իրաւունքին կապուած հարցերը բանակցային հոլովոյթի բաղկացուցիչ մաս կը կազմեն: Անոնք կրնան լուծում ստանալ հիմնախնդիրի համապարփակ լուծման շնորհիւ: Այս մասին կը նշուի նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման վերաբերեալ եռանախագահող երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւններուն մէջ»:

«Հայաստան Չէ Հրաժարած Եւրոպական
Միութեան Հետ Ընկերակցման
Համաձայնագիրը Ստորագրելէ»

Երեւանի մէջ ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Ռոզ Ռոթ սեմինարին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանելով Սերպիոյ  խորհրդարանի պատգամաւոր Տուպրովքա Ֆիլիփովսքայայի հարցումին, թէ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան Հայաստանի հետագայ քայլերը Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն ուղղութեամբ, ըսաւ, որ Հայաստան չէ հրաժարած Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցման համաձայնագիրը ստորագրելէ:

«Հայաստանի պատճառով չէ, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ չստորագրուեցաւ ընկերակցման  համաձայնագիրը, ատիկա լրիւ այլ պատճառներ ունէր: Մենք առաջարկեցինք ստորագրել ընկերակցման համաձայնագիրի քաղաքական մասը, բայց մեզի ըսին, որ ատիկա ամբողջական փաստաթուղթ է: Իսկ յետոյ Ուքրանիոյ հետ ստորագրուեցաւ խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրը», նշեց Նալբանդեան` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ  օրերուն Եւրոպական Միութեան խորհուրդը կը հաստատէ լիազօրութիւնը եւ կարելի կ՛ըլլայ շարունակել բանակցութիւնները Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ:

Իսկ իտալացի պատուիրակի հարցումին, թէ թուրքերը Հայաստանի հետ սահմանի բացումը կը կապեն հայկական հիւլէական կայանի գոյութեան հետ, եւ ատիկա իրականութեան մէջ խնդի՞ր է, թէ՞ պարզապէս առիթ, Նալբանդեան պատասխանեց. «Դուք ճիշդ էք, ատիկա շատ հաւանաբար կեղծ առիթ է: Թրքական կողմը կը փնտռէ տարբեր առիթներ, որոնց միջոցով կրնայ Հայաստանի դէմ արտայայտուիլ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ 15 հանդիպում տեղի ունեցած է, եւ այդ հանդիպումներէն ոչ մէկուն ժամանակ թրքական կողմը արծարծած է հայկական հիւլէական կայանին հարցը»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս կրկնեց, որ Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնած են արձանագրութիւններ ստորագրելու առանց նախապայմաններու, եւ հիմա թրքական կողմը պէտք չէ որեւէ  պայման առաջ մղէ:

Պատասխանելով պատուիրակներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալէ ետք ղարաբաղեան տագնապին մէջ որեւէ տեղաշարժ կա՞յ, թէ՞ ոչ, Նալբանդեան ըսաւ. «Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցիլը ոչ մէկ կապ ունի ղարաբաղեան տագնապին հետ: Երեւան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ կը շարունակէ ջանքեր գործադրել ղարաբաղեան հարցին խաղաղ լուծման ուղղութեամբ: Վերջին օրերուն սահմանագիծին վրայ իրավիճակը տակաւին հանդարտ է: Մասնագէտները ատիկա կը կապեն Պաքուի մէջ ընթացող Եւրոպական խաղերուն,  սակայն նշաններ կան, որ Ազրպէյճան չէ հրաժարած իր սադրիչ քաղաքականութենէն»:

 

 

 

Նախորդը

Օհանեան Ընդունեց Դիւանագիտական Առաքելութիւնը Աւարտող Գերմանիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Առաջարկեց Բարձրացնել Մաքսատուրքը Եւ Տուրքի Նոր Տեսակ Սահմանել

RelatedPosts

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ
Հայկական

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ

Ապրիլ 1, 2023
Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In