Անցնող օրերուն, հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն, կազմակերպական համապատասխան կարգով ՀՅԴ կազմակերպութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկեց Սուրիոյ քաղաքական իրավիճակը, դիմագրաւուած մարտահրաւէրները, հաւանական զարգացումներու տարբերակները, եւ առ այդ` անհրաժեշտ նախաձեռնութիւնները:
Առաջնային նկատելով Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումը, ժողովրդային միասնականութիւնը եւ պետականութեան անվտանգութիւնը, տրամադրելի կարելիութիւններով յառաջիկայ հանգրուաններուն համար ուրուագծեց պատկերացումներ եւ կատարեց ուղենշումներ:
Յատուկ կարեւորութեամբ մատնանշեց.
ա.- Քաղաքական լուծումներու անհրաժեշտութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անխուսափելիութիւնը:
բ.- Սուրիոյ ժողովրդային հիւսուածքի մէկ բաղադրիչը հանդիսացող սուրիահայութեան դիմադրողական կորովի համազգային ճիգերով ուժեղացման անհրաժեշտութիւնը:
գ.- Քաղաքական բեւեռացումներէ հեռու, սուրիահայութեան ֆիզիքական ապահովութեան միտող յարաբերութիւններու իրականացումը համահայկական պարտաւորութիւն ըլլալով հանդերձ, զայն սուրիահայ պատասխանատու մարմիններուն հետ համադրուած կերպով կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
դ.- Սուրիաբնակ հայութեան օժանդակութեան վերակազմակերպումը` վերականգնումի յուսադրիչ գործի ծրագրման եւ իրագործման համար:
Վերոնշեալներու լոյսին տակ հունաւորելու.-
– Ազգային կեանքի բաւարարման հարցերը` թուային պատկերի փոփոխութիւններու եւ ժողովրդային տեղաշարժի լոյսին ներքեւ:
– Ազգային կրթական հաստատութիւններու աշակերտական եւ պաշտօնէութեան խնդիրները: – Մեր ժողովրդային զանգուածներու դիմագրաւած գործազրկութեան հարցի հաւանական լուծումներու որոնումը:
– Ժողովրդային տեղակայման նոր վայրերու մէջ համապատասխան կազմակերպական աշխատանքներու ծաւալումը:
– Ժողովուրդը զանգուածային արկածախնդրութիւններէ հեռու պահելու միջոցառումները:
Յարգանքով անդրադարձաւ տագնապի տարիներուն ինկած անմեղ զոհերուն եւ քաղաքացիական պարտաւորութեան պատնէշին վրայ նահատակուած հայորդիներուն` բարձր գնահատելով հայկական թաղամասերու, կեդրոններու եւ հիմնարկներու ապահովութեան հսկող բոլոր կամաւորներուն անսակարկ ծառայութիւնը:
Հանապազօրեայ քաղաքական, ընկերային, ապահովական եւ կենցաղային յարափոփոխ իրավիճակներու մէջ գոյատեւելու կամքով, առաւել կազմակերպուածութեամբ եւ միասնակամութեամբ նոր հանգրուան մը դիմագրաւելու վճռականութեամբ եզրափակուած այս քննարկումները նոր շրջան մը կը բանան ոչ միայն սուրիահայութեան, այլ նաեւ` համայն մեր ժողովուրդին համար:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
20 յունիս 2015