Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արմէն» Ճամբարի Ի Նպաստ Քայլարշաւ` 26 Յունիսին

Յունիս 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-23-15_Camp-Armen«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Տեմոքրաթհապեր» կայքը արձագանգ հանդիսացած է «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») կապակցութեամբ «Նոր զարթօնք» խմբակի երիտասարդներուն կողմէ 19 յունիսի երեկոյեան, Կալաթասարայի «Ճեզայիր» հանդիսասրահին մէջ սարքուած մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ճամբարին զօրակցողները անգամ մը եւս վճռաբար պահանջած են, որ պետութիւնը հայ համայնքին վերադարձնէ ճամբարը, միաժամանակ ներում հայցէ հայ համայնքէն:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրատուամիջոցներուն բացատրութիւններ տրուեցան Սայաթ Թեքիրի, Ալեքս Գալգի, Տիրեն Ճեւահիր Շէնի, Մուրատ Մխճըի եւ Պուրաք Էօզկիւների կողմէ:

«Վերջ` ձգձգումին. «Քեմփ Արմէն»-ը թող վերադարձուի հայ ժողովուրդին», գրուած էր այն պաստառին վրայ, որուն առջեւ «Նոր զարթօնք»-ի անդամները նստած էին եւ բացատրութիւններ կու տային:

Թեքիր, որ հայերէն խօսեցաւ, բացատրութիւններ տուաւ հոլովոյթին ու այսօրուան կացութեան մասին:

Մամլոյ հաղորդագրութիւնը կարդացուեցաւ Շէնի կողմէ, որ կ՛ըսէր. «Ճիշդ 45 օրէ ի վեր կը դիմադրենք` պաշտպանելու համար «Քեմփ Արմէն»-ը, որ պետութեան կողմէ յատկապէս լքուած է փլուզման ու փտումի վիճակի մէջ: Անոր համար տեղի ունեցած վերջին բանակցութիւնները թափանցիկ չեն եղած, իսկ հանրային կարծիքին թելադրուած են անհիմն տեղեկութիւններ, որոնք պաշտօնական որեւէ հիմք չունին: Հիմա դարձեալ կ՛աղաղակենք. «Քեմփ Արմէն»-ը պէտք է վերադարձուի հայ համայնքին»»:

Ապա ան շարունակեց. «Տաւութօղլու Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին ըսած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ նախապէս կ՛ըսուէր, որ այսպիսի բան մը պատահած չէ, մինչդեռ պատահածը պատահած է: Այս ըսելէն ետք հիմա ան ինչպէ՞ս կրնայ մտածել, որ ուրացումէն հեռացած կ՛ըլլայ, երբ կը մերժէ վերադարձնել «Քեմփ Արմէն»-ը: Մարգար Եսայեանին կը հարցնենք. «Հակառակ անոր որ պետութեան կողմէ շօշափելի որեւէ քայլ չէ առնուած, ան ինչպէ՞ս «Սապահ»-ի իր սիւնակին մէջ կը պատմէ, թէ լուծուեցաւ խնդիրը: Ինչո՞ւ ան նպատակաւոր կերպով ու գիտակցաբար սխալ տեղեկութիւններ փոխանցած է հանրութեան ու հարցը իրեն համար ընտրական նախանիւթ դարձուցած է»:

«Նոր զարթօնք»-ի անդամներէն Գալգ ըսաւ, որ պետութիւնն է պատասխանատուն այս բռնագրաւման ու հիմա պետութիւնն է, որ պէտք է լուծէ այս խնդիրը` ներում հայցելով հայ ժողովուրդէն: «Բայց պետութիւնը այս խնդիրը կը փորձէ անհատի մը բարեսիրական նուիրատուութեամբ լուծել, եւ նոյնիսկ այդ փորձը աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր որեւէ յառաջդիմութիւն չէ արձանագրած», աւելցուց ան:

Իսկ Էօզկիւներ, որ «Նոր զարթօնք»-ին զօրակցող մըն է, ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ ճամբարը վերադարձուի հայ ժողովուրդին, ատիկա պիտի չընդունուի իբրեւ շնորհ մը, որ կը կատարուի հայերուն: Ասիկա արդէն բռնագրաւուած կալուած մըն է: Հիմա անհրաժեշտ է, որ Անատոլուի ու Պոլսոյ մէջ գտնուող հարիւրաւոր կալուածները վերադարձուին հայերուն»:

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ ուրբաթ, 26 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թիւնելէն դէպի Կալաթասարայի հրապարակ, «Քեմփ Արմէն»-ի համար զօրակցութեան քայլարշաւ մը պիտի կատարուի:

 

Նախորդը

Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ. Մաշնուք – Ռիֆի Հանդիպում

Յաջորդը

Քի Մուն. «Զիս Կը Մտահոգեն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Խախտման Դէպքերը»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?