Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խաչիկ Պապիկեան» Աշակերտական Մրցանքներուն Եւ «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք»-ին Առիթով` «Մենք Բոլորս Պատասխանատուութիւն Մը Ունինք` Կասեցնելու Համար Մեր Լեզուին Եւ Արժէքներուն Նահանջը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունիս 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-22-15_khatch-16-22-15_khatch-5Կիրակի, 21 յունիս 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցանքներու բախտաւոր աշակերտներուն մրցանակաբաշխութիւնն ու «Արեւմտահայերէնի խտացեալ միամեայ դասընթացք»-ին հետեւած ուսանողներու վկայագիրներու բաշխման միացեալ հանդիսութիւնը:

Սարգիս Կիրակոսեան
Սարգիս Կիրակոսեան

Հանդիսութեան բացումը կատարեց կաթողիկոսարանի Կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչ տնօրէն Սարգիս Կիրակոսեան, որ նախ եւ առաջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ սոյն միացեալ ձեռնարկը իւրայատուկ խորհուրդ ունի այս տարի, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, Թուրքիոյ հայաջինջ ծրագիրը պարտութեան մատնած հայ ժողովուրդի խումբ մը արժանաւոր ներկայացուցիչներ` մայրեր եւ որդիներ, միասնաբար կը պայքարին արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի ներկային ու ապագային սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ:

Ապա, թիւերու լեզուով խօսելով` Ս. Կիրակոսեան ըսաւ, որ այս տարի ալ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գրեթէ մեր բոլոր կրթական օճախները` 19 միջնակարգ եւ 13 երկրորդական վարժարան, 132 աշակերտներով, որոնցմէ 20 մրցանակներու եւ 27 յիշատակութեան նուէրներու տիրացան 47 մասնակիցներ: Նշելէ ետք, որ յար եւ նման նախորդ տարիներուն` այս տարի ալ մրցակցութիւնը եղաւ սուր եւ արդիւնքները` երբեմն կոտորակներով հեռու իրարմէ, ընդգծեց, որ այս իրողութիւնը մասնակից աշակերտներուն լրջութեան եւ խոր գիտակցութեան մէկ պերճախօս ապացոյցն է:

Եզրակացնելով` Ս. Կիրակոսեան նշեց, որ «Խաչիկ Պապիկեանի յիշատակը յաւերժացնող մրցանքները կը գտնուին ո՛չ միայն իրենց ճիշդ ուղիին վրայ, այլեւ տարուէ-տարի աւելի մեծ գոհունակութիւն կ՛առթեն բոլորիս անխտիր»: Ապա, քանի մը տողերով ներկայացուց ակադեմական նախաձեռնութեան նկարագիր ստացած «Արեւմտահայերէնի խտացեալ միամեայ դասընթացք»-ը` իբրեւ իր տեսակին մէջ եզակի իրագործում:

Այնուհետեւ, Արամ Ա. կաթողիկոս պարգեւատրեց «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն արժանացած 47 բախտաւոր աշակերտները, որմէ ետք, «Արեւմտահայերէնի խտացեալ միամեայ դասընթացք»-ի մասնակիցներուն անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մարալ Պաղչէճեան-Ղարիպեան:  Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի գոյութեան ու զարգացման սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու իրենց վճռականութիւնը շեշտելէ ետք, ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց այս օգտաշատ ծրագիրին գաղափարը յղացած «Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ ո՛չ միայն մօտէն հետեւեցաւ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու ուսուցչակազմին ճիգերուն, այլեւ իր ցուցմունքներով եւ օրհնութեամբ եղաւ ջահակիրն ու առաջնորդը այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան»: Նոյնպէս, ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «կազմակերպիչներուն եւ ծրագիրի յաջողութեան ի խնդիր իրենց մասնագիտական գիտելիքները անմնացորդ նուիրումով պարգեւած ուսուցիչներուն»:

28 շրջանաւարտները վկայագիրներով պարգեւատրելէ ետք, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այս պահը վստահաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը եւ Լիբանանի հայութիւնը ընդհանրապէս հոգեկան ու ազգային ցնծութեամբ եւ հպարտութեամբ կը լիցքաւորէ: Այս առիթէն եկող պատգամը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու լրջութեամբ նկատի պէտք է ունենալ: Այսօր, մեր կեանքին մէջ յաճախակի կերպով կը լսենք ու կը հաստատենք, որ նահանջի մէջ է ո՛չ միայն հայ լեզուն, այլեւ` մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ կրթական արժէքները: Այս երեւոյթին դիմաց մենք կանգ պէտք չէ առնենք, պէտք չէ ափսոսանք, ցաւինք, քննադատենք ու անցնինք: Մենք բոլորս պատասխանատուութիւն մը ունինք այս կացութեան դիմաց, մենք կոչուած ենք այնպիսի գործնական քայլերու դիմելու, որոնց շնորհիւ պիտի կարենանք կասեցնել մեր լեզուին ու արժէքներուն նահանջը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս նախաձեռնութիւնները գործնական քայլեր են այս ուղղութեամբ»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով ծանրացաւ հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչներուն անփոխարինելի արժէքին ու դերակատարութեան վրայ` զանոնք մկրտելով մեսրոպաւանդ հոգեմտաւոր գանձերու անխաթար պահպանման ու զարգացման համար ոգի ու բռին պայքարող հայ լեզուի եւ մշակոյթի արթուն պահակներ եւ բառին ազնուագոյն առումով գաղափարապաշտ անկեղծ զինուորներ:

Եզրափակելով իր խոհերը` վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Պապիկեան ընտանիքի անդամները, կազմակերպիչներուն հաւաքական աշխատանքը, դատակազմի անդամներուն բծախնդրութիւնը, դպրոցներուն տնօրէնները, ուսուցիչները, ծնողներն ու ուսանողները:

Միացեալ ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգին  երգեցողութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Քուէարկողը Կը Վճարէ՞…

Յաջորդը

Փրոֆ. Արմինէ Գրիգորեան Հասաւ Պէյրութ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?