ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
Մինչ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական Ողիմպիական առաջին խաղերը իրենց աւարտին կը հասնին, սուր քննադատութիւնները կը շարունակուին նկատմամբ պետութեան մը, որ կը ճնշէ իր քաղաքացիները, կը խախտէ մարդկային տարրական իրաւունքներն ու կ՛անտեսէ մարդոց խօսքի ազատութեան իրաւունքը:
Մինչ այս պահը, Պաքուին կանխատեսումներն ու նավթատոլարները ձախողած են քաղաքակիրթ պատկեր մը տալ նորելուկ Ազրպէյճանին, որ ստեղծուեցաւ նախորդ դարու անբնական աշխարհաքաղաքական պայմաններուն տակ, ապա մուտք գործեց Խորհրդային Միութիւն եւ անկախութիւն հռչակեց, երբ խորհրդային կարգերը փուլ եկան 20-րդ դարու վերջաւորութեան:
Մրցումներու նախօրէին ծախսուած միլիառաւոր տոլարները` արդիական մարզադաշտեր եւ մարզահամալիրներ կառուցելը, օտարներուն շքեղ եւ ժամանակակից պանդոկներ տրամադրելը, ինչպէս նաեւ մսխումներով եւ շռայլութեամբ լեցուն խաղերու բացում կատարելն ու գրաւիչ լոզունգները նպատակ ունէին միջազգային հանրային կարծիքը խաբել, նոր տնտեսական շահարկումներ եւ գործարքներ ապահովել: Սակայն այս բոլորը չիրականացան, նախքան խաղերու կազմակերպումը եւ խաղերու ընթացքին ազրպէյճանական իշխանութիւններուն որդեգրած անընդունելի կեցուածքներուն պատճառով:
Խաղերու նախօրեակին, ազրպէյճանական իշխանութիւնները արգիլեցին Միջազգային ներում կազմակերպութեան պաշտօնեաներուն մուտքը Ազրպէյճան, որովհետեւ վերջիններս կը ծրագրէին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանը քննադատող մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպել: Նոյնն է պարագան «Հիումըն Ռայթս Ուաչ» կազմակերպութեան պատուիրակութեան անդամներուն, որոնց արգիլուեցաւ մուտք գործել Ազրպէյճան, ինչպէս նաեւ բրիտանացի հասարակական գործիչի մը, որուն երեսուն ժամ Պաքուի օդակայանին մէջ արգելափակումէն ետք, մուտքի անցագիր չշնորհուեցաւ: Աւելի՛ն, համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» կայանի, Ֆրանսայի Միջազգային ձայնասփիւռի կայանին եւ գերմանական կայանի մը լրագրողներուն արտօնութիւն չտրուեցաւ թղթակցութիւններ պատրաստել կամ նկարահանումներ կատարել: Այս բոլորին կողքին, իշխանութիւնները խաղերու նախօրեակին, փակել տուին Պաքուի մէջ գործող Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գրասենեակը, ինչ որ Եւրոպայի քաղաքական շրջանակին մօտ դժգոհութիւն յառաջացուց:
Նման արարքներ բնականաբար անընդունելի են միջազգային ընտանիքին համար եւ կը հակասեն միջազգային մարզական խաղեր կազմակերպելու ընկալեալ սովորոյթի օրէնքներուն: Այս կեցուածքները անգամ մը եւս կը հաստատեն ազրպէյճանական իշխանութիւններուն բռնապետական-միապետական դրուածքը: Թերեւս այս էր պատճառը, որ խաղերու բացման հանդիսութեան եւրոպական երկիրներու պաշտօնական ներկայութիւնը շատ համեստ էր: Նոյնիսկ Ազրպէյճանի գլխաւոր գործընկերներէն եւ տնտեսական դաշնակից Բրիտանիան բաւարարուած էր խորհրդարանի անդամի մը մակարդակով ներկայանալ բացման հանդիսութեան: Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայութեան, ապա զայն կարելի է դիտարկել ռուս-ազրպէյճանական ռազմավարական եւ զինուորական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ներկայութիւնը` փանթուրանական-եղբայրական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Հետեւաբար, ճիշդ է, որ այս խաղերը առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուին եւ ճիշդ է, որ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ կը կոչուին, սակայն եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բացակայութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ բացայայտ մերժում Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութիւններուն եւ հրաւէր` զանոնք վերամշակելու եւ վերանայելու:
Այսպէս, Լրագրողներ առանց սահմանի կազմակերպութեան համաձայն, լրագրական ազատութեան աղիւսակին մէջ Ազրպէյճանը 180 երկիրներու մէջ կը գրաւէ 162-րդ դիրքը, իսկ Միջազգային թափանցիկութիւն կազմակերպութեան համաձայն, Ազրպէյճանը պետական փտածութեան մակարդակի առումով 175 երկիրներու մէջ կը գրաւէ 126-րդ դիրքը: Ազրպէյճանը աշխարհի հինգերորդ ամէնէն շատ գրաքննութիւն իրականացնող երկիրն է: Լրագրողներ ձերբակալելու երեւոյթը համատարած դարձած է եւ անցնող տարի, մրցանշային ցուցանիշեր արձանագրող տարողութեամբ, իշխանութիւններուն քննադատող կամ հակաճարող լրագրողներ ձերբակալուած են, իսկ անոնք, որոնք չեն ձերբակալուած, կա՛մ աքսորուած են երկրէն, կա՛մ ալ փախուստի դիմած:
Այստեղ կ՛արժէ անդրադառնալ նաեւ ազրպէյճանական եւ իսրայէլեան յարաբերութիւններուն եւ վերյիշեցնել, թէ երկու երկիրները զանազան մարզերու մէջ ունին բաւական ջերմ յարաբերութիւններ: Անոնք նոյնանման շահեր կը հետապնդեն շրջանային շարք մը խնդիրներու մէջ, օրինակ` Իրանի հարցով, ինչպէս նաեւ փոխադարձ ներդրումային ծրագիրներ ունին տնտեսական, արհեստագիտական, զինուորական, ապահովական եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ: Ազրպէյճանը Իսրայէլին նկատառելի քանակով քարիւղ եւ ուժանիւթ կը մատակարարէ, մինչ ջանք չի խնայեր Իսլամական համագումարի կազմակերպութեան մէջ իր պարտաւորութիւնները հաւասարակշռելու, յատկապէս պաղեստինեան խնդիրին հետ կապուած: Այսինքն` Պաքուն երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն կը վարէ:
Եւ վերջապէս, ճիշդ է, որ քարիւղով հարուստ եւ «խաւիարի» քաղաքականութիւն գործադրող Ազրպէյճանը այս օրերուն Եւրոպական Ողիմպիական առաջին խաղերը կը հիւրընկալէ եւ ճիշդ է, որ աւելի քան 6000 մարզիկ եկած են Պաքու 20 տարբեր տեսակի մարզախաղերու մէջ մրցելու, սակայն ան չէ կրցած սուր քննադատութիւններէն փրկուիլ: Մեր մաղթանքն է, որ այս քննադատութիւնները իրենց դրական հետեւանքն ու ազդեցութիւնը ունենան Ազրպէյճանի ներքին կեանքին վրայ` փտածութեան դէմ պայքարելու, ժողովրդավարութեան հաստատման, մարդկային իրաւունքներն ու խօսքի ազատութիւնը յարգելու եւ երաշխաւորելու առումով:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ