Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Բազմամարդ Երթը` Դէպի Նախագահական Նստավայր

June 23, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Երէկ երեկոյեան ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) աւարտեցաւ ելեկտրականութեան թանկացման դէմ պայքարի դուրս ելած «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան յայտարարած վերջին ժամկէտը, եւ ցուցարարները, հակառակ ոստիկանութեան նախազգուշացումներուն, քալեցին դէպի Բաղրամեան պողոտայ` նախագահական նստավայր, «Ազատ, անկախ Հայաստան» կոչով:

Երթին սկիզբէն վայրկեաններ առաջ ոստիկանները հաղորդեցին, որ հաւաքը անօրինական է, եւ պահանջեցին զերծ մնալ անօրինականութենէն: Ցուցարարները ոստիկաններուն պատասխանեցին սուլոցներով:

Ոստիկանները փակեցին փողոցը, եւ ցուցարարները, հանդիպելով անոնց շղթային, որոշեցին նստիլ այդ փողոցին մէջտեղը:

Ոստիկանութիւնը աւելի ուշ յայտարարութիւն տարածեց ելեկտրականութեան թանկացման դէմ պայքարող «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան երթին վերաբերեալ, որուն մէջ, մասնաւորապէս, կ՛ըսուի. «Անօրինական հաւաքի կազմակերպիչները կ՛իրականացնեն անօրինական երթ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայր: Հակառակ ոստիկանութեան բազմաթիւ զգուշացումներուն, կազմակերպիչները ոստիկանութեան օրինական պահանջներուն չեն ենթարկուիր»:

Նշելով, որ պարտաւոր է «բերման ենթարկել յանցանք  կամ վարոյթ  պահանջող  այլ  իրաւախախտում  կատարած անձերը», ոստիկանութիւնը կը զգուշացնէ, որ երթի մասնակիցներուն կողմէ ոստիկաններու օրինական պահանջներուն չենթարկուելու կամ դիմադրութիւն ցոյց տալու պարագային երթը այլեւս չի նկատուիր խաղաղ եւ օրէնքով սահմանուած կարգով պիտի դադրեցուի:

Ոստիկանութիւնը զգուշացուց, որ իր լիազօրութիւններուն իրականացման ընթացքին իրաւասու է իրաւախախտներուն նկատմամբ կիրարկելու ֆիզիքական ուժ եւ յատուկ միջոցներ:

Ցուցարարները ուրբաթ օր յայտարարած էին, որ կը պահանջեն չեղեալ նկատել Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի 17 յունիսի որոշումը: Նշենք, որ 17 յունիսին քանի մը ժամ տեւած քննարկումէն յետոյ նշեալ յանձնախումբը միաձայն կողմ քուէարկեց 6.93 դրամով ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման:

Երէկ աւելի կանուխ, Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած էր ընդունելու ցուցարարներու 3-4 հոգինոց խումբը, եթէ հանրահաւաքի միւս մասնակիցները հրաժարին երթով նախագահի նստավայր քալելու միտքէն:

Ցուցարարները յայտարարեցին, որ այլեւս չեն պահանջեր Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպիլ: Անոնք կը պահանջեն կնքուած թուղթ մը, որ հոսանքի թանկացման որոշումը չեղեալ կը յայտարարէ: Անոնք յայտարարեցին, որ չեն հեռանար, մինչեւ այդ թուղթը չտեսնեն: Միեւնոյն ժամանակ ցուցարարները խաղաղ են, յարձակողական քայլեր չեն ըներ եւ բախումներ չեն սադրեր:

Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ տարբեր  քաղաքներէ Երեւան կու գան բողոքի ցոյցի մասնակիցներ:

Արդէն Երեւան հասած են Գիւմրիէն եւ Սեւանի գիւղերէն: Միեւնոյն ժամանակ, անոնք կ՛ահազանգեն, որ փակ են մայրաքաղաք բերող ճամբաները:

Նախաձեռնութեան գործիչները տարբերակներ առաջարկեցին մասնակիցներուն` մնալ Բաղրամեան պողոտայի մէջ, տեղէն չշարժիլ, առաւօտեան շարունակել պայքարը: Եւ երկրորդ տարբերակը` երթալ Ազատութեան հրապարակ:

Մարդիկ սկսան դժգոհիլ երկրորդ տարբերակէն, որուն ի պատասխան գործիչները յայտարարեցին. «Մենք չենք վախնար: Ով որ կը մտածէ` մեզի համար Բաղրամեան պողոտայի մէջ մէկ գիշեր մնալը դժուար է կամ կը վախնաք, կը սխալի»:

Փոխոստիկանապետ Օսիպեան փորձեց համոզել` «Ձեր այստեղ մնալու իմաստը ո՞րն է, 5 ժամ է` այստեղ էք, հինգ մեթր առջեւ գացի՞ք, մէկ բան առջեւ տարի՞ք»:

«Պիտի մնանք, պիտի մնանք» բացագանչեցին հաւաքուածները` հակառակ գործիչներու հարցադրումներուն` մնանք, ի՞նչ ընենք:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Տեսակցեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Քննադատած Է Գերտէրութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.