Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Չենք Պատրաստուիր Եղբայրանալու Պաքուի Եւ Անգարայի Հետ Մեր Շահերուն Հաշուոյն»

June 23, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-22-15_sharԱզգային ժողովի երէկուան արտակարգ նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահին ներկայացուցած` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրասիական բարգաւաճման դրամատան միջեւ ստորագրուած` Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի  կառուցման ֆինանսաւորման համար Եւրասիական դրամատան կողմէ վարկի տրամադրման մասին համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցը, որուն վերաբերեալ արտակարգ խօսք առաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով: Ան նշեց, որ ծրագիրը ռազմավարական եւ կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար: Այդպիսի նշանակութիւն ունի նաեւ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցումը: Շարմազանով համաձայն չգտնուեցաւ Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեանի հետ, թէ Հայաստան կը գտնուի մեկուսացման մէջ, իսկ Մետաքսի ճամբուն մասին նշեց, որ այդ ծրագիրին երկու երկիրները` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա Հայաստանի հակառակորդներն են:

«Խնդիրը մեր մէջ չէ, ամէն ինչ կարելի չէ բարդել իշխանութիւններուն վրայ: Այդքան լաւ ընող էիք, 90-ականներուն իրականացնէիք այդ ծրագիրը, թոյլ չտայիք, որ Թուրքիա շրջափակէ Հայաստանը, եթէ այդպէս ազդեցիկ էիք: Այո՛, ունինք փոխադրամիջոցային խնդիրներ, բայց ատոր մեղաւորը Հայաստանը չէ, այլ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որոնք կ՛ընեն ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստան դուրս մնայ շրջանային ծրագիրներէն», ըսաւ ան:

Ըստ Շարմազանովի, այդ շրջափակումէն դուրս գալու համար նախագահ Սերժ Սարգսեան փորձեց քայլ ընել` ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ, առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, բայց Թուրքիա մերժեց արձանագրութիւնները` առ այսօր շարունակելով մերժողական քաղաքականութիւնը:

«Լաւ կ՛ըլլար, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան մասնակցէին շրջանային ծրագիրներու, բայց ատոր դիմաց Հայաստան շատ բարձր գին պէտք է վճարէ, որովհետեւ ստիպուած միակողմանի զիջումներ պիտի ընէ` յանուն շրջանային ծրագիրներու», ըսաւ Շարմազանով եւ աւելցուց.

«Հայաստան չի պատրաստուիր եղբայրանալու Պաքուի եւ Անգարայի հետ իր ազգային շահերուն հաշուոյն: Հայաստան պէտք է շրջանային նշանակութեան փոխադրամիջոցային նախագիծեր  կեանքի կոչէ, մանաւանդ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ շրջափակման պայմաններուն մէջ: Եկէք իրերը կոչենք իրենց անուններով: Շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային անկայունութեան պատճառները Ազրպէյճանն ու Թուրքիան են, բայց մենք չենք պատրաստուիր մեր ազգային շահերուն հաշուոյն եղբայրանալու անոնց հետ: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք կը հրաժարինք անոնց հետ յարաբերութիւններու որեւէ կարելիութենէ: Թուրքիոյ հետ մենք պատրաստ ենք յարաբերութիւններ հաստատելու առանց նախապայմաններու, իսկ Ազրպէյճանի հետ լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը ԵԱՀԿ-ի սկզբունքներուն հիման վրայ: Այստեղ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը այլընտրանք չունի»:

 

 

Նախորդը

Սահմանադրական Բարեփոխումներու Բովանդակութիւնը Պատրաստ Կ՛ըլլայ Օգոստոսին

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Տեսակցեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.