Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրականութեան Սակերու Բարձրացումին Դէմ Պայքարը Կը Շարունակուի. Ոստիկանութիւնը Բռնի Ուժ Գործադրեց «Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Բողոքի Ցոյցին Մասնակիցներուն Եւ Լրագրողներուն Նկատմամբ

Յունիս 24, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-23-15_tsouits-1«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ երէկ առաւօտեան ժամը 5:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) ոստիկանութիւնը ֆիզիքական ուժի եւ յատուկ միջոցներ (ջրցան մեքենաներ) գործադրելով ցրուեց ելեկտրականութեան թանկացման դէմ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան կազմակերպած խաղաղ բողոքի ցոյցը Բաղրամեան պողոտային մէջ:

Նախքան գործողութիւնը սկսիլը ոստիկանները մօտեցան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին` ուղիղ սփռում իրականացնող կազմին եւ պահանջելով ազատել միջանցքը` քաշքշեցին եւ տեղահան ըրին ու վնասեցին ուղիղ սփռող համակարգը: «Ազատութիւն»-ը կը տեղեկացնէ, որ այնուհետեւ յարձակում սկսաւ լրագրողներուն վրայ` այս գործին մէջ աչքի ինկած էին քաղաքացիական հագուստներով մարդիկ: Անոնք թիրախաւորուած կը յարձակէին լրագրողներուն վրայ, կը ջարդէին տեսանկարահանող գործիքները, կ՛առգրաւէին տեսանկարահանող սարքերու չիփերը:

Ոստիկանութեան նախնական տեղեկութիւններով` Բաղրամեան պողոտայի մէջ նստացոյցը ցրուելու ընթացքին ոստիկանութեան բաժիններ տարուած են 237 անձեր:

Ոստիկանութենէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ բաժին տարուած անձերէն 7-ը դիմած է բժշկական օգնութեան, անոնցմէ 3-ը հիւանդանոց տեղափոխուած է:

Գործողութեան ընթացքին տուժած եւ վնասուած են 11 ոստիկաններ:

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Երեկոյեան 237 բերման ենթարկուածներուն մեծ մասը ազատ արձակուեցաւ: Մնացեալ մասնակիցները անոնց վերադարձի սպասեցին Ազատութեան հրապարակին վրայ: Անոնք նշեցին,  որ պահանջը  չեն փոխած` չեղեալ յայտարարել հոսանքի թանկացման որոշումը, բացի անկէ, կը պահանջեն ապօրինի գործած, բռնութիւններ գործադրած ոստիկաններուն պատասխանատուութեան ենթարկել:

«Երկիր»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ Ազատութեան հրապարակին վրայ անյայտ անձ մը հարուածած է Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանին, որուն գլխարկը ինկած է: Սկսած է քաշքշոց, սակայն ներկաները արագ բաժնած են կռուի մասնակիցները:

Մասնակիցները յայտարարած են, որ այս ամէնը ոստիկանական կեղտոտ սադրանքներ են, որոնց իրենք պիտի չյանձնուին:

Բողոքողները յայտարարեցին, որ մինչեւ երեկոյեան ժամը 20:00-ն պիտի սպասեն, եւ եթէ իրենց բոլոր ընկերները ազատ չարձակուին, իրենք անհնազանդութեան նոր բողոք պիտի կազմակերպեն:

Աւելի ուշ, քննչական մարմիններուն ներկայացած բոլոր անձերը հարցաքննուելէ ետք ազատ արձակուած են: Ոստիկանութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ բերման ենթարկուածներէն 31-ը չեն հարցաքննուած, այլ անոնց տրուած են ծանուցագիրներ` այլ օր հարցաքննութեան ներկայանալու համար: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան հերթական նստացոյցը` մեծ թիւով ցուցարարներու ներկայութեան: Նախաձեռնողները որոշեցին դարձեալ ուղղուիլ Բաղրամեան պողոտայ` նախագահական նստավայր, ունենալով մէկ եւ միակ պահանջ` կասեցնել ելեկտրականութեան սակերու թանկացման որոշումը: Ցուցարարները քուէարկած են 9 հոգինոց պատուիրակութիւն մը ընտրելու համար, որոնք պիտի երթային նախագահական նստավայր` հանդիպում ունենալու նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Աւելի կանուխ անոնք նախապայման դրած էին, որ հանդիպումը հեռարձակուի ուղիղ եթերով: Սակայն պարզ չէ, թէ նախապայմանը ընդունուա՞ծ է, թէ ոչ:

Ցուցարարները մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամեր շարունակեցին նստացոյցը նախագահական նստավայրին մօտ: Ըստ «Երկիր»-ին, պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեան եւ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ուղղած էին յայտնի դէմքերու եւ պատգամաւորներու` երթալու Բաղրամեան պողոտայ, եւ պատ կազմելու ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ` արիւնահեղութիւնը կանխելու համար: Կոչին արձագանգեցին պատգամաւորներ Աղուան Վարդանեան, Նիկոլ Փաչինեան, Ալեքսանտր Արզումանեան եւ Թեւան Պօղոսեան:

Ոստիկանութեան Յայտարարութիւնը

Ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն մը տարածեց, որուն մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի, որ Ազատութեան հրապարակին վրայ կը շարունակուի անօրինական հաւաքը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը կը դիտէ իբրեւ 23 յունիսի լուսցող գիշերը Բաղրամեան պողոտային վրայ դադրեցուած հաւաքը վերսկսելու փորձ: Հաւաքի կազմակերպիչները փորձած են երթ իրականացնել: Ոստիկանութիւնը կը նախազգուշացնէ, որ հասարակական կարգի խախտման որեւէ փորձի պարագային ոստիկանութեան արձագանգը պիտի ըլլայ օրէնքի սահմաններուն մէջ` իրավիճակին համարժէք: Ոստիկանութիւնը հաւաքի մասնակիցներէն կը խնդրէ` զերծ մնալ օրինականութեան որեւէ խախտումէ, որոնց շարքին` ոստիկանութեան օրինական պահանջները չկատարելէն եւ անհնազանդութեան դրսեւորումներէն:

Ոստիկանութիւնը հաւաքի կազմակերպիչներուն կրկին կը յիշեցնէ, որ անոնք անձնական պատասխանատուութիւն կը կրեն հաւաքի մասնակիցներու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար: Կազմակերպիչներուն կը յորդորեն` քաղաքացիներուն չտանիլ ոստիկանութեան հետ բախումներու, զգացմունքային բնոյթի շահարկումներով արհեստականօրէն չապակայունացնել իրավիճակը:

«Յիշենք, որ բոլորս նոյն երկրի քաղաքացիներն ենք եւ պատասխանատու ենք ոչ միայն իրարու, այլեւ երկրի անվտանգութեան եւ ապագային համար»:

Գիւմրիի Մէջ Բերման Ենթարկուածներէն Մէկը
Նկատուած Է Իբրեւ Կասկածեալ

Գիւմրեցի տասնեակ գործիչներ հաւաքուած էին Կումայրի ոստիկանութեան բաժինին մօտ, ուր առաւօտեան կանուխ ժամերուն բերման ենթարկած էին ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման դէմ նստացոյցի մասնակիցներէն 13-ը:

Բերման ենթարկուածները վկայի կարգավիճակով հարցաքննուած են անկարգութեան յօդուածով յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ, իսկ գործիչներէն մին` Կարէն Պետրոսեանը այդ գործի ծիրին մէջ նկատուած է իբրեւ կասկածեալ:

Պիպին Ըսելիք Չունի

«Սակը միայն մեզմով չ՛որոշուիր: Մենք ներկայացուցած ենք մեր բոլոր փաստերը եւ տեսակէտները, մեր կայքին մէջ ալ կայ այդ ամէնը` մանրամասն շարադրուած: Ատկէ աւելի ոչինչ կրնանք ըսել: Դուք հարցը կը մեծցնէք», ըսաւ Հայաստանի ելեկտրականութեան ցանցեր ընկերութեան  մամլոյ բանբեր Նաթալիա Սարջանեան, պատասխանելով «Երկիր»-ի հարցումին, թէ  ընկերութիւնը կրնա՞յ զիջումներ ընել` տեսնելով հանրութեան մեծ դիմադրութիւնը` կապուած ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման:

Պատասխանելու համար հարցումին, թէ Հայաստանի ելեկտրականութեան ցանցեր ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Եւկենի Պիպին լուսաբացին կատարուածին վերաբերեալ որեւէ բան ունի՞ ըսելիք, Սարջանեան ժամանակ խնդրեց: Իսկ ժամեր ետք ըսաւ, որ այսուհանդերձ ոչ մէկ ըսելիք ունին, մեկնաբանութիւն չեն կրնար տալ:

Ամերիկեան Դեսպանատուն. «Մենք Մտահոգ Ենք
Ցուցարարները Ցրուելու Ատեն Անհամաչափ
Ուժի Կիրարկումով»

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու  դեսպանատունը յայտարարեց, որ մտահոգ է երէկ առաւօտեան ցուցարարները ցրուելու ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի կիրարկումով, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան բաժանմունքներուն մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններու մասին հաղորդումներով:

«Բացի ատկէ, մեզ կ՛անհանգստացնեն հաղորդումները այն մասին, որ գործողութեան իրականացման ընթացքին յատուկ թիրախ հանդիսացած են լրագրողներն ու անոնց սարքերը: Հրամայական է, որ կառավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան ծիրին մէջ  ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի կիրարկման մասին հաղորդումներու ամբողջական եւ թափանցիկ քննութիւն կայացնէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան Կը Դատապարտէ. «Ժամ Առաջ Ազատ Արձակել Բերման Ենթարկուածները»

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական  Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Մարտ 25, 2023
«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In