Հայաստանն Ու Չինաստանը Ռազմավարական Գործընկերութիւն Հաստատեցին
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատուեցաւ: Երէկ Չինաստանի Թիենծին քաղաքի մէջ այս մասին յայտարարեցին Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի ուշ հրապարակեց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատելու մասին միացեալ յայտարարութեան բնագիրը, ուր հայկական կողմը կը վերահաստատէ «Մէկ Չինաստան»-ի սկզբունքին իր աջակցութիւնը` ճանչնալով, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի միայն մէկ Չինաստան,...




















