Մենք արդէն կը տեսնենք 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու դրական արդիւնքները: Այս մասին Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարկուս Ցախնայի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Այս նախաձեռնութեան իրականացումը տնտեսական օգուտ պիտի բերէ շրջանի բոլոր երկիրներուն, իսկ Հայաստանը կրնայ դառնալ տարանցիկ երկիր», նշած է Պայրամով:
Ան ըսած է, որ դրական զարգացումներու շարքին ուշագրաւ է Ազրպէյճան բեռներու, մասնաւորաբար Ղազախստանէն հացահատիկի փոխադրումները իր տարածքով դէպի Հայաստան տարանցումը արտօնելը:
«Մենք գիտենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման վերաբերեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին», նշեց ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:
«Պաքու կ՛ակնկալէ, որ ԹՐԻՓՓ նախագիծը օր առաջ կեանքի պիտի կոչուի», ըսաւ ան:
Ըստ անոր, հաշուի առնելով Ազրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ կապի, ինչպէս նաեւ Միջին միջանցքի մէկ մասի «բացման առաւելութիւնները, այն մարդիկ, որոնք Հայաստանի մէջ կը զբաղին այս նախագիծերով, ատոնք առաջնահերթութիւն պիտի նկատեն»:
«Երէկ նախագահ Ալիեւ յայտարարեց Հայաստան բեռներու տարանցման արգելքը վերացնելու մասին: Հայաստան արդէն որոշակի օգուտներ պիտի տեսնէ եւ պիտի զգայ: Եւ ասոնք միայն սկզբնական օգուտներ են», ըսաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կարեւոր քայլ որակեց Ազրպէյճանի` իր տարածքով դէպի Հայաստան բեռներու տարանցման սահմանափակումներու վերացումը:
Ան նաեւ յայտարարեց, թէ Հայաստան պատրաստ է այսօրուընէ իսկ ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով բեռնատարներու Թուրքիայէն Ազրպէյճան եւ Ազրպէյճանէն դէպի Թուրքիա տարանցումը: