Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

October 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանը ձերբակալելու համար իրաւապահներէն շուրջ վեց ժամ պահանջուեցաւ: Ի վերջոյ Ղուկասեանին ոչ թէ քաղաքապետարանի գլխաւոր մուտքէն հանեցին, ուր մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր կենտրոնացած էին, այլ յետնամուտքէն եւ տեղափոխեցին Երեւան` Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէ: Կոմիտէէն փոխանցեցին, որ «Գիւմրի համայնքի ղեկավարին նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրարկելու միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան»:

Համաձայն կոմիտէի հաղորդագրութեան, Վարդան Ղուկասեան եւ եւս 7 հոգի, որոնց շարքին Գիւմրիի գլխաւոր ճարտարապետ Հենրիկ Գասպարեան, ձերբակալուած են 4 միլիոն դրամ կաշառք ստանալու համար: Առաւօտեան` քաղաքապետարան ուժայիններու մուտք գործելէն կարճ ժամանակ ետք, կոմիտէն հրապարակելով շարք մը գաղտնալսումներ, յայտնեց.

«Գիւմրի համայնքի ղեկավարը եւ գլխաւոր ճարտարապետը, տեղեկանալով այն մասին, որ քաղաքացիի մը կողմէ Գիւմրի համայնքի Գարեգին Նժդեհ փողոցի 1/9 հասցէին մէջ կառուցուած է շուրջ 1500 քառ. մեթր մակերեսով ինքնակամ շինութիւն, որ ենթակայ եղած է քանդման, եկած են նախնական համաձայնութեան` քաղաքացիին հետ մտնելու «փտածութեան» գործարքի մէջ` խոստանալով կառուցուած ինքնակամ շինութեան քանդման ուղղութեամբ միջոցներ չձեռնարկել, աւելին` կազմել շինութիւնը իբրեւ քանդուած եւ նոր կառուցուած ըլլալու վերաբերեալ պաշտօնական կեղծ փաստաթուղթեր, օրինականացնել զայն` ատոր դիմաց պահանջելով խոշոր չափերով` չորս միլիոն դրամ գումարի կաշառք»:

Մինչ իրաւապահները քննչական գործողութիւններ կը կատարէին քաղաքապետարանի շէնքին մէջ ու կը փորձէին ձերբակալել Վարդան Ղուկասեանը, դուրսը հաւաքուած էին անոր աջակիցները, զուգահեռ կ՛աւելնար ոստիկաններուն թիւը: Գիւմրիի քաղաքապետը նախքան ձերբակալուիլը կարճ խօսած էր տեղի ունեցածին շուրջ. «Բնական պիտի ըլլայ, կ՛երթանք, թող նային ինչպէս որ պէտք է, ինչ կ՛ուզէ թող ըլլայ: Անկէ ետք ամէն ինչ կ՛երեւի, ամէն ինչ ընենք»:

Երէկ մեծ թիւով ոստիկաններ տեղափոխուած էին Գիւմրի: Ուժայիններու մուտքը Վարդանանց հրապարակ հաւաքուածները դիմաւորեցին «ամօ՛թ» վանկարկումներով: Հրմշտոց ու բախում եղաւ, ներքին գործոց նախարարութեան փոխանցումով` 23 հոգի բերման ենթարկուեցաւ:

Կէս տարիէ ի վեր պաշտօնավարող Գիւմրիի քաղաքապետը ձերբակալուեցաւ վարչապետի յայտարարութենէն ուղիղ 20 օր ետք: Արձագանգելով Հայաստանը Ռուսիոյ հետ նոյն դաշինքին մէջ տեսնելու մասին Ղուկասեանի յայտարարութեան` Փաշինեանը այդ յայտարարութիւնը որակած էր Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւն եւ ըսած, որ նման յայտարարութիւններուն հեղինակները պէտք է դուրս շպրտուին հանրային եւ քաղաքական դաշտէն:

 

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.