Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

October 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաստաբանները դիմում ներկայացուցած են Անձերու կամայական կալանաւորման հարցերով ՄԱԿ-ի աշխատանքային խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի անյապաղ ազատ արձակման պահանջով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրի Արմինիըն Հոսթէյճըզ» դիմատետրեան էջը:

Ազրպէյճանի մէջ կամայականօրէն կալանաւորուած 46-ամեայ հայ զբօսավար Վիգէն Իւլճեքեանի իրաւական ներկայացուցիչները պաշտօնապէս դիմած են ՄԱԿ-ի Անձերու կամայական կալանաւորման հարցերով աշխատանքային խումբին` անոր անյապաղ ազատ արձակման պահանջով, մատնանշելով միջազգային օրէնքի լուրջ խախտումներն ու Իւլճեքեանի կեանքը վտանգող կալանքի ծանր պայմանները:

Մարիա Լուսիանա Մինասեանի (Արժանթին) եւ Այթոր Մարթինես Խիմենեսի (Սպանիա) կողմէ ներկայացուած միջնորդագիրին մէջ ներկայացուած է երկու հիմնական փաստարկ`

1.- Իրաւասութեան խախտում. Ազրպէյճանը Իւլճեքեանին վերաբերած է իբրեւ քաղաքային անձ, սակայն զինք դատած եւ դատապարտած է զինուորական դատարանը` հակառակ ՄԱԿ-ի աշխատանքային խումբի հաստատուած նախադէպին, թէ զինուորական դատարանները իրաւասութիւն չունին քաղաքային անձերու նկատմամբ:

2.- «Վարձկանութեան» մեղադրանքի սխալ կիրարկում. համաձայն Ժընեւի հռչակագիրին, քաղաքացիութեամբ հայաստանցի Իւլճեքեան չի կրնար իրաւաբանօրէն դասակարգուիլ իբրեւ վարձկան:

Բացի ատկէ, անոր փաստաբանները խնդրած են աշխատանքային խումբի անդամ Կաննա Եուտքիվսքայի ինքնաբացարկը` Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան` ՍՈՔԱՐ-ի հետ անոր մասնագիտական կապի եւ Ազրպէյճանի հետ անձնական կապերու պատճառով յառաջացող շահերու հաւանական բախման պատճառով:

Միջնորդագիրին մէջ յղում կը կատարուի Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի փորձագիտական կարծիքին եւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող «Ճշմարտութեան եւ արդարադատութեան կեդրոն»-ին (կեդրոնը կը պաշտպանէ Արցախի տագնապէն վնասուած հայերու իրաւունքները) կողմէ ներկայացուած պաշտօնական բողոքին:

Նախորդը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.