Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Փութինի Հետ Անօգուտ Հանդիպում Ունենալ Չեմ Ուզեր»

Հոկտեմբեր 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Հնդկաստանի վարչապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկեցի առեւտրական թղթածրարը»:

«Հնդկաստանը մեծ քանակութեամբ ռուսական քարիւղ պիտի չգնէ եւ ան Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալով հետաքրքրուած է», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց. «Համասը վատ կազմակերպութիւն է, եւ կարելի է անոր շատ արագ վերջ տալ, եթէ (Կազայի) համաձայնութիւնը չյարգէ»:

«Ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն ունինք եւ անհամբեր կը սպասենք յաւելեալ յաջողութեան», աւելցուց Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ նշեց. «Չեմ ուզեր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ անօգուտ հանդիպում ունենալ»:

«Տակաւին չեմ որոշած, թէ Փութինի հետ հանդիպում պիտի ունենա՞մ, թէ՞ ոչ», յայտնեց Թրամփ:

Նշենք, որ շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ Հունգարիոյ մէջ նախատեսուած Թրամփ-Փութին հանդիպումը ջնջուած է:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը մէկ օր առաջ յայտարարեց, թէ «մօտիկ ապագային» Թրամփի եւ Փութինի միջեւ վեհաժողովի գումարման ծրագիրներ գոյութիւն չունին, ինչպէս նաեւ Ռուպիոյի եւ Լաւրովի միջեւ դէմ առ դէմ հանդիպումի ծրագիրներ գոյութիւն չունին:

Սակայն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան յայտարարած է. «Պուտափեշտի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Թրամփ-Փութին վեհաժողովի հարցով «սառած վիճակը բարձրագոյն մակարդակի վրայ միջամտութիւն կը պահանջէ, եւ պէտք է այս հանդիպումին պատրաստուիլ»:

«Փութինի եւ Թրամփի հանդիպումի պատրաստութիւններուն շուրջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ տարաձայնութիւններ ու ենթադրութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը իրականութեան չեն համապատասխաներ», յայտնեց Փեսքով:

«Մոսկուա չ՛ուզեր ժամանակ վատնել, եւ Թրամփի հետ վեհաժողովի պատրաստութիւնները կը շարունակուին», յայտարարեց Փեսքով:

Նախորդը

Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

«Ժամանակն Է, Որ Իշխանութիւնն Ու Անոր Միջազգային Գործընկերները Տագնապի Կառավարումէն Դէպի Գործնական Լուծում Անցնին» Կ՛ըսէ Ազգային Ազատ Հոսանքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 23, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?