Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտնեց. «Սուրիան իր դրացիներուն հետ, ներառեալ Իսրայէլը եւ Թուրքիիան, յարաբերութիւնները բնականոնացնելուն ճամբով իր կայունութիւնը վերագտնելով դարձաւ Իսրայէլի հիւսիսային անվտանգութեան առաջին հիմնաքարը, իսկ երկրորդ հիմնաքարը պէտք է ըլլայ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափումը եւ Իսրայէլի հետ ապահովական ու սահմանային բանակցութիւններու սկսիլը»:

«2024 թուականի թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութիւնը, որուն հովանաւորը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընն էր, եւ որ գոյացաւ ամերիկեան ու ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ, մագլցումը դադրեցնելու կը ձգտէր, սակայն վերջաւորութեան ձախողեցաւ:

«Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ուղղակի համաձայնութիւն չգոյացաւ, որովհետեւ Լիբանան տակաւին Իսրայէլի հետ կապ հաստատելը ոճիր կը նկատէ, ուստի գործադրութեան իսկական մեքանիզմ չկայ, եւ լիբանանեան պառակտուած նախարարաց խորհուրդը հակասական պատգամներ կ՛ուղղէ լիբանանեան բանակին, որ գործելու համար ֆինանսաւորման ու բարեկարգումներու կը կարօտի: Արդիւնքը` փխրուն հանդարտութիւն առանց խաղաղութեան բանակ առանց իշխանութեան, եւ կառավարութիւն առանց վերահսկողութեան»:

«Իսրայէլ կը շարունակէ Կապոյտ գիծի երկայնքին մարտավարական հինգ կէտեր բռնագրաւել, այսպիսով պահպանելով իր կանուխ ահազանգման կարողութիւնը, մինչ կը շարունակէ Հըզպալլայի պահեստանոցներուն դէմ իր առօրեայ հարուածները:

«Ատոր դիմաց, լիբանանեան կառավարութեան «մէկ պետութիւն եւ մէկ բանակ» սկզբունքը կը մնայ աւելի ձգտում մը, քան իրողութիւն` քաղաքականութեան վրայ Հըզպալլայի ունեցած վերահսկողութեան եւ ներքին խառնակութիւններու բռնկման նկատմամբ մտավախութեան պատճառով», ըսաւ ան:

«Եթէ Պէյրութ ձախողի քայլերու դիմել, ապա Հըզպալլայի զինուորական յաջողութիւնը հաստատօրէն Իսրայէլի հետ մեծ բախումի պիտի առաջնորդէ Իսրայէլի ուժի պահուն եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի տկարութեան պահուն: Օրինակի համար, անոր քաղաքական թեւը անկասկածօրէն մայիս 2026-ի ընտրութիւններուն մօտենալով մեկուսացման կարելիութիւնը պիտի դիմագրաւէ», յայտնեց ամերիկացի պատուիրակը:

«Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի կողմէ զինուորական լուրջ յարձակումի ենթարկուի եւ շրջանային, քաղաքական, կամ վարկի կորուստներ կրէ, ապա մեծ հաւանականութեամբ պիտի ջանայ մայիս 2026-ի ընտրութիւնները յետաձգել` պահպանելու համար իր իշխանութեան հիմքը եւ վերակազմակերպելու համար շարքերը: Այդպիսի պահուն ընտրութիւնները անոր տկար կացութիւնը պիտի բացայայտեն, եւ անոր դաշնակիցները մատնեն ընտրական պարտութիւններու, ինչպէս նաեւ անոր մրցակից խմբաւորումները մղեն Լիբանանի փխրուն համայնքային դրութեան մէջ անոր տիրապետութեան մարտահրաւէր կարդալու:

«Ազգային անվտանգութեան եւ «պատերազմի ժամանակ անկայունութեան»-ի դիմելով Հըզպալլան կրնայ յետաձգումը արդարացնել շիի հասարակութեան միասնութիւնը պահպանելու եւ այդ հասարակութիւնը արտաքին ենթադրեալ շահագործումէն պաշտպանելու իբրեւ միջոց: Իրողութեան մէջ յետաձգումը անոր ժամանակ կու տայ զինուորապէս վերականգնուելու, քաղաքականապէս վերակազմակերպուելու եւ քուէարկողներուն դիմելէ առաջ պատերազմէն ետք ուժերու հաւասարակշռութեան շուրջ վերստին բանակցելու» նշեց ան:

Պարաք նաեւ շեշտեց. «Պատերազմի պատրուակով 2026 թուականի ընտրութիւններու յետաձգումը Լիբանանի մէջ մեծ քաոս պիտի յառաջացնէ եւ ականահարէ արդէն իսկ փխրուն եղող քաղաքական համակարգը, ինչպէս նաեւ վերստին հրահրէ համայնքային անվստահութիւնը»:

«Կազայի վեհաժողովը խորհրդանշական թատրոն մը չէր, այլ ուժանիւթի զիրար ամբողջացման, տնտեսական փոխադարձ կապերու եւ հասարակաց մարդկային ձգտումներու վրայ հիմնուած նոր համանուագի մը բացումը:

«Պատանդներու ազատ արձակումը, թշնամական արարքներու դադրեցումն ու Շարմ Շէյխի մէջ ստորագրուած յանձնառութիւնները դրին այն հիմքը, որուն պէտք է հետեւիլ, բարեփոխել եւ Կազայի մէջ կառավարել, որովհետեւ ասիկա անկասկած հոլովոյթ է եւ ոչ թէ իրադարձութիւն: Սակայն այժմ պէտք է երկխօսութեան այս կշռոյթը տարածել դէպի հիւսիս, դէպի Սուրիա, եւ ի վերջոյ դէպի Լիբանան: Ամբողջ շրջանին համար Աբրահամեան համաձայնութիւնները իսկական կողմնացոյցն են», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:

«Կենդանի յիշողութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, քաղաքական կամքը, տնտեսական անհրաժեշտութիւնն ու ժողովրդային յոյսը զիրար կը խաչաձեւեն, եւ յառաջընթացի առջեւ միակ խոչընդոտը իրանեան անզգուշ ղեկավարութիւնն ու անոր միլիսներն են: Նախագահ Թրամփ շրջանին ներկայացուց վերանորոգ ժամանակաշրջան մը, որ թշնամութիւնը համակեցութեամբ կը փոխարինէ, յուսահատութիւնը` բարգաւաճումով, մեկուսացումը` հասարակաց ճակատագիրով: «Սիզըր» օրէնքը իր նպատակը իրագործեց: Այժմ, ինչպէս Թրամփ ցուցմունք տուաւ, ժամանակն է Սուրիոյ նոր առիթ ընծայելու: Այժմ Քոնկրեսին համար յարմար ժամանակն է «Սիզըր» օրէնքի չեղարկման վրայ աշխատելու», ըսաւ Պարրաք:

Նախորդը

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?