Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Մէջ Հոգեւորականներու Հալածանքը

October 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրիոյ մէջ գործող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը պաշտօնական յայտարարութեամբ խստօրէն քննադատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ կիրարկուող ճնշումները եւ հոգեւորականներու ձերբակալութիւնները: Խորհուրդը յստակօրէն յայտնած է իր լիակատար համերաշխութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի ամբողջ քրիստոնէական համայնքին հետ:

«Բարձրաստիճան եկեղեցական պաշտօնեաներու ձերբակալութիւնները, կալանաւորումները եւ դատավճիռները յստակ մարտահրաւէր են կրօնական ազատութեան դէմ: Նման միջոցառումները կամայական եւ անհիմն միջամտութիւն են եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ կրնան դիտուիլ իբրեւ յարձակում կրօնական համայնքին վրայ», ընդգծուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

Խորհուրդը կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը դուրս կու գայ հոգեւոր դաշտի սահմաններէն` վերածուելով ազատ խիղճի եւ քաղաքացիական իրաւունքներու խնդիրի: Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն ձերբակալուած եւ հետապնդուած են ոչ միայն հոգեւորականներ, այլեւ անոնք, որոնք կը պաշտպանեն եկեղեցին: Բարերար եւ մեծ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ իրականացուող քրէական ճնշումները լայնօրէն կը մեկնաբանուին իբրեւ իշխանութիւններու հակաեկեղեցական քաղաքականութեան շարունակութիւն: Կարապետեան հրապարակաւ հանդէս կու գար Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պաշտպանութեամբ, որմէ ետք սկսաւ անոր նկատմամբ իրաւական հետապնդումը:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ միջազգային հանրութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի Հայաստանի իշխանութիւններու քայլերուն: Կրօնական ազատութիւններու ոտնահարումը կրնայ վերածուիլ ոչ միայն միջազգային քաղաքական ու իրաւական քննադատութեան, այլեւ ազդել երկրի հեղինակութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ:

Նախորդը

Մասիսի Քաղաքապետը Դատապարտուեցաւ 6 Տարի Եւ 3 Ամսուան Բանտարկութեան

Յաջորդը

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.