Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պայտընին  Կոչ Կ՛ուղղէ` Հայաստանի Մէջ Նոր Դեսպան Առաջադրելու

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Պաշտպանէ 2026 Թուականի «Ազգային Պաշտպանական Իրաւասութիւններու Աքթ»-ի Հայանպաստ Փոփոխութիւնները

ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ քննարկուող 2026 թուականի «Ազգային պաշտպանական իրաւասութիւններու աքթ»-ի շարք մը հայանպաստ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու աջակցութեամբ: Անոնք կը հետապնդեն. Հայաստանի անվտանգութեան ուժեղացում, Ազրպէյճանի զօրքերու դուրսբերում Հայաստանի տարածքէն, հայ գերիներու ազատ արձակում, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձ, հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւն, Ազրպէյճանին տրամադրուող...

Ակնարկ.  Օժանդակութիւններ. Համընկնումներ Եւ Տարբեր Ուղղութիւնները

Ակնարկ. Օժանդակութիւններ. Համընկնումներ Եւ Տարբեր Ուղղութիւնները

Շաբաթ մը առաջ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յղած ուղերձը Սէուտական Արաբիոյ, անհրաժեշտ է մանրադիտակի առնել եւ յայտարարութիւնը կարդալ տարածաշրջանի ծիրին մէջ: Յայտարարութիւնը կը սկսի Լիբանանի ներքին գործերուն չմիջամտելու հաստատումով` պարզելով, որ տեսակէտ տալը չի նշանակեր միջամուխ ըլլալ: Հոս անմիջապէս կը յիշուի Սէուտական Արաբիոյ պահուածքը, որ տեսակէտ ունի, սակայն այդ տեսակէտը կը յայտնէ առանց միջամտելու Լիբանանի ներքին խնդիրներուն: Հաւասարեցնելով իր երկրին...

Մինասեան. «Իշխանափոխութենէն Ետք Արցախի  Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքը  Պիտի Ըլլայ Օրակարգային»

Մինասեան. «Իշխանափոխութենէն Ետք Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքը Պիտի Ըլլայ Օրակարգային»

«Երէկուան հանրահաւաքը նպատակ ունէր միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, որ հայ ժողովուրդի հսկայական հատուած միջազգային իր իրաւունքը կը պահէ եւ հաստատակամ է անոր մէջ, զայն իրականացնելու մէջ», Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով 2 սեպտեմբերի  հանրահաւաքին ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: «Անկախ անկէ, որ օրուան իշխանութիւնը կ՛իրականացնէ հակահայ քաղաքականութիւն, թշնամիի օրակարգի շրջանակներուն մէջ կեղծ խաղաղութեան...

Սալամ. «Կը Հաստատենք Զէնքի Մենաշնորհման  Հարցին Մէջ Թաէֆի Համաձայնագիրը  Գործադրելու Կարեւորութիւնը»

Սալամ. «Կը Հաստատենք Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Թաէֆի Համաձայնագիրը Գործադրելու Կարեւորութիւնը»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ընդունեց Աքքարի Ժապալ Աքրում շրջանի գիւղերէն պատուիրակութիւն մը, որ յայտնեց, թէ շրջանի բնակիչները կը կանգնին Սալամի ու կառավարութեան կողքին եւ ամբողջովին կ՛աջակցին անոր որդեգրած որոշումներուն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի զէնքի մենաշնորհման թղթածրարին եւ պետութեան իշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելուն: Վարչապետը շեշտեց «զէնքի մենաշնորհման հարցին մէջ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու կարեւորութիւնը»: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է տարբեր...

Թրամփ. «Փութինը, Ժինփինկն Ու Ընը  Միացեալ Նահանգներու Դէմ  Դաւադրութիւն Կը Ծրագրեն»

Թրամփ. «Փութինը, Ժինփինկն Ու Ընը Միացեալ Նահանգներու Դէմ Դաւադրութիւն Կը Ծրագրեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր չին պաշտօնակից Շի Ժինփինկը ամբաստանեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակի 80-ամեակին առիթով զինուորական տողանցքին ներկայ գտնուելու համար Փեքին գտնուող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ Միացեալ Նահանգներու դէմ դաւադրութիւն ծրագրելու յանցանքով: «Նախագահ Շիի եւ չինացի մեծ ժողովուրդին տօնակատարութիւններու հոյակապ օր մը կը մաղթեմ», ըսաւ Թրամփ, սակայն հեգնանքով...

Ժինփինկ. «Աշխարհը Խաղաղութեան Կամ  Պատերազմի Ընտրանքին Առջեւ Կանգնած Է»

Ժինփինկ. «Աշխարհը Խաղաղութեան Կամ Պատերազմի Ընտրանքին Առջեւ Կանգնած Է»

Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ Փեքինի մէջ Համաշխարհային պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած զինուորական մեծ տողանցքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Աշխարհը խաղաղութեան կամ պատերազմի ընտրանքին առջեւ կանգնած է»: «Պիտի արագացնենք համաշխարհային մակարդակի բանակի կառուցումը եւ վճռականութեամբ պիտի պաշտպանենք մեր գերիշխանութիւնը», նշեց Ժինփինկ: «Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք ամրապնդելու խաղաղութիւնը եւ հասարակաց ապագայ կառուցելու, այնպիսի պահու մը, որ մարդկութիւնը խաղաղութեան...

«Վերադարձ Արցախ Լինելու Է». Հազարաւոր  Հայորդիներ Մասնակցեցան Արցախի  Անկախութեան Օրուան Նուիրուած Հանրահաւաքին

«Վերադարձ Արցախ Լինելու Է». Հազարաւոր Հայորդիներ Մասնակցեցան Արցախի Անկախութեան Օրուան Նուիրուած Հանրահաւաքին

Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ` 2 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Արցախի Անկախութեան օրուան նուիրուած միասնութեան հանրահաւաքը: Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների օրհներգներով: Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներու յիշատակը: Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անդրէաս քհնյ. Թաւադեանը Տէրունական աղօթք կատարեց, ապա դիմեց ներկաներուն` ըսելով. «Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու եւ օրհնելու Արցախի անկախութեան...

«Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն,  Վերադարձի Իրաւունք» Խորագիրով  Միջազգային Խորհրդաժողով

«Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն, Վերադարձի Իրաւունք» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողով

2 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած «Արցախ. չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողով: Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան Հայաստանէն, Արցախէն, ինչպէս նաեւ շարք մը երկիրներէ քաղաքական, գիտական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովը նուիրուած էր Արցախի հարցի չլուծուած մնալուն, արցախահայութեան հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին, խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն եւ գերիներու ու մարդասիրական հարցերու հրատապ լուծման անհրաժեշտութեան: Մասնակիցները կարեւոր նկատեցին...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան Հռչակման 34-Ամեակի Կապակցութեամբ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ 2025 թուականի սեպտեմբերի 2-ին լրանում է Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան հռչակման 34-րդ տարեդարձը: Այս տարեթիւը հայ ժողովրդի համար ոչ միայն պատմականօրէն յիշարժան օր է, այլեւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ ինքնորոշման եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքի վկայութիւն: Համահայկական կարեւորութիւն ունեցող այդ որոշումը կայացուեց պատմական եւ իրաւական հիմքերի վրայ: 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ը դարձաւ Արցախի պետականութեան սկիզբը: Երեսուն տարիների ընթացքում` սահմանադրական...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ուղերձը Արցախի  Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ուղերձը Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

Այսօր սեպտեմբերի 2-ն է` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրը, որը դիմաւորում ենք մեր կրած կորուստներից ամոքման յոյսով, Աստծոյ զօրակցութեան հաւատով: Արցախի անկախութեան երեսուներորդ տարեդարձի նախասեմին` 2020-2023 թուականներին, ողբերգական իրադարձութիւններ ծաւալուեցին: Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի եւ ցեղասպանական գործողութիւնների հետեւանքով բռնազաւթուեց եւ ամբողջապէս հայաթափուեց հայոց Արցախ աշխարհը, հազարաւոր հայորդիներ զոհուեցին, պղծուեցին ու ոչնչացուեցին բազմաթիւ սրբավայրեր, եւ մինչ այսօր Պաքւում շարունակում են պատանդ մնալ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Արցախի  Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

Այսօր ողջ հայութիւնը, վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով, կը նշէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման պատմական դէպքը: Արդարեւ, ո՞վ չի յիշեր շուրջ 35 տարի առաջ, ի խնդիր Արցախի ժողովուրդի անկախութեան, մեր հերոսներու սխրանքը եւ մեր նահատակներու արիւնով կերտուած ազատ ու անկախ ապրելու Արցախի ժողովուրդին հաւատքն ու կամքը: Ո՞վ չի յիշեր տարիներ շարունակ ի խնդիր Արցախի անկախ պետականութեան ամրացման տարուած հաւաքական պայքարը` համայն...

Խմբագրական.   Ինքնորոշման Իրաւունքի Առանցքային Սկզբունքով (Արցախի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ինքնորոշման Իրաւունքի Առանցքային Սկզբունքով (Արցախի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

Ներկայ պահու դրութեամբ, երբ Երեւանը ընդհանրապէս փակած է արցախեան հակամարտութեան էջը եւ կը նախապատրաստուի փոխել Սահմանադրութիւնը, հասարակական գետնի վրայ անհրաժեշտութիւնը կը ծագի Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջադրանքով տարուող աշխատանքներու համակարգումը կատարելու եւ գործողութիւններու նոր ծրագիր մշակելու: Արցախեան հակամարտութեան էջը բաց պահելու համար պէտք է վերադառնալ բանակցային փիլիսոփայութեան առանցքային կէտին` ինքնորոշման իրաւունքին: Պատահական չէր, որ Պաքուին համար առաջնային առաջադրանք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լուծարուեցաւ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լուծարուեցաւ

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վոլթոնեն եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Հ. Սինիրլիօղլու ողջունեցին նախարարաց խորհուրդի որոշումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ դիմումէն ետք փակելու Մինսքի հոլովոյթն ու անոր առնչուած կառոյցները: Այս մասին հաղորդեց ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը: «Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս փոխանցել իմ ջերմագին շնորհաւորութիւններս Հայաստանին ու Ազրպէյճանին խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ իրենց պատմական համաձայնութիւններուն եւ անոնց...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Յայտարարութիւն ԵԱՀԿ Մինսքի Գործընթացի Լուծարման Վերաբերեալ

Այսօր ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդը «լուռ ընթացակարգով» որոշում է ընդունել լուծարելու ԵԱՀԿ Մինսքի կառոյցները եւ դադարեցնելու դրանց ֆինանսական միջոցները: Այս որոշումը յաջորդել է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարների 2025 թուականի օգոստոսի 8-ի համատեղ դիմումին, որը տարածուեց օգոստոսի 11-ին: Այս «համատեղ դիմումը» ազատ կամքի արտայայտում չէր: Դա Ազրպէյճանի կողմից պարտադրուած նախապայմաններից մէկն էր` այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան պայմանագիրը» ստորագրելու համար, որը վերջնական...

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Սալամ Քննարկեցին  Ուրբաթ Օրուան Կառավարութեան  Նիստի Պատրաստութիւնները

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Սալամ Քննարկեցին Ուրբաթ Օրուան Կառավարութեան Նիստի Պատրաստութիւնները

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Սալամ նախագահին ներկայացուց Գահիրէ իր այցելութեան արդիւնքներն ու Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ եգիպտացի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններուն արդիւնքները: Պաապտայի պալատը հաղորդեց, որ նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկած են երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ յառաջիկայ ուրբաթ օր նախատեսուած նախարարաց...

Ըստ «Ուալլա» Կայքին.  Սահեր Ռուպիոյին Յայտնած Է, Թէ Իսրայէլ  Կը Պատրաստուի Մօտ Օրէն  Այսրյորդանանի Կցումը Յայտարարելու

Ըստ «Ուալլա» Կայքին. Սահեր Ռուպիոյին Յայտնած Է, Թէ Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Մօտ Օրէն Այսրյորդանանի Կցումը Յայտարարելու

Բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի եւ անոր վրայ «գերիշխանութիւն հաստատելու» հարցը քննարկուած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ ժողովի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը: Սահեր անցեալ հինգշաբթի օր տեղի ունեցած նշեալ ժողովի ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ Իսրայէլ «յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին» Այսրյորդանանի Իսրայէլի կցումը պիտի յայտարարէ:...

Պըրրի. «Պատրաստ Ենք Հանդարտ  Ու Համաձայնական  Մթնոլորտի Մէջ Քննարկելու  Դիմադրութեան Զէնքի Ճակատագիրը

Պըրրի. «Պատրաստ Ենք Հանդարտ Ու Համաձայնական Մթնոլորտի Մէջ Քննարկելու Դիմադրութեան Զէնքի Ճակատագիրը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 47-ամեակին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ յիշեցուց 27 նոյեմբեր 2024-էն ի վեր իր դիրքորոշումները` աւելցնելով, որ «օրին ըսինք, թէ վէրքերը վերաբանալու պահը չէ, ո՛չ ալ արիւնին վրայ պարելու: Անկեղծութեամբ եւ դրական տրամադրութեամբ մեր ձեռքը երկարեցինք Լիբանանը փրկելու նպատակով բոլորին հետ գործակցելու համար, եւ նախագահական ընտրութիւնը կատարեցինք,...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Լրջօրէն Կը Մտածէ Ուքրանիոյ  Վերաբերեալ Դիւանագիտական Իր Ջանքերէն  Ետդարձ Կատարելու Մասին

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Լրջօրէն Կը Մտածէ Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Դիւանագիտական Իր Ջանքերէն Ետդարձ Կատարելու Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրջօրէն կը մտածէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ դիւանագիտական իր ջանքերէն ետդարձ կատարելու մասին: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս»-ը` մէջբերելով Սպիտակ տան պաշտօնատարի մը խօսքը: «Թրամփի որոշումը կապ ունի Ուքրանիոյ պատերազմի երկու կողմերէն մէկուն կամ երկուքին յաւելեալ ճկունութիւն ցուցաբերելուն հետ», յայտնած է պաշտօնատարը: «Եւրոպացիները չեն կրնար Ուքրանիոյ պատերազմը երկարաձգել, սակայն կը նախատեսեմ, որ անոր ծախսերը մենք հոգանք», նշեց ան:...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին. «Եւրոպան Կը Խոչընդոտէ Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Թրամփի Ջանքերը»

Քրեմլին նշեց, որ եւրոպական ուժերը կը խոչընդոտեն Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերը, եւ Ռուսիան պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ մէջ իր գործողութիւնները, մինչեւ որ Մոսկուան իսկական ցուցանիշ մը տեսնէ, թէ Քիեւ խաղաղութեան պատրաստ է: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով պետական լրատուամիջոցներու լրագրողներու յայտնեց, թէ «պատերազմի եւրոպական կուսակցութիւնը» կը շարունակէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ ամերիկեան եւ ռուսական ջանքերը խոչընդոտել: «Մենք պատրաստ...

«Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն,  Վերադարձի Իրաւունք» Խորագիրով  Միջազգային Խորհրդաժողով

«Արցախ. Չկարգաւորուած Հակամարտութիւն, Վերադարձի Իրաւունք» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 2 սեպտեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Արցախ» չկարգաւորուած հակամարտութիւն, վերադարձի իրաւունք» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը պիտի անդրադառնայ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման միջոցով հակամարտութիւնները լուծելու անթոյլատրելիութեան, Արցախի հարցի անլոյծ մնալուն, արցախահայութեան` հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի իրականացման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան...

Page 76 of 795 1 … 75 76 77 … 795

Արխիւներ