Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Օհանեան Կարեւոր Նկատած Է Ռուսական Զէնքի Մատակարարումը Հայաստանին

December 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ohanian_122415

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Շոյկուի հետ 23 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ ռուսական զէնքի մատակարարումները շատ կարեւոր են Հայաստանի համար: Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Շնորհակալ եմ ձեզմէ այն հսկայական օգնութեան համար, որ ցուցաբերած էք զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան, զինուորական նշանակութեան շարք մը  արտադրանքներու մատակարարման գծով: Անոնք մեզի համար շատ կարեւոր նշանակութիւն ունին», յայտնած է Օհանեան: Ըստ անոր, նման հանդիպումները կարելիութիւն կու տան խօսելու եւ զինուորական համակարգին վերաբերող համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:

«Պէտք է ըսեմ, որ ձեր ջանքերուն, Ռուսիոյ զինուորականներու` մեր բարեկամներու ջանքերուն  շնորհիւ 2015-ը առանձնայատուկ էր: Զինուորական համագործակցութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները կատարուած են», նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը` աւելցնելով, որ «նման յագեցած ծրագիր, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զինուած ուժերուն  միջեւ, տակաւին չէր եղած»:

Ռուսիան Եւ Հայաստանը Միաւորեցին Հակաօդային
Պաշտպանութեան Համակարգերը Կովկասեան Շրջանին Մէջ

Ohanian2_122415

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Շոյկուի հետ 23 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ համաձայնագիր ստորագրած է Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ Հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ շրջանային համակարգի ստեղծման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Փաստաթուղթի ստորագրութիւնը տեղի ունեցած է նախարարներու երկկողմանի հանդիպումէն ետք: Նաեւ ստորագրուած է 2016-ին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու համագործակցութեան ծրագիրը:  Ներկայիս Ռուսիա Հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ շրջանային համակարգերու ստեղծման ուղղութեամբ կ՛աշխատի Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ: Ղազախստանի հետ նման համաձայնագիր ստորագրուած է 2013-ին, Պիելոռուսիոյ հետ Հայաստանի Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը արդէն միաւորուած է:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Անհրաժեշտ Է Աւելի Բարձր, Երկարաժամկէտ Ու Կայուն Աճ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.