Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Անհրաժեշտ Է Աւելի Բարձր, Երկարաժամկէտ Ու Կայուն Աճ»

Դեկտեմբեր 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_122415

«Մեր բացարձակ թիւերը բարձր չեն, ուստի ներկայ ցուցանիշներով մենք զմեզ բաւարարուած չենք կրնար նկատել: Հայաստանին անհրաժեշտ է աւելի բարձր, երկարաժամկէտ ու կայուն աճ, որ արտաքին բացասական ազդակներէն խոցելի չըլլայ», յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան գործարարներու ամանորեան ընդունելութեան ընթացքին:

«2015-ին տնտեսական զարգացումներու 11 ամսուան փաստացի ցուցանիշները կը յուշեն, որ ներդրուած ջանքերուն շնորհիւ յաջողած ենք  մեր երկրի տնտեսական միջավայրը, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ,  զերծ պահել արտաքին աշխարհէն եկող բացասական ազդակներու  պատճառով էական ցնցումներէն: Այսպէս` յունուարէն նոյեմբեր 2015-ին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 2,9 առ հարիւր` այն պարագային, երբ տարուան սկիզբը մասնագէտները ակնկալած էին զերօ, իսկ այլ պարագաներու նաեւ բացասական տնտեսական աճի ցուցանիշ», նշած է նախագահը` կարեւոր նկատելով նաեւ միջին ամսական աշխատավարձերու 8.5 առ հարիւր աճը գնաճի 4.1 առ հարիւրի պարագային եւ յարաբերական կայունութիւնը արժութային շուկային մէջ:

«Վստահաբար, շատ երկիրներ ուրախ պիտի ըլլային այսպիսի ցուցանիշներ արձանագրելով, սակայն մեր բացարձակ թիւերը բարձր չեն, ուստի եւ մենք զմեզ ներկայ ցուցանիշներով բաւարարուած չենք կրնար նկատել: Հայաստանին անհրաժեշտ է աւելի բարձր, երկարաժամկէտ ու կայուն աճ, որ արտաքին բացասական ազդակներէն խոցելի չըլլայ: Միայն այդ ձեւով կրնանք մեր արժանի տեղը ունենալ  համաշխարհային տնտեսութեան մէջ», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Ան մատնանշած է Համաշխարհային դրամատան «Տուինկ պիզնըս» վարկանիշով Հայաստանի 3 կէտով յառաջխաղացքը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի «Մարդկային ներուժի զարգացման» եւ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի «Համաշխարհային մրցունակութիւն» զեկուցումներուն մէջ, իբրեւ բարեփոխումներու աշխուժ քաղաքականութեան իրականացման արձանագրում:

«Իրականացուող տնտեսական քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ, իմ կարծիքովս, կարեւորագոյն աշխատանքը միտուած է արտահանման խրախուսման: Այս ուղղութեամբ արդէն լաւ հիմքեր դրած ենք, եւ ասոր  արդիւնքները արդէն տեսանելի են: Յառաջիկայ տարուան ընթացքին պէտք է հետեւողականօրէն շարունակենք մեր աշխատանքը այս ուղղութեամբ», նշած է նախագահ Սարգսեան ու աւելցուցած. «Կառավարութիւնը, անշուշտ, սեփական ընկերութիւններու արդիւնաւէտութեան ուղղակի պատասխանատուն չէ, սակայն կրնայ եւ պարտաւոր է նախադրեալներ ստեղծել ատիկա բարելաւելու համար: Այստեղ տակաւին շատ ընելիքներ ունինք եւ մեծ ճշգրտութեամբ պիտի աշխատինք: Հանքարդիւնաբերութիւն, սնունդի արտադրութիւն ամէնէն լայն իմաստով` ներառեալ ամբողջ գիւղատնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւն, տեղեկատուական արհեստագիտութիւն, առողջապահական եւ կրթական ծրագիրներու արտահանում` ասիկա ոչ ամբողջական ցանկն է բոլոր այն մարզերուն, որոնցմով թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ մեր գործարար հանրութիւնը ջանք ու եռանդ պէտք չէ խնայեն նոր գաղափարներու ու նոր ծրագիրներու իրականացման համար: Մենք յառաջ երթալու համար նոր կարելիութիւններ ստեղծած ենք եւ միասին պէտք է առաւելագոյնս իրականացնենք այդ կարելիութիւնները»:

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան Կարեւոր Նկատած Է Ռուսական Զէնքի Մատակարարումը Հայաստանին

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Եռամեայ Զարգացման Այժմէական Ծրագիրի Մը Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?