Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը` Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեմինարին

December 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

yerid_122715

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 17-էն 20 դեկտեմբեր 2015-ին, Սթոքհոլմի (Շուէտ) մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան ընդհանուր սեմինարը` նուիրուած գաղթականներու տագնապին:

Սեմինարին կը մասնակցէին մօտաւորապէս 70 հոգի տարբեր երկիրներէ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը սեմինարին կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով` Կարապետ Շատոյեան:

Հրաւիրուած էին Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց դասախօսութիւններուն մէջ անդրադարձան Եւրոպական Միութեան կեցուածքին գաղթականներու հարցին վերաբերեալ եւ վեր հանեցին այն պատճառները, որոնց հետեւանքով Միջին Արեւելքէն եւ ափրիկեան կարգ մը երկիրներէ մարդիկ լքելով իրենց տունն ու տեղը կը դիմեն փախուստի:

Անդրադարձ եղաւ նաեւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, որուն ընթացքին  ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը ձայն առնելով` քննադատեց Եւրոպական Միութեան երկակի կեցուածքը, ըստ որուն այն պայմաններուն մէջ, երբ Եւրոպական Միութիւնը կը պայքարի կարգ մը երկիրներու դէմ, միաժամանակ աչք կը փակէ Թուրքիոյ վտանգաւոր եւ վնասակար քաղաքականութեան նկատմամբ, աւելի՛ն, կը համագործակցի անոր հետ` լաւապէս գիտակցելով, որ Թուրքիան մեղք ունի ստեղծուած բազմաթիւ հարցերու մէջ:

Մասնակիցներուն կողմէ ընտրուեցաւ չորս հոգինոց բանաձեւի  յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը:

19 դեկտեմբերին սեմինարին զուգընթաց տեղի ունեցաւ նաեւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Եւրոպայի կոմիտէի ժողովը, ուր ի շարս այլ կազմակերպութիւններու  ներկայացուցիչներու, ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ Երիտասարդականի գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին ներկայացումով, մասնաւորապէս անդրադառնալով Սահմանադրական փոփոխութիւններուն, սուրիահայութեան հարցերուն, Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման եւ անոր հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Քաղաքական Տագնապին Լուծումը Յետաձգուած Է 2016-ին

Յաջորդը

Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.