Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ

Դեկտեմբեր 28, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

b4daca41-3188-4e41-ba2e-ecba93ab2b33_16x9_788x442

Թուրքիոյ նախագահին կոչը ուղղուած Միջին Արեւելքի երկիրներուն հասցէական է առաջին հայեացքով` տրուած ըլլալով, որ Էրտողանը կը նշէ այն երկիրները, ուր դէպքեր կը պատահին: Բայց հասցէական չէ կոչին պարունակած ամբաստանութեան բաժինը, որ պէտք է փորձել հասցէականացնել, մեկնաբանութեան կարգով:

Ուրեմն. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչ ուղղած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ  ապրող մահմետականներուն միաւորուելու ընդդէմ զիրենք բաժնել ուզողներուն:

Էրտողան նշած է, որ գոյութիւն ունի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ միջկրօնական հակամարտութիւններ հրահրելու ուղղուած դաւադրութիւն, հետեւաբար տարածաշրջանի երկիրները պէտք է միաւորուին ընդդէմ այդ դաւադրութեան:

«Աշխարհի մէջ նպատակադրուածութիւն կայ մեզ բաժնելու: Տեսէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ», նշած է ան:

Անդրադառնալով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւններու առկայութեան` Էրտողան հաստատած է այդ հանգամանքը եւ աւելցուցած, որ միջկրօնական տարբերութիւնները պէտք չէ զիրենք թշնամիներ դարձնեն, այլ իսլամութիւնը պէտք է դառնայ իրենց համար իբրեւ կողմնորոշիչ:

Կոչը, պարզ է, ուղղուած է նախ եւ առաջ Իրաքին, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիբանանի:

Հիմա փորձենք յստակացնել, թէ որո՛նք են նախ` իսլամ բնակչութիւնը բաժնել ուզողները, միջկրօնական հակամարտութիւններ հրահրողները, իսլամական աշխարհին բաժանումով սպառնացողները: Նուրբ բաժինը կը վերաբերի Իրանին. ըստ թուրք նախագահին, այո՛, գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ, սակայն շիի-սիւննի երկուութիւնը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ երկիրները թշնամանան:

Թշնամանալու հնարաւորութիւնը հեռացնելու իր մօտեցումին շատ արագ հակասած է Էրտողան, երբ այս անգամ քննադատած է Իրանը` ըսելով, որ վերջինս «նեղ կրօնական համոզումներէ մեկնելով կ՛աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին, որ Էրտողանի խօսքով` կ՛երկարաձգէ հակամարտութիւնը:

Աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուած սուրիական պատերազմին ամբողջ պատասխանատուութիւնը Իրանի ուսերուն բարդելու այս մարտավարութիւնը աւելի կը բացատրուի, երբ այս անգամ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու կը յայտնէ, որ իրենք  մեծ ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի յաղթահարեն այս ժամանակաշրջանը: «Ժամանակը կու գայ, եւ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները  նախկինին նման կ՛ըլլան»: Ըստ անոր, օդանաւի միջադէպին պատճառով պէտք չէ տուժեն երկու երկիրներու ժողովուրդները:

Պարզ ընթերցումը կ՛առաջնորդէ մտածելու, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը թրքական վարքագիծին համար պիտի նպաստէ սուրիական պատերազմին մէջ Իրանի պատասխանատուութիւնը բարձրացնելու եւ լարուածութիւնը պահելու:

Այդքան ալ պարզ չէ մեկնաբանութիւնը, որովհետեւ շատ խառն են ուղերձները: Իրանի հետ կապուած բաժինով Էրտողան նախ յայտարարած է, որ հակառակ կրօնական տարբերութիւններուն եւ քաղաքական տարակարծութիւններուն, թշնամանք պէտք չէ յառաջանայ Թեհրանի հետ եւ թէ իսլամական կրօնը պէտք է կողմնորոշիչ հանգամանք ունենայ գործընթացներուն վրայ:

Այստեղ արդէն կրօնական հանգամանքի գերակայութեամբ Միջին Արեւելքի իսլամ զանգուածները համախմբողի դերակատարութեան ստանձնման փորձն է, որ կը կատարէ Անգարան:

Մինչեւ հոս, սուր հակասութիւններով հանդերձ Մոսկուայի հետ լարուածութիւնը վերացնել Թեհրանը մեղադրելով եւ ապա կրօնը յառաջ քշել Թեհրանի հետ եւս հարցերը կարգաւորելու փորձ ընելով. եւ ամէնէն կարեւորը` տարածաշրջանի իսլամ զանգուածներուն վրայ հիմնական ազդեցութիւն ունեցողի դեր առաջադրելով:

Տակաւին չեն յստակացած իսլամ բնակչութիւնները  հակամարտութիւններու առաջնորդող ուժերու ինքնութիւնները: Հասցէականութեան պակասը կրնայ զուտ մեկնաբանական ըլլալ, որովհետեւ ի տարբերութիւն կոչի հասցէատէրերուն, ամբաստանեալները չեն յստակացած:

Ընտրարշաւի ընթացքին եւ իր ընտրաճառերուն մէջ Էրտողան աւելի թափանցիկ եղած էր այս իմաստով: Ան խօսած էր Թուրքիոյ մասնատման վտանգին մասին եւ ամբաստանած արեւմտեան լրատուամիջոցներն ու քաղաքացիական շարժումները: Աւելի ուշ ուղղակի` քիւրտերը: Քրտական շարժման վերազարթօնքին առընթեր Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութեան մասին վերլուծումները բազմապատկուելու ընթացքին մէջ են: Արեւմտեան լրատուամիջոցները Արեւմուտք կ՛ենթադրեն` գերտէրութիւններով եւ անոնց ծրագիրներով: Եւ բոլորովին անտեսանելի չէ քիւրտերուն տրուած զօրակցութիւնը Արեւմուտքի կողմէ:

Ամբաստանութիւններու հասցէականութիւնը աւելի կը պարզուի հետագային: Մինչ այդ, Անգարան փորձած է ծխածածկոյթի տակ պահել իր ազդեցութեան տակ արդէն իսկ համախմբուածներուն մէկ կարեւոր միաւորը` ՏԱՀԵՇ-ի անունին տակ գործողները:

«Ա.»

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը` Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեմինարին

Յաջորդը

Կուարտիոլա Մանչեսթըր Սիթիի Հետ Տարեկան Պիտի Գանձէ 25 Միլիոն Եւրօ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?