Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանի Պահուածքին Համար Միջազգային Հանրութիւնը Կարելի Է Մեղսակից Նկատել» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

December 23, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

GiroManoyan_122215

«Ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը կ՛ըսէ` այս հանդիպումը կամ նման հանդիպումներու կայանալը առայժմ ձեւով մը կը նպաստեն  սահմանագիծին վրայ իրադրութեան մեղմանալուն, սակայն Ազրպէյճանը որեւէ հանդիպումի նախօրեակին կը սրէ իրավիճակը», Panorama.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու Զուիցերիոյ Պեռն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու  գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Մանոյեանի կարծիքով` հաշուի առնելով Ազրպէյճանի պահուածքը, ճիշդ պիտի չըլլայ բանակցութիւններուն լուրջ տեղաշարժ ակնկալել:

«Նախագահները հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակելու համագործակցութիւնը ներկայիս բանակցութիւններու սեղանին դրուած լուծման ուղղութեամբ: Անոնք նաեւ վերահաստատած են, որ հաւատարիմ են Մինսքի խմբակի ձեւաչափին», ըսուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:

Այս կապացութեամբ Կիրօ Մանոյեանը նշեց, որ չի բացառուիր, որ Ազրպէյճանը վաղը սկսի յայտարարել իր դժգոհութիւնը Մինսքի խմբակէն, որովհետեւ տագնապի լուծման երեք սկզբունքներէն Ազրպէյճանը չ՛ընդունիր ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքը:

«Այդ իսկ պատճառով Ազրպէյճանը ցանկութիւն ունի, որ փոխուի ձեւաչափը, ատեանը: Այդ պատճառով ալ աջ ու ձախ կը փորձեն, որ հարցը քննարկուի այնտեղ, ուր կաշառելը դիւրին է: Անոնց ոչինչ կը  բաւարարէ, այնքան ատեն որ տակաւին կայ այդ սկզբունքը: Եւ անոնք կը կարծեն, որ կարելի է այդ սկզբունքը հանել, եթէ բան փոխուի ձեւաչափին մէջ», նշեց Մանոյեան:

Քաղաքագէտին կարծիքով, միջազգային հանրութիւնը նոյնպէս իր մեղքի բաժինը ունի Ազրպէյճանի պահուածքին մէջ:

«Միջազգային հանրութիւնը արդէն կարելի է մեղսակից նկատել Ազրպէյճանի պահուածքին, որովհետեւ անհրաժեշտ քայլեր չի ձեռնարկեր, որպէսզի Ազրպէյճանի այս կամայականութիւններուն վերջ դրուի: Կը կարծեմ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ միջազգային հանրութիւնը նշաններ ցոյց տայ առ այն, որ եթէ Ազրպէյճան պիտի շարունակէ այս ընթացքը, ապա միջազգային հանրութիւնը պիտի ձեռնարկէ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու քայլերու», նշեց Մանոյեան եւ աւելցուց, որ միայն ատիկա կրնայ զսպել Ազրպէյճանը:

Նախորդը

Լոս Անճելըսի Մէջ. Հայ Եւ Քիւրտ Երիտասարդներու Բողոքի Հաւաքը Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Առջեւ

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Արցախի Նորընտիր Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական  Մթնոլորտի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ուսուցչաց Տօնը` Պատերազմական Մթնոլորտի Մէջ

March 9, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գաղութային

Հայրապետական Կոչ Միջին Արեւելքի Մեր Թեմերու Ժողովուրդին⁷

March 9, 2026
Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր.  Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…
Գլխաւոր լուրեր

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր. Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.