Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. «Ամէն Անգամ Որ Ազրպէյճան Կրակէ Հայաստանի Ուղղութեամբ, Կրակած Կ՛ըլլայ ՀԱՊԿ-ի Անդամ Երկիրներուն Ուղղութեամբ» Յայտարարեց Նախագահ Սարգսեան

Դեկտեմբեր 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

habg-1_122115

Աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ հիւրընկալող երկրի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նիստին սկիզբը ողջոյնի խօսք ուղղած է մասնակիցներուն, մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք, որմէ ետք նստաշրջանը վարած է ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Բանակցութիւնները նախ կայացած են սեղմ շրջանակի մէջ` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Խըրխըզիստանի, Տաճիկիստանի նախագահներուն եւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին մասնակցութեամբ, ապա ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները նիստը շարունակած են ընդլայնուած ձեւաչափով` պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ:

«Ամէն անգամ, երբ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ի գործ կը դնէ իր գնդացիրները, ականանետերը եւ հրետանային սարքաւորումները, անոնք կը կրակեն նաեւ Ասթանայի, Տուշանպէյի եւ Պիշքեքի, Մոսկուայի եւ Մինսքի ուղղութեամբ», ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի նախագահը: «Յիշեցնեմ, որ մենք կանոնադրութեան մէջ ունինք համապատասխան յօդուած: Եւ եթէ մենք ոչ միայն չենք գործադրեր այդ յօդուածը, չենք քննարկեր ստեղծուած իրավիճակը, հարկ չենք նկատեր վերցնել լսափողը եւ հետաքրքրուիլ` ինչ կը կատարուի դաշնակից Հայաստանի մէջ, եւ  միաժամանակ նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ կը քուէարկենք իրարու շահերուն դէմ, երրորդ երկիրներու հետ կ՛ընդունինք երկկողմանի յայտարարութիւններ, որոնց բովանդակութիւնը ուղղուած է ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցներուն դէմ, ապա մենք պարզապէս այդ կրակոցներուն տակ կը դնենք մեր ամբողջ կազմակերպութիւնը, անոր  հեղինակութիւնը, անոր կարեւորութիւնը», նշեց նախագահ Սարգսեան:

Արձանագրելով, որ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը ուղղուած է տագնապի սրացումին` նախագահ Սարգսեան շարունակելով ըսած է. «Ազրպէյճանական կողմը չի սահմանափակուիր ծանր հրետանի գործածելով, այդ շարքին` թրքական արտադրութեան: 8 դեկտեմբերին Ազրպէյճանի զինուած ուժերը 1994-ի զինադադարի դրութեան  հաստատումէն ի վեր առաջին անգամ անցան թնդանօթային ռմբակոծութեան, ինչ որ լարուածութիւնը կը բարձրացնէ նոր եւ շատ վտանգաւոր մակարդակի»:

«Նկատի առնելով շրջանին մէջ վերջին ժամանակաշրջանին ձեւաւորուած լարուած մթնոլորտը` պէտք չէ բացառել, որ Ազրպէյճանը այդ քայլին դիմած է դուրսի կողմի մը աջակցութեամբ», իր ելոյթի այդ հատուածը եզրափակած է Հայաստանի նախագահը:

ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին աւարտին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ այսօր ընդունուած է միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող յայտարարութիւն: «ՀԱՊԿ-ի երկիրները հանդէս կու գան ՄԱԿ-ի  կանոնադրութեան դրոյթներուն, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ  համընդգրկուն համաձայնութիւն ձեւաւորելու օգտին», ընդգծած է նախագահ Սարգսեան:

Ռուսական «ՍՈՒ-24» զինուորական օդանաւի դէպքին հարցով ՀԱՊԿ-ի երկիրները կ՛աջակցին Ռուսիոյ: «Մենք` իբրեւ Ռուսիոյ հետ դաշնակիցներ, մեր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնենք այս դէպքին առնչութեամբ Մոսկուայի դիրքորոշումին», յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Որոշուած է, որ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ եւս մէկ տարի պիտի մնայ Նիքոլայ Պորտիւժան: «Մենք կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի լիազօրութիւնները մինչեւ 1 յունուար 2017  երկարաձգելու մասին միաձայնութեամբ որոշում տուած ենք», յայտարարած է Հայաստանի նախագահը:

ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին ստորագրուած են շարք մը փաստաթուղթեր, որոնց կարգին` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու յայտարարութիւնը` միջազգային ահաբեկչութեան հակազդելու մասին, ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի մասին», «Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մնայուն կերպով գործող աշխատանքային մարմիններու պաշտօնատար անձերու կարգի յաջորդութեան մասին» որոշումները:

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են աշխարհին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին եւ կազմակերպութեան հետագայ գործունէութեան վերաբերեալ:

ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի աւարտէն ետք, նախագահողը` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան հանդիպում ունեցած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ ամփոփած նստաշրջանի արդիւնքները:

Մասնակցութիւն` Եւրասիական Տնտեսական
Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստին

habg-2_122115

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի աւարտէն ետք մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստերուն:

Բանակցութիւններուն ընթացքին Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են նախորդ` 16  հոկտեմբեր 2015-ի բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին տրուած  շարք մը որոշումներու գործադրութեան ընթացքը, Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի 2016-ի պիւտճէն, միութեան կառոյցներուն մէջ  նախագահութեան, Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմին միջեւ պարտականութիւններու բաշխման մասին, միութեան անդամ պետութիւններուն մէջ 2020-ի մարդահամարի կատարման մասին եւ շարք մը այլ հարցեր:

Եւրասիական տնտեսական միութեան վեհաժողովին անակնկալներ չեն եղած: Եւրասիական տնտեսական միութեան յանձնաժողովի ղեկավարութիւնը 1 փետրուար 2016-էն սկսեալ պիտի ստանձնէ  Հայաստանի նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Եւրասիական տնտեսական միութեան միամեայ գործունէութեան քննարկումներուն հաստատուած է, որ անդամ բոլոր պետութիւններուն մէջ արձանագրուած են բացասական ցուցանիշներ, շօշափելիօրէն նուազած է ապրանքաշրջանառութիւնը բոլոր անդամ պետութիւններուն  միջեւ:

Նախորդը

Նալբանդեան Կը Նախագահէ ՀԱՊԿ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Յառաջիկայ Տարեշրջանէն Սկսեալ` Անճելոթթի` Պայէրն Միւնիխի Մարզիչ

RelatedPosts

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Գաղութային

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Յունիս 13, 2025
Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ  Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ  Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»
Հայկական

Եւտոքիմով. «Ալիեւի Իմաստութեան Եւ Փութինի Հետ Անոր Յարաբերութիւններուն Շնորհիւ Խաղաղութիւնը Վերականգնուած Է»

Յունիս 13, 2025
«Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի  Բոլոր Միջազգային Այցելութիւններուն Մասին  Ժամանակին Կը Տրամադրուի Պատշաճ Տեղեկատուութիւն»  Կ՛ըսէ Փաշինեանի Բանբերը
Հայկական

«Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի Բոլոր Միջազգային Այցելութիւններուն Մասին Ժամանակին Կը Տրամադրուի Պատշաճ Տեղեկատուութիւն» Կ՛ըսէ Փաշինեանի Բանբերը

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?