Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան «Մեր Հանքարդիւնաբերութեան Կարողականութիւնը Մեծ Է»

February 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

meghri_020716

Շաբաթ, 6 փետրուարին նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած էր Սիւնիքի մարզ: Այցելութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը Մեղրիի մէջ  մասնակցած է հերթական` թիւով 14-րդ մարզային բժշկական կեդրոնի  բացման արարողութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան կողմէ ֆինանսաւորուած «Առողջապահական համակարգի արդիականացում» ծրագիրի շրջագիծին մէջ 1,62 միլիառ դրամի ներդրում կատարուած է այս բժշկական հաստատութեան մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը առողջապահութեան մարզի պատասխանատուներու, Համաշխարհային դրամատան, բժշկական հաստատութեան եւ մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ շրջած է  «Մեղրիի շրջանային բժշկական կեդրոն»-ին մէջ, ծանօթացած է ստեղծուած պայմաններուն, առաջարկուող բժշկական ծառայութիւններուն, բժշկական անձնակազմին  հետ զրուցած է կեդրոնի գործունէութեան հետ կապուած հարցերուն շուրջ:

Առողջապահութեան նախարարը զեկուցած է վերջին տարիներուն Սիւնիքի մարզին մէջ առողջապահութեան ոլորտին մէջ իրականացուած ծրագիրներուն մասին:

Հանրապետութեան Նախագահը այնուհետեւ մեկնած է Քաջարան, ուր մասնակցած է Զանգեզուրի պղնձամոլիփթենային գործարանի ֆինանսաւորումով վերակառուցուած մանկապարտէզի բացման արարողութեան: Վերանորոգման եւ շինարարական աշխատանքներու ընդհանուր արժէքը կը կազմէ աւելի քան 190 միլիոն դրամ: Մանկապարտէզի շահագործման արդիւնքով կը լուծուի 90 մանուկներու նախակրթարան յաճախելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Քաջարան քաղաքին մէջ կը ստեղծուի 40 աշխատատեղ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է նաեւ Զանգեզուրի պղնձամոլիփթենային գործարան, ուր ծանօթացած է գործարանի ծրագիրներուն: Գործարանին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` գործարանի զարգացման ծրագիրներուն եւ հանքարդիւնաբերութեան մարզի խնդիրներուն վերաբերեալ:

«Մեր հանքարդիւնաբերութեան կարողականութիւնը մեծ է, եւ այսօրուան գործող ձեռնարկութիւնները անպայման պէտք է աշխատին, նոյնիսկ եթէ պէտք է աշխատին ինքնարժէքով, անգամ ինքնարժէքէն քիչ մը ցած` գիտակցելով, որ ոչ միայն ընկերային խնդիր կը լուծեն, այլ նաեւ կը պատրաստուին վաղուան իրենց աշխատանքի արդիւնքները քաղելու, այսինքն` կը նախապատրաստուին միջազգային շուկաներու բարենպաստ պայմաններուն մէջ իրենց շահոյթներու կամ իրենց կատարած ծախսերու վերադարձին», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Սիւնիքի մարզի աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուած է նաեւ  ելեւմուտքի  նախարարութեան Կապանի տարածքային հարկային տեսչութեան նոր մասնաշէնքի բացման արարողութեան:

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէա Արբանեակի Յաջող Արձակում Մը Կատարեց, Միջազգային Ընտանիքը Կը Դատապարտէ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.