Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Վարդանանց, Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախի Ազատագրութեան Ոգեկոչում

February 8, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ainjar_020416

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին` հինգշաբթի, 4 փետրուար 2015-ի յետմիջօրէի ժամը  5:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` տեղի ունեցաւ Վարդանանցի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախի ազատագրութեան ոգեկոչում:

Սրահի մուտքին ներկաներուն տրամադրուեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած կրծքանշաններ եւ բացատրական թերթիկ մը, պատրաստուած` ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան կողմէ:

Պատ. Սեւակ Թրաշեան
Պատ. Սեւակ Թրաշեան
Խաժակ Հերկելեան
Խաժակ Հերկելեան

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Խաժակ Հերկելեան: Ան ըսաւ, թէ «Վասն հայրենեաց եւ վասն կրօնի» Վարդանանց նշանաբանը դարեր շարունակ ամրացուցած է հայոց մարտունակ ոգին, որ միշտ ապրած է հայուն մէջ եւ զայն մղած է ազգային ինքնագիտակցութեան, ըլլալու յանձնառու զինուորն ու պահապանը ազգային անփոխարինելի արժէքներուն եւ պապենական սուրբ կտակին:

Ան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ «մեր գոյութիւնը կ՛ապահովուի միայն Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան գոյամարտի սրբազան ուխտը իբրեւ դրօշ պարզած մեր խիտ եւ անշահախնդիր շարքերուն հպարտ տողանցումով»:

Բացման խօսքին յաջորդեց Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի երգչախումբին ելոյթը, խմբավարութեամբ` Նայիրի Հապէշեանի, ապա Վարդանանց պատերազմի կենդանի պատկերի ներկայացումով հանդէս եկան Այնճարի Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ` ընկերակցութեամբ երգի եւ ասմունքի, խմբավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ` Քլարա Ադամեանի:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի երգչախումբը, որ ներկայացուց Վարդանանց տօնին հետ առնչուած երկու երգեր, խմբավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի:

Օրուան բանախօս պատ. Սեւակ Թրաշեան անդրադառնալով Վարդանանց պատերազմին ըսաւ, թէ 1565  տարիներ առաջ հայութեան աշխարհական եւ կրօնական պետերը` իրենց ետին հաւաքած ազնուականներ, զինուորներ, հողագործներ եւ արհեստաւորներ, անկոտրում կամքով դէմ դրին այդ օրերուն ամէնէն հզօր պետութեան` Սասանեան Պարսկաստանին` մերժելով պարտադրուած հաւատափոխութիւնը եւ անոր իբրեւ ուղղակի հետեւանք հայ ժողովուրդի ձուլումը, ինչպէս նաեւ անոնք մերժեցին զիջիլ խղճի եւ մտքի ազատութեան իրաւունքէն:

Պատուելին ըսաւ, թէ «հաւատքն էր, որ մղեց Վարդանն ու իր ընկերակիցները, որ մահը նկատի առնելով հանդերձ` համեստ միջոցներով հզօր բանակին դէմ դնեն: Գիտնալով, որ ցորենի հատիկը վերջ ի վերջոյ իր արդիւնքը կու տայ, կը բուսնի եւ կայ յաղթանակ ու յարութիւն նահատակութենէն ետք»:

Պատուելի Թրաշեան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր բեղուն անցեալէն օրինակ կրնայ առնել, յատկապէս իր հաւատքի կեանքին մէջ` գիտակցելով, թէ իր կեանքին Տէրը ով է,  լաւ ճանչնալով Աստուծոյ խօսքը, մասնակից ըլլալով եկեղեցիին եւ անոր առաքելութեան, չզիջելով իր Աստուածատուր իրաւունքէն, խղճի ազատութենէն եւ պատրաստ ըլլալով նոյնիսկ իր հաւատքին համար սուղ գին վճարելու իր ազգային կեանքին մէջ` հայ ըլլալը սեպելով Աստուծմէ տրուած շնորհք, հայկական դպրոցը եւ անոր գոյատեւումը անհրաժեշտ սեպելով եւ վերջապէս հայ ազգի պատմութիւնը լաւ ճանչնալով:

Պատուելին իր խօսքը աւարտեց նշելով. «Վարդանանք մեռան վասն հաւատոյ եւ վասն Հայրենեաց: Մենք ապրինք վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»:

Բանախօսութենէն ետք ցուցադրուեցաւ արցախեան պահանջատիրութեան գոյամարտի ընթացքին զոհուած մարտիկներու մասին պատրաստուած երկու տեսերիզներ:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աշակերտութեան բերդ-պարով:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Յաղթելով Թատամոնին (92-77)` ՀՄԸՄ Երթի Մրցումներուն Իր Դաշտին Վրայ Մնաց Անպարտելի

Յաջորդը

Յուշ-Երեկոյ` Վաստակաւոր Բեմադրիչ Եւ Դերասան Վարուժան Խտըշեանի Նուիրուած

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.