Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «ՀՅԴ-ի Հետ Կայ Նախնական Համաձայնութիւն»

February 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

edward_021016

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կուսակցութեան բանբեր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով յայտարարած է, թէ նիստին ընթացքին հիմնականին մէջ անդրադարձ կատարուած է ՀՀԿ-ՀՅԴ  համագործակցութեան ձեւաչափին, սակայն, Դաշնակցութեան յանձնուելիք նախարարութիւններուն մասին տեղեկութիւն պիտի տրուի շաբաթավերջին:

«ՀՅԴ-ի հետ Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի ընդհանուր առմամբ նախնական համաձայնութիւն` ապագային կառավարման համակարգին մէջ միասնաբար աշխատելու: Վերջնական համաձայնութեան մասին կը խօսինք շաբաթավերջին: Փաստեմ, որ ՀՅԴ-ի հետ Հանրապետական կուսակցութիւնը շատ հաւանական կը նկատէ համաձայնութիւնը, եւ այսօր ունինք ՀՅԴ-ի հետ նախնական համաձայնութիւն», ըսած է ան:

Շարմազանովի համաձայն, կայ նախնական համաձայնութիւն, իսկ նախնականը անպայման վերջնական չէ. «Նախնական համաձայնութիւնը 100 տոկոսը չէ, այլ 95, բայց  հիմնական մասով»:

Շարմազանով նշած է, որ թէեւ անուններ պիտի չհրապարակէ, բայց  պաշտօններու հարցերը հիմնականօրէն լուծուած է, ինչպէս նախարարներու, այնպէս ալ մարզպետներու պարագային. «Մամուլին մէջ հրապարակուած նիւթերուն մէկ մասը կը համապատասխանէ, միւս մասը չի համապատասխաներ իրականութեան: Մեր համաձայնութիւնը ոչ թէ զուտ պաշտօններու մեքենական յանձնումի հարցն է, այլ լուրջ ծրագիրի դրութիւններու վրայ պէտք է ըլլայ»:

Ան աւելցուցած է, թէ իրենց կուսակցական գործընկերները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը այլ մարզերու մէջ` առանց անդրադառնալու այդ մարզերուն:

 

 

Նախորդը

Հաստատուած Է Ցանկը Այն Օրէնքներուն, Որոնք Պիտի Ընդունուին Կամ Փոփոխութեան Ենթարկուին Նոր Սահմանադրութեան Հիման Վրայ

Յաջորդը

Վարդանեան. «Ասիկա Մէկ Տարուան Համագործակցութիւն Չէ»

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.