Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Նոր Մասնաշէնքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Անդրանիկ Նիստը

Փետրուար 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nist_021016

10 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նոր մասնաշէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու  համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցէր Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Նիստը կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Օրակարգի վրայ էին Լրագրողներու 8-րդ համաժողովի խորագիրի որոշումին, կազմակերպման վայրի, թուականի, զեկուցումներու նիւթերը, ինչպէս նաեւ 2016-ին «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի կազմակերպման եւ ծրագիրին հետ կապուած հարցերը:

Նիստին հեռակապով կը մասնակցէին Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Միացեալ Նահանգներէն  լրագրող, հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեան եւ Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան:

Nist1_021016Min-Diaspora_021016Ողջունելով նիստի բոլոր մասնակիցները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը ուրախութեամբ նշեց, որ համահայկական 8-րդ համաժողովը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն: «8-րդ համաժողովին համար լաւագոյնը կարելի է նկատել «Հայոց պետականութիւնը մեր միասնութեան առանցքն է» խորագիրը», նշեց Հրանուշ Յակոբեան` առաջարկելով համաժողովը կազմակերպել 21-էն 24 հոկտեմբերին` Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ:

Շնորհաւորելով նախարարը եւ նախարարութեան ամբողջ անձնակազմը` նոր եւ յարմարաւէտ մասնաշէնք տեղափոխուելու առիթով` Շահան Գանտահարեան մաղթեց արգասաբեր աշխատանք: Համակարգող խորհուրդի նիստին նախագահը նշեց, որ համամիտ է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին հետ` համաժողովի խորագիրին, կազմակերպման թուականին եւ վայրերուն վերաբերեալ: «Մենք պէտք է ժամանակին եւ հետեւողականօրէն գումարենք համակարգող մարմինի նիստերը` համաժողովի աշխատանքները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու նպատակով», նշեց Գանտահարեան:

Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան նշեցին, որ իրենց կառոյցները նոյնպէս բոլոր ջանքերը պիտի ներդնեն համաժողովը պատշաճ կերպով կազմակերպելու համար:

Հեռակապով նիստին մասնակից խմբագիրները նոյնպէս ողջունեցին համաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարին առաջարկները եւ վստահեցուցին, որ իրենց լրատուամիջոցներուն մէջ ընթերցողներուն պարբերաբար իրազեկ պիտի դարձնեն համաժողովին մասին:

2016-ի «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն մասին խօսեցաւ դպրոցի նոր նշանակուած ղեկավար, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի  փոխտնօրէն  Մհեր Յովհաննիսեան: Իր խօսքին մէջ Մհեր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ հիմնականին մէջ Լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներուն: Խօսելով նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին` վերջինս նշեց, որ այս տարի շեշտը առաւելապէս պիտի դրուի  գործնական աշխատանքներուն վրայ: «Ստեղծուած է եւ կը գործէ «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի կայքը` dss.am, ուր կարելի է ամբողջական տեղեկութիւն ստանալ դպրոցի բոլոր 6 դասընթացքներուն  մասին», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Եզրափակելով նիստը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ սփիւռքի լրատուամիջոցները աջակցին Լրագրողներու դասընթացքի մասնակիցներու թիւը բարձրացնելու եւ աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ` մշտապէս իրենց կայքերուն մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ին մասին տեղեկութիւն տեղադրելով:

 

 

Նախորդը

Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Անդրադարձած Է Հայ-Թրքական Սահմանին Փակ Ըլլալուն

Յաջորդը

Հաստատուած Է Ցանկը Այն Օրէնքներուն, Որոնք Պիտի Ընդունուին Կամ Փոփոխութեան Ենթարկուին Նոր Սահմանադրութեան Հիման Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?