Վարդանանց Տօնը`
Անթիլիասի Մէջ
Հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Եկեղեցական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Պատարագը մատուցեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:
Պատարագիչ սրբազանը առաջնորդուելով Զաքարիայի մարգարէութեան հետեւեալ խօսքով` «Այսպէս կ՛ըսէ զօրութեանց Տէրը, ո՛չ զօրքով եւ ո՛չ զէնքի ուժով, այլ միայն իմ հոգիովս» (Զք 4:6), անդրադարձաւ Վարդանանց խորհուրդին ձգած ազդեցութեան հայ ժողովուրդի պատմութեան ու գոյապայքարին վրայ: «Այս խօսքերը ցոյց կու տան այն ճանապարհը, որուն մէջէն անցան Սրբոց Վարդանանց 1036 վկաները: Մեր պատմութեան ամէնէն նշանակալից դէպքին եւ մեր պատմութեան նոր շունչ, նոր ոգի, ապրելու եւ գոյատեւելու նոր ոճ տուող Վարդանանց հերոսներու պատկերը եւ պայծառ ներկայութիւնը, մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ հոգեւոր նորոգութեան, ազգային գիտակցութեան, ինքնութեան ու պատկանելիութեան խնդիրները կը լուծեն, ի տես այն բուռ մը ազնուական, աստուածային առաքինութեամբ զարդարուած հերոսներուն, որոնք հայ ժողովուրդի կեանքին նոր ընթացք կու տան», ընդգծեց Շահան սրբազան:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր դպրեվանքի ուսանողներուն կողմէ ժողովուրդին ներկայացուեցան Վարդանանց տօնին նուիրուած շարականներ եւ երգեր:
Ապա խօսք առաւ Արամ Ա. կաթողիկոս եւ ըսաւ. «Մեր ազգային ու կրօնական տօնացոյցին մաս կազմող Սրբոց Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց տօները, որոնք յաջորդաբար կը նշուին մեր եկեղեցւոյ կողմէ, սովորական տօներ չեն. անոնք կրօնական ու ազգային իմաստով խորունկ նշանակութիւն ունին եւ կարեւոր պատգամ մը` դարերէն եկող ու դարերուն գացող: 451 թուականին Տղմուտ գետի ափին տեղի ունեցած ճակատամարտը, ռազմական իմաստով սովորական ճակատամարտ մըն էր: Սակայն, պատմութեան փոշիներուն տակ չէ ծածկուած, այլ մնայուն ու ճառագայթող ներկայութիւն դարձած է մեր ամբողջ պատմութեան մէջ, իր իւրայատուկ խորհուրդով ու յաւերժական պատգամով:
Վեհափառ հայրապետը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ տակաւին կը յիշենք այս տօները: Իր այս հարցումին պատասխանը քաղելով պատմութեան մեզի տուած դասերէն յայտնեց`
«Ա) Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք ոչ միայն հաւատքի մղումով ուղղուեցան Աւարայր, այլ` ի խնդիր այդ հաւատքի պաշտպանութեան: Առաքեալներու կողմէ հայրենի հողին վրայ ցանուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ վերընձիւղած, Սահակ-Մեսրոպի կողմէ հայացած քրիստոնէական հաւատքը, նոյն ժամանակներու պատմիչին վկայութեամբ «մորթի գոյն» ստացած էր հայութեան համար: Ան անքակտելիօրէն շաղախուած էր հայու արեան, էութեան, ձգտումներուն ու տագնապներուն հետ: Ահա թէ ինչու, երբ թշնամին կը փորձէր այդ հաւատքը սպաննել հայուն մէջ, հայն էր, որ պիտի սպաննուէր հայուն մէջ: Այս ճակատագրական կացութեան դիմաց ահաւասիկ հայութիւնը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ամուր կեցուածք կը ճշդէր` հաւատքով ամրացած զօրեղ կեցուածք:
«Բ) Վարդանանք ուղղուեցան Աւարայրի դաշտ ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան: Արդարեւ, քրիստոնէական հաւատքին դէմ ուղղուած որեւէ փորձ, նաեւ ուղղուած էր հայրենիքին դէմ: Ա՛յս էր հայ ժողովուրդի անխախտ համոզումը: Կրօն ու հայրենիք նոյնացած են հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հաւատքի պաշտպանութիւնը հայրենիքի պաշտպանութիւնն էր, եւ` փոխադարձաբար: Հաւատքի ազատութիւնը հայրենիքի ազատութիւնն էր, եւ` փոխադարձաբար: Պատահական չէ հետեւաբար, որ հայ դպրոցի դասարաններէն սկսեալ մինչեւ հայ եկեղեցւոյ խորանները, Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց իբրեւ կարգախօս կը յիշեն «վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց»-ը: Այս կարգախօսին հաւատքով, ոգիով ու տեսիլքով Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք իրենց արիւնը թափեցին Աւարայրի դաշտին վրայ, ու յաջորդող սերունդներուն փոխանցեցին նոյն հաւատքը, նոյն ոգին ու տեսիլքը: Հետեւաբար, այսօր, երբ կը նշենք այս զոյգ տօները, անհրաժեշտ է, որ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ ապրինք ու ապրեցնենք Վարդաններու ու Ղեւոնդներու, ինչպէս նաեւ անոնց հաւատքին զօրութեամբ ու հաւատարմութեամբ պատմութեան ընթացքին հայրենիքին եւ հաւատքին համար արիւն թափած, յայտնի թէ անյայտ բոլոր Վարդաններն ու Ղեւոնդները: Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ պատմութիւնը վերածէ անցեալի, այլ խօսքով` անցածի: Պատմութիւնը իր խորհուրդով ու պատգամով, իր երկունքներով ու ձգտումներով պէտք է ապրի ներկային մէջ: Պատմութիւնը կերտողը անձեր են ու այդ անձերը` սուրբ թէ հերոս, պէտք է դառնան մեզի համար ներշնչումի աղբիւր եւ հաւատքի ու հաւատարմութեան տիպարներ»:
Վեհափառ հայրապետին ոգեշնչող ու գօտեպնդող պատգամէն ետք երգուեցան «Կիլիկիա»-ն ու Հայրապետական մաղթերգը: Աւարտին ներկաները պահպանիչ աղօթքով ստացան հայրապետական օրհնութիւնները:
Հոծ Թիւով Հաւատացեալներու Ներկայութեան
Վարդանանց Յիշատակի Նշում` Նորաշէնի Մէջ
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, հանդիսաւոր կերպով եւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան նշուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, չորեքշաբթի առաւօտուն տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյ:
Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Նորաշէնի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր առաջնորդ սրբազանը մատուցեց Ս. պատարագ:
«Ով քա՛ջ նիզակակիցներս, չերկնչինք ու չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն եւ ո՛չ ալ մահկանացու մարդու ահռելի սուրէն փախուստ տանք, որպէսզի եթէ Տէրը յաղթութիւն պարգեւէ մեզի, ոչնչացնենք թշնամիին զօրութիւնը® իսկ եթէ հասած է պահը, որ այս պատերազմի ընթացքին մեր կեանքը սուրբ մահով պսակենք, ապա ուրախ սրտով դիմաւորենք մահը. միայն թէ չըլլայ, որ վատութիւն խառնենք մեր խիզախութեան ու քաջութեան»: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզը սկսաւ Վարդանանց ճակատամարտի նախօրեակին սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի արտասանած յիշեալ խօսքերով` աւելցնելով, որ հայոց զօրագունդը, բացի դաւաճան Վասակ Սիւնիէն, մնաց սպարապետին կողքին եւ պատերազմեցաւ թշնամիին դէմ:
Առաջնորդ սրբազանը վերյիշեցնելով պատմութիւնը ըսաւ, որ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր 1036 վկաները նահատակուեցան: «Անոնք այսօր մեր եկեղեցւոյ համար սուրբեր են եւ մեր ժողովուրդին համար անմահ հերոսներ, որովհետեւ իրենց կեանքով ոչ միայն իրենց հաւատքը եւ հայրենիքը պաշտպանեցին, այլեւ վատութիւն չխառնեցին հայ ժողովուրդի քաջ եւ խիզախ նկարագիրին մէջ», հաստատեց Շահէ եպս. Փանոսեան` աւելցնելով, որ Վարդան իր 1036 վկաներով միասին կեանք պարգեւեց հայ ժողովուրդին եւ օրինակը հանդիսացաւ այն բազում յաղթանակներուն, որոնց քովէն անցնելով հայ ժողովուրդը տակաւին մինչեւ այսօր ներկայ է աշխարհի մէջ իր ինքնուրոյն նկարագիրով, իր անկախ հայրենիքով, իր քրիստոնէական հաւատքով, ազգային բարքերով, ինքնուրոյն մշակոյթով, որովհետեւ հայ հաւաքականութեան մէջ անպակաս մնացած է Վարդան Մամիկոնեանի օրինակով քաջերու ներկայութիւնը:
Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ մեր ժողովուրդը տակաւին գիտակից է իր ինքնութեան, հաւատարիմ` իր արմատներուն, կը ճանչնայ իր արժէքները եւ գիտէ, թէ գիտակից մահը անմահութեան կ՛առաջնորդէ եւ անգիտակից մահն է, որ կը սպաննէ ու կը քայքայէ մեր ինքնութիւնը: «Դարեր ետք կ՛անդրադառնանք, որ տագնապալից մեր կեանքին մէջ, դժուարութիւններով եւ նեղութիւններով լի մեր առօրեային մէջ որքա՛ն պէտք ունինք Վարդանանց օրինակին, անոնց քաջութեան եւ խիզախութեան, որպէսզի նորագոյն դժուարութիւններուն դիմաց տեղի չտանք, չկորսնցնենք մեր ինքնութիւնն ու ազգային նկարագիրը, այլ` մնանք պատնէշի վրայ խիզախօրէն, քաջաբար` իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդները Վարդանանց սերունդին», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան` աւելցնելով, որ Վարդանանք գեղեցկագոյն եւ բարձրագոյն օրինակը պարզեցին հայոց պատմութեան դժուարին մէկ պահուն, երբ Սասանեան պետութիւնը կը փորձէր իր կրօնը, մշակոյթը եւ հեղինակութիւնը պարտադրել ազատատենչ ժողովուրդի մը վրայ, որ իր գոյութեան առաջին օրէն սկսեալ իր ազատութեան տենչին համար մարտնչեցաւ, պայքարեցաւ, հայոց բարձրաւանդակին վրայ ինքզինք հաստատելու համար թափեց անհամար արիւն, բայց ապրեցաւ, գոյատեւեց եւ անկախ հայրենիքի մէջ յաջողեցաւ իր կեանքը ամփոփել:
Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը աղօթեց, որ Աստուած ամրացնէ բոլորին գիտակցութիւնը եւ անոնց պարգեւէ ամրութիւն, որպէսզի յաղթական մնան իրենց տեսակաւոր մարտնչումներուն մէջ, նաեւ անոնց անմահութեան ճամբան ցոյց տայ, որպէսզի իրենց կեանքը գիտակցօրէն վարելով կարենան ըլլալ եւ մնալ պիտանի անհատներ` ի սպաս ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով Յակոբ Գալայճեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի` 2016 տարին «Ծառայութեան տարի» հռչակելու որոշումին ըսաւ, թէ ծառայութիւնը խոնարհութեան եւ հեզութեան հոմանիշն է, մանաւանդ երբ կը կատարուի բարի նպատակներու համար` աւելցնելով, որ մեր ազգային կառոյցներուն մէջ գործող ազգայինները իրենց ծառայութեան բաժինը կը բերեն յանուն հայութեան եւ մարդկութեան: «Ծառայութեան կոչուած մարդիկ իրենց անձը կը զոհեն եւ կեանքի հաճոյքներէն կը զրկուին ի սպաս իրենց հաւատացած վսեմ նպատակին», հաստատեց Յ. Գալայճեան եւ ըսաւ, որ ծառայութեան ծիրին մէջ եկեղեցիներուն եւ անոնց շուրջ համախմբուող կառոյցներուն դերը մեծ է, որովհետեւ անոնք ճիգ չեն խնայեր օգտակար հանդիսանալու բոլոր կարօտեալներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ ներկայացուց ազգային երգերու փունջ մը: Ապա մեներգներով ելոյթ ունեցան դպրաց դասի անդամներէն Նաթալի Գնտոյեան` «Մանուկներու հայր մեր», Ռիթա Թովմասեան` «Փուր թուա Արմենի» եւ «Իլ սոն թոմպէ», Անայիս Կէտիկեան` «Ծաղկած բալենի», «Կռունկները» եւ «Ամպեց կորաւ», Յովիկ Թաֆրանեան` «Ծաղիկներ, ծաղիկներ», «Չքնաղ երազ», «Պարտէզում վարդ է բացուած» եւ «Աշխարհում սիրել եմ քեզ»: Յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գէորգ Գատէհճեան, որ մեկնաբանեց «Ով որ քաջ է» երգը:
Սիրոյ սեղանի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան հաստատեց, որ սոյն սիրոյ սեղանին քով-քովի ըլլալը արդէն իսկ ուրախութեան առիթ եւ միջոց է մեզի համար: Ան շնորհաւորեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որ անցնող տարեշրջանի ընթացքին կարգ մը դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք այսօր կանգուն է: Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետին եւ անոր շուրջ համախմբուած թաղականութեան անդամներուն ժրաջան աշխատանքը եւ ունեցած գործունէութիւնը: Ան մաղթեց, որ եկեղեցին մօտ օրէն ունենայ նաեւ իր վայելուչ վերնատունը եւ կոչ ուղղեց միջոցներ ստեղծելու թաղականութեան համար, որպէսզի անմիջապէս կարենայ այդ ծրագիրը իրականացնել: «Այս եկեղեցին արժանի է ձեր աջակցութեան, որովհետեւ եկեղեցւոյ ընտանիքը լաւագոյն ձեւով կը փորձէ այս միջավայրին մէջ իր ծառայութիւնը մատուցել ի սպաս եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:
Այնուհետեւ Շաքէ եւ Սեդօ Պաղտասարեան ամոլը ազգային-հայրենասիրական երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց
Եղբայրակցութեան Կեդրոնի Մէջ
Հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Սրբոց Վարդանանց հերոսամարտի 1565-ամեակին առիթով, գեղարուեստական յուշ-երեկոյ մը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, միութեան սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան եւ հոծ բազմութիւն մը:
Ձեռնարկը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ եղբայրակցութեան քայլերգով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոն կիրակնօրեայի տեսուչ Մարիա Ինճէեան: Ան իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի մտածումներէն մին, թէ «Աւարայրը հայութեան մկրտարանն է, անոր հաւատքի աւազանին մէջ պէտք է մկրտուի իւրաքանչիւր հայ»: Ան նշեց, որ քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք Վարդանանց հերոսամարտը մեծագոյն ճակատամարտն էր յանուն հաւատքի եւ հայրենիքի: Մարիա Ինճէեան յայտնեց, որ իբրեւ նոր սերունդի զաւակներ, պէտք է վարդաններու տիպար օրինակները դառնանք:
Ան իր խօսքին վերջին բաժինով անդրադարձաւ Վարդանանց հերոսամարտի խորհուրդին եւ ներկայ օրերուն ու անցեալին միջեւ կապին` նշելով հետեւեալ երեք կէտերը.-
Ա. Ինքնութեան պահպանում: Լաւ ճանչնալ մեր ինքնութիւնը եւ պատրաստ ըլլալ մարտնչելու մեր կրօնին համար:
Բ. Ապրիլ ներկան: Վարդանանք ապրեցան 451-ին մենք կ՛ապրինք 2016-ը` անոնց նման դէմ դնելով ձուլումի վտանգին:
Գ. Նուիրում: Ինչպէս Վարդան եւ իր ընկերները զոհաբերեցին իրենց կեանքերը, մենք ալ կանչուած ենք նուիրելու մեր կեանքը վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց:
Ապա ընթացք առաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը, զոր ներկայացուցին Կեդրոն կիրակնօրեայի աշակերտները: Անոնք հերթաբար բեմ բարձրանալով ասմունքեցին Վահան Թէքէեանէն եւ Ժագ Ս. Յակոբեանէն Վարդանանց նուիրուած արտասանութիւններ: Աշակերտները խանդավառութեամբ երգեցին «Արեգակն արդարութեան» շարականը, «Թէ հայրենեաց պսակադիր», «Աւարայրի դաշտը», «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» երգերը: Կենդանի պատկերով աշակերտները լաւապէս մարմնաւորեցին Վարդանանց տիպարները: Շատ հաճելի հնչեց մանկապարտէզի երեխաներուն կողմէ արտասանուած «Հայ եմ ես, քաջ եմ ես» ասոյթը:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ան սահմանելէ ետք «յեղափոխութիւն» բառը նշեց, թէ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ մեծագոյն յեղափոխութիւն կատարողը Քրիստոսն էր: Փիլիսոփաներ եկան բացատրելու Աստուծոյ գոյութիւնը, բայց անոնց բացատրութիւնը պակասաւոր էր, որովհետեւ անոնք չունէին մտքի լոյսը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կը հանդիպինք երեք յեղափոխութիւններու, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքը հարստացուցին.
Ա. Հոգիի յեղափոխութիւնը: 301 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը հանեց հեթանոսութեան հագուստը եւ հագուեցաւ լոյսի հագուստը:
Բ. Միտքի յեղափոխութիւնը: Հայ հոգեւորականները` գլխաւորութեամբ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին եւ Վռամշապուհ արքային, գիրերու գիւտը կատարեցին:
Գ. Հաւատքի յեղափոխութիւնը: 451 թուականին մենք գիտէինք, որ մեր դիմաց կեցողը հզօր պետութիւն մըն էր, բայց վստահելով Աստուծոյ հովանաւորութեան, առաջնորդուեցանք պատերազմի:
Ապա հայր սուրբը անդրադարձաւ քրիստոնէական կեանքի, որ միայն խօսք չէր, այլ նաեւ ապրելակերպ էր եւ Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատումը:
Զինուորապէս հայը պարտուեցաւ, բայց իր մշակոյթով, եկեղեցիով հայը յաղթեց:
Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան անդրադարձաւ, թէ այսօր հաւատքը պակսած է մեզմէ: Հաւատքը կ՛ենթադրէ պայքար: Մեր մեծագոյն հակառակորդները մեր անձերն են: Ուրեմն, երբ վերանորոգենք մեր միտքը, ազնուացնենք մեր կեանքը, այդ ժամանակ կը պարտուի Յազկերտը: Ան թելադրեց Վարդանանց հոգիով իջնել աշխարհ եւ պաշտպանել քրիստոնէական հաւատքը:
Հուսկ երգուեցան «Նորահրաշ» շարականը եւ «Ով դու բարեկամ» երգը երիտասարդացին կողմէ:
«Հայր մեր»-ով եւ Հայր սուրբին պահպանիչով վերջ գտաւ ձեռնարկը: