Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օժանդակութեան Լիբանանահայ Մարմինի Հիմնադրութիւն

February 6, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ojantag_020516

Շաբաթներու նախապատրաստական աշխատանքներէ եւ քննարկումներէ ետք, տեղի ունեցաւ Օժանդակութեան լիբանանահայ մարմինի հիմնադրութիւնը, նախաձեռնութեամբ լիբանանահայ բարեսիրական միութիւններու: Մարմինին մաս կը կազմեն Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, Գարակէօզեան հաստատութիւնը, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ընկերային ծառայութեան գրասենեակները:

Օժանդակութեան լիբանանահայ մարմինը պիտի զբաղի լիբանանահայ, սուրիահայ եւ իրաքահայ կարիքաւոր պարագաներու ընկերային հարցերով: Մարմինը պիտի համադրէ գաղութին ընկերային ծառայութեան գրասենեակներ դիմող պարագաներուն կարիքները եւ միացեալ գործակցութեամբ պիտի մշակէ օժանդակութիւններու բաշխումի աւելի արդիւնաւէտ ու գործնական միջոցներ:

Մարմինին ժողովը, երէկ, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ համախմբեց լիբանանահայ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք այս առիթով քննեցին գաղութին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական տեսակաւոր հարցերը եւ միացեալ ճիգերով զանոնք յաղթահարելու ձեւերը: Ներկայացուցիչները առաջնահերթութիւն նկատեցին, առանց ազգային ու յարանուանական խտրութեան, մեր ժողովուրդի կարօտեալ զաւակներու կարիքներուն ընդառաջելու հրամայականը եւ, առ այդ, ճշդեցին աշխատանքի համապատասխան ուղեգիծ:

Մարմինը իր ժողովները պիտի գումարէ երկշաբաթական դրութեամբ եւ իր առնելիք քայլերուն մասին մեր ժողովուրդը տեղեակ պիտի պահէ յաջորդական յայտարարութիւններով:

ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ
ՄԱՐՄԻՆ

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հալէպի Բերդին Վերջին Լուսանկարները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.