Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Մենք Դուրս Կու Գանք Միանձնեայ Ղեկավարման Շրջանակներէ»

February 6, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

kayq-600x283

5 փետրուարին տեղի ունեցած խորհրդարանական զրոյցներուն ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան պատասխանած է լրագրողներուն հարցումներուն, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերէին իշխանութեան հետ համագործակցութեան:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ որքա՞ն արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ համագործակցութիւնը իշխանութիւններուն հետ, երբ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը որոշած է չհամագործակցիլ իշխանութիւններուն հետ` այդ մէկը անարդիւնաւէտ նկատելով. Աղուան Վարդանեան պատասխանած է. «Ինչ որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը կ՛որոշէ, ատիկա իր խնդիրն է, ներկուսակցական հարցերը, եւ ես բացարձակապէս հետաքրքրուած չեմ, բայց մենք ըսած ենք, որ բնական համագործակցութիւնը, համախմբական կառավարութիւնը ընտրութիւններէն ետք կ՛ըլլան, եւ ատիկա իրական է, երբ որեւէ քաղաքական ուժ առանձին մեծամասնութիւն չ՛ունենար, եւ երբ որոշումները յստակ մէկը միւսով պայմանաւորուած են: Բայց մենք նոր իրավիճակի մը մէջ կը գտնուինք, ունինք հսկայական աշխատանք` գոնէ սկսելու կեանքի կոչել նոր համակարգը: Այստեղ, այո՛, մենք կը գտնենք, որ ուժերու միաւորումը կրնայ արդիւնք տալ: Մենք կ՛ուզենք այս երկրին մէջ գոնէ դրական պզտիկ փոփոխութիւններ յառաջացնել, յոյս ներշնչել, որ համակարգը իսկապէս լիարժէք կ՛աշխատի: Այո՛, մէկ տարին բաւարար է անոր համար, վեց ամիսն ալ բաւարար է, երեք ամիսն ալ թերեւս բաւարար` յոյս յառաջացնելու: Գաղտնիք չէ, որ Հանրապետականը զուարթնոց չէ, այսինքն` հրեշտակներու հաւաքավայր: Նոյնիսկ Դաշնակցութիւնը զուարթնոց չէ: Բնական է, որ տարբեր մօտեցումներ, տարբեր կարծիքներ ըլլան, բայց մեզի պէս քաղաքական ուժը կ՛ունենայ յստակ առանցք եւ ուղղութիւն: Եթէ մենք համոզուած չըլլանք, որ ճիշդ բան կը կատարենք, վստահ եղէք, որ չենք կատարեր: Մենք գիտենք, որ այս երկրին մէջ կան լրջագոյն խնդիրներ, եւ անհրաժեշտ են արմատական փոփոխութիւններ: Կրնա՞նք նպաստել անոնց, ուրեմն կ՛աշխատինք»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նկատի ունէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանովը, երբ կ՛ըսէր, որ Դաշնակցութեան հետ կը նախատեսուի մշակել երկարաժամկէտ, կայուն համագործակցութիւն` Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ խօսքը կը վերաբերի ապագային եւս, եթէ կարելի ըլլայ համագործակցութեան լաւ հիմեր դնել, փոփոխութիւններ ու յոյս յառաջացնել, 2017-ի ընտրութիւններու արդիւնքներէն մեկնած, պիտի քննարկուի արդէն յստակ ձեւաչափը:

«Ուզենք, թէ չուզենք, մենք դուրս կու գանք միանձնեայ ղեկավարման շրջագիծէն, ինչ որ կ՛ենթադրէ բոլորովին այլ յարաբերութիւններ, բոլորովին այլ տեսակի աշխատանք», յայտնած է Վարդանեան` յորդորելով լրագրողները կարդալ Կարօ Արմէնեանի յօդուածը «Ասպարէզ»-ի մէջ:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ 4 փետրուարի  դրութեամբ չաւարտեցան համագործակցութեան շուրջ իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւնները` Աղուան Վարդանեան ըսած է, որ ոչ ոք յայտարարած էր, թէ 4 փետրուարին անոնք պիտի աւարտէին: «Մենք ունինք առնուազն երեք հարց, որոնք կը պահանջեն ժամանակ, աշխատանք, քննարկումներ: Առաջին հարցը այն է, որ հաւանական համագործակցութեան արդիւնքով մենք պէտք է մեր քաղաքացիներուն ու հասարակութեան ըսելիք ունենանք, թէ ի՞նչ կը  ծրագրենք կատարել, ինչպէ՞ս կը ծրագրենք, ի՞նչ ուղղութիւններով պիտի  աշխատինք, եւ ատիկա պէտք է ըլլայ իսկապէս այսօրուան իրատեսութիւններէն բխող: Ասիկա կ՛ենթադրէ փոխադարձ համաձայնեցում», ըսած է ան: Երկրորդ ուղղութիւնը, ըստ Վարդանեանի, միացեալ որոշումներ կայացնելու, քննարկելու եւ համաձայնեցնելու մեքանիզմն է: Երրորդ ուղղութիւնը պատասխանատուութիւնն է:

 

Նախորդը

Զոհուած Է 20-Ամեայ Բանակային Մը

Յաջորդը

«Արեւմտեան Հայաստանի Ու Կիլիկիոյ Մեր Բռնագրաւուած Ազգապատկան Ու Եկեղեցապատկան Կալուածներու Ցանկագրումը Անյետաձգելի Անհրաժեշտութիւն Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 8, 2026
Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.