Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու Համար» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 12, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

DerKhatchadourian1_31116

Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու համար» գիրքին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին:

Համբիկ Միսաքեան
Համբիկ Միսաքեան
Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան
Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան
Կարօ Յովհաննէսեան
Կարօ Յովհաննէսեան

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համբիկ Միսաքեան, որ «Ռոստոմ» կոմիտէին անունով ողջունեց ներկաները, ապա ներկայացուց Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի կենսագրական տուեալները եւ գործունէութիւնը` ըսելով, թէ Տէր Խաչատուրեան եղած է ինքնավստահ ու լայնախոհ եւ օժտուած է առաջնորդելու կարողութեամբ: Ան իր կեանքին ընթացքին կրած է զրկանք ու տառապանք, բայց կառչած մնացած է ազգային արժէքներուն` անձնուրացօրէն ծառայելով ազգին, եկեղեցիին ու կուսակցութեան:

Հ. Միսաքեան նշեց, որ Հ. Տէր Խաչատուրեան մեծ դեր ունեցած է կառուցելու տուն, դպրոց ու եկեղեցի: Խօսքի աւարտին Միսաքեան ըսաւ, որ ի պատիւ Հ. Տէր Խաչատուրեանին Հայաշէնի եկեղեցին կոչուած է Մշոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անունով, եւ անոր շնորհիւ այսօր հայութիւնը կը վայելէ Հայաշէնի եկեղեցին ու մանաւանդ ժողովրդային տունը: Ան շնորհաւորեց Տէր Խաչատուրեան ընտանիքի անդամները` մաղթելով անոնց յարատեւ վերելք եւ ապագայ ծրագիրներու յաջողութիւն:

Համազասպ Տէր խաչատուրեանի ծոռը` Ալիք Մեսրոպեան, կարդաց հատուածներ «Ապրելու համար» գիրքէն: Իսկ Վարդան Գարապաճաքեան փունջ մը երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ յայտագիրին:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ Կարօ Յովհաննէսեան, որ հրատարակութեան պատրաստած ու խմբագրած է Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու համար» գիրքը: Կարօ Յովհաննէսեան ըսաւ, թէ Հ. Տէր Խաչատուրեան իր յուշերը գրի առած է 1945-ին` Արաբ-Բունար գտնուած ժամանակ: Ապա ժամանակ առ ժամանակ մշակած է զանոնք: Կարգ մը հատուածներ հրատարակած է պարբերական մամուլին մէջ, իսկ 1960-ական թուականներուն վերջաւորութեան յուշերը վերջնական ձեւի մէջ դասաւորած:

Ան ըսաւ, թէ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան պատանի տարիքէն ճաշակած է կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:1918-ին պատսպարուած է Տիգրանակերտ, ապա 1922-ին տեղահանուած է Հալէպ, եւ վերջապէս` 1929-ին հաստատուած Պէյրութ:  Ան տարած է ազգային, հայրենասիրական եռուն գործունէութիւն: Վարած է զանազան պաշտօններ եւ ստանձնած բազմաբնոյթ պարտաւորութիւններ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ: Տունը բաց եղած է բոլորին առջեւ, եւ ականատեսի վկայութիւններով վերածուած է ուխտատեղիի. հոն հիւրընկալուած են Սօսէ մայրիկ, Շահան Նաթալի, Միսաք Թորլաքեան, Կարօ Սասունի, Վահան Փափազեան, Գասպար Իփէկեան եւ շատ ուրիշներ:

Կարօ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի զաւակները շարունակած են իրենց հօր ուղին ու առաջնորդուած են անոր սկզբունքներով ու խրատներով, ապա ըսաւ, թէ Տէր Խաչատուրեան ինքնաշխատութեամբ ինքզինք կերտած է: Սորված է լեզուներ: Ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, Տարօնի պատմութիւնը, անոր առօրեայ կեանքը, բանահիւսութինը: Ան ոչ միայն անյագ ընթերցող եղած է, այլեւ պրպտող ու քննարկող: Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ թղթակցութիւններ: Ան ունեցած է դիտելու եւ մարդոց հոգիին ու մտքին մէջ թափանցելու կարողութիւն:

Կ. Յովհաննէսեան դիտել տուաւ, թէ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան միշտ իրեն հետ պտտցուցած է իր ծննդավայրը, որ իր հոգիի էութիւնը եղած է: Իր բովանդակութեամբ եւ իր պարզութեամբ ու հրապուրիչ լեզուով Տէր Խաչատուրեանի յուշագրութիւնը իբրեւ հում նիւթ կը ծառայէ հայ ժողովուրդի մէկ ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հոգեբանութիւնը ուսումնասիրելու համար: Հատորը եղաւ նաեւ հազուագիւտ հրատարակութիւններէն մէկը, որ լոյս տեսաւ Լիբանանի մէջ Ապրիլեան եղեռնի 100-ամեակին առիթով:

Գեղամ արք. Խաչերեան
Գեղամ արք. Խաչերեան

Սրտի խօսք արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ըսաւ, թէ իր մանկութեան ճանչցած է Համազասպ Տէր խաչատուրեանը, որ բարի եւ հայրական վերաբերմունք կը ցուցաբերէր մանուկներուն եւ պատանիներուն նկատմամբ: Ան յայտնեց, որ գիրքը չի սահմանափակուիր սոսկ ընտանիքի մը պատմութիւնը ըլլալով , այլ ուղղուած է բոլորին եւ կը փոխանցէ սրբազան պատգամ մը, որ ազգային ժառանգութեան տէր կանգնիլն է: Գեղամ արք. Խաչերեան դիտել տուաւ, թէ գիրքը կը կազմէ ազգապահպանման առօրեայ պայքարի մը առանցքը եւ անձնական ու հաւաքական կեանքի փորձառութեան մը ամբողջութիւնն է: Ան ըսաւ, թէ Տէր Խաչատուրեան թէեւ ուսում չէր ստացած, բայց թրծուած եղած է ֆետայիներու շունչով: Սրբազանը նաեւ աւելցուց, որ Համազասպ Տէր Խաչատուրեան իր գործով կը մտնէ հայ ժողովուրդի յաւիտենականներու փաղանգին մէջ:

Տէր Խաչատուրեան ընտանիքին անունով խօսք առաւ Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան: Ան ըսաւ, թէ իր հօրը յուշերը բովանդակող գիրքը հրատարակուած է Եղեռնի 100-ամեակին առիթով, ապա` ակնարկելով հօրը ապրած տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական դժուարութիւններուն, ըսաւ, թէ իր հայրը չէ ընկրկած, այլ դիմագրաւած է դժուարութիւնները վերապրելու կամքով: Ան նշեց, որ իր հայրը կեանքի պայքարը յուշագրութիւններու ճամբով  անմահացուցած է եւ ազգին վերադարձուցած է կեանքի դառն պայքարի յիշատակարանը: Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան յայտնեց, որ Եղեռնէն մազապուրծ եղած Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի ու անոր եղբօր ընտանիքը այսօր արդէն բազմանդամ դարձած է եւ կը շարունակէ իր հօր ու մեծ հօր աւանդը պահել: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են ձեռնարկի կազմակերպման ու մանաւանդ գիրքի լոյս ընծայման:

Ձեռնարկի աւարտին հարազատ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ Կարօ Յովհաննէսեան Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի գիրքերը մակագրեց ներկաներուն` հիւրասիրութեան մը ընթացքին:

DerKhatchadourian6_31116

 

Նախորդը

Թատերական Կեանքը Յուզող Նիւթերով Հանդիպումներու Շարքին Երկրորդը. Հրաչ Թոքաթլեան Ներկայացուց Կի Տըպորի Տեսակէտը Թատրոնի Եւ Ֆիլմարուեստի Մասին

Յաջորդը

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակ. Յակոբ Հաւաթեան. «Կը Խոնարհինք Վաւերական Գործիդ, Մեծ Վաստակիդ, Անբասիր Նկարագիրիդ Ու Դաշնակցական Ղեկավարի Արժանիքներուդ Դիմաց»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?