Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Մենք Պէտք Է Աշխատինք Բաց, Թափանցիկ, Հրապարակային»

Մարտ 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ardzvig_31116

9 մարտին Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է նախարար Արծուիկ Մինասեանի հրաւիրած առաջին ընդլայնուած խորհրդակցութիւնը, որուն մասնակցած են նախարարի տեղակալները, խորհրդականները, նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարը, կառուցուածքային եւ առանձնացուած ստորաբաժանումներու, նախարարութեան համակարգի ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարները:

Ան յայտնած է, որ նման խորհրդակցութիւններ ու հանդիպումներ պիտի ունենան պարբերական բնոյթ, որպէսզի քննարկուին կատարուող աշխատանքներուն ընթացքը, լուսարձակի տակ առնուին տնտեսութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները, ներկայացուին զեկուցումներ` ձեռքբերումներուն վերաբերող: «Որպէսզի ամբողջ համակարգը տեղեակ ըլլայ ընթացիկ վիճակէն, եւ, որ ամէնէն կարեւորն է` մենք պէտք է աշխատինք բաց, թափանցիկ, հրապարակային, առանց թաքցնելու այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք ծառացած են մեր դիմաց», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

Ըստ անոր, որպէսզի հետագայ աշխատանքը ըլլայ կազմակերպուած, տրամաբանական եւ անոր համապատասխան արդիւնքները ըլլան չափելի, ինչ որ հետագային հիմք պիտի ծառայէ յստակ պաշտօնէութեան պատրաստութեան քաղաքականութեան իրականացման, նախարարը խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է քանի մը հիմնարար խնդիրներու վրայ:

Ան նշած է, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները, ըստ էութեան, տնտեսական քաղաքականութեան առումով նոր մօտեցումներ առաջադրած են, ինչ որ նախ եւ առաջ կը վերաբերի տնտեսութեան նախարարութեան , եւ նախարարութեան իւրաքանչիւր աշխատակից, անկախ պաշտօնէն, պէտք է գիտակցի, որ իր պարտականութիւններուն մաս կը կազմէ սահմանադրութեան այդ եզրերուն կեանքի կոչուիլը:

Խօսելով պետութեան տնտեսական կարգին վերաբերող տիպարներու` ընկերային, շուկայական տնտեսութեան մասին, Արծուիկ Մինասեան շեշտած է, որ անհրաժեշտ է այդ օրինակը վերածել ծրագրային գործողութիւններու եւ իրական նախաձեռնութիւններու, որպէսզի հանրութիւնը տեսնէ, թէ ի՛նչ կը ներկայացուի իրեն:

Իբրեւ յաջորդ կարեւոր խնդիր նախարարը շեշտը դրած է կայուն զարգացման սահմանադրական պահանջին վրայ: Այնուհետեւ ան կարեւոր նկատած է ընդերքի արդիւնաւէտ կառավարումը` շեշտելով, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը հոս ո՛չ միայն տնտեսական պահանջներու առաջադրման, այլ նաեւ վերահսկողութեան յստակ գործիքակազմեր պէտք է ունենայ:

Արծուիկ Մինասեան անդրադարձած է նաեւ 12 փետրուարի ելոյթին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանի տուած յանձնարարականներուն`  ուղղուած բոլոր նախարարութիւններուն եւ յատկապէս տնտեսութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն` շեշտելով, որ անոնք կը վերաբերին նախարարութեան բոլոր օղակներուն անխտիր, եւ պէտք է լուծուին ամէնօրեայ նպատակային եւ հետեւողական աշխատանքով: Նախարարը նշած է, որ նախարարութիւնը պէտք է կարգաւորող մարմինէն վերածուի նաեւ օրինակ ցոյց տուող մարմինի, համակարգում կատարող կազմակերպութիւններուն նկատմամբ խիստ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն կիրարկելու միջոցով օրինակ ծառայէ միւս նախարարութիւններուն եւ մարմիններուն համար:

Հայաստանի նախագահին յանձնարարականներուն կատարման առնչութեամբ Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է իր տեսլականը նոր արտաքին ներդրումներու ներգրաւման, Հայաստանի մէջ արտադրուող ապրանքներուն եւ ծառայութիւններուն համար նոր շուկաներ եւ ուղղութիւններ գտնելու, պիւտճէական միջոցներու սպառման արդիւնքը մեծցնելու եւ այլ խնդիրներու վերաբերեալ:

Նախարարը խօսած է նաեւ ՀՅԴ-ՀՀԿ կուսակցութիւններուն համաձայնագիրէն բխող շարք մը գործողութիւններու մասին` առանձնացնելով իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի լիարժէք գործադրութիւնը,  հանրային իշխանութեան եւ գործառնութեան  միատեղումը բացառող կանոնները, անօրինական գործունէութեան բացառումը, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան բարձրացումը, հայկական սփիւռքի դերի եւ մասնակցութեան նոր գործիքակազմերու մշակումը, պետական սեփականութեան կառավարման որակի եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացումը, սեփականութեան իրաւունքի եւ ներդրումներու պաշտպանութեան ծրարի մշակումն ու գործադրումը, խնայողութիւններու ձեւաւորման խթանումը, նոր ներդրումներու ներգրաւումը եւ աշխատատեղերու ստեղծումը, տարածքային համաչափ եւ կայուն զարգացման ծրագիրներու իրականացումը, հարկային քաղաքականութեան վերանայումը, տարածքներու համաչափ զարգացման խթանումը, համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան համակարգի ստեղծումը եւ այլն:

Խորհրդակցութեան աւարտին Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է նաեւ իր պաշտօնէութեան պատրաստութեան քաղաքականութեան սկզբունքները` նշելով, որ պիտի առաջնորդուի 3 հիմնական մօտեցումով` արհեստավարժութիւն, պատասխանատուութիւն եւ հայրենասիրութիւն, եւ շեշտած է, որ ասոնցմէ որեւէ մէկուն բացակայութիւնը ընդունելի պիտի չըլլայ:

 

Նախորդը

Ռուսիա Կ՛օժանդակէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման

Յաջորդը

Ներթափանցման Փորձ Մը Կասեցուած Է. Ազրպէյճան Ունի Առնուազն Երկու Մեռեալ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?