Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 11 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Այնճարի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 30-ամեակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Գիւղի հոգեւոր հայրերը կատարեցին հոգեհանգստեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, նահատակ ընկերոջ ընտանիքին եւ ընկերներուն, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան ու ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն եւ մեծ թիւով հայրենակիցներու:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամները ծաղկեպսակ զետեղեցին նահատակ ընկերոջ շիրիմին կողքին:


Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց ձեռնարկին պաշտօնական բաժինը Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան սրահին մէջ, ուր Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Եսայի Հաւաթեան:
Ան խօսեցաւ նահատակ Զաւէն Թաշճեանի նկարագիրի յատկութիւններուն մասին եւ ներկայացուց անոր ունեցած ներդրումը գիւղի կուսակցական, ազգային եւ մշակութային կեանքին մէջ:
Ան շարունակեց ըսելով, թէ Զաւէն Թաշճեան ՀՅԴ-ի այն ղեկավարներէն էր, որոնք քաջութեամբ դիմագրաւեցին բոլոր դժուարութիւններն ու սպառնալիքները` իրենց կեանքը զոհաբերելով կուսակցութեան բարձր արժէքներու պահպանութեան ի խնդիր: Ան ըսաւ, թէ Զաւէն Թաշճեան իր կեանքը նուիրեց իր գիւղին, ժողովուրդին, կուսակցութեան եւ ազգին` դառնալով Այնճարի այն նահատակը, որուն յիշատակը կը շարունակէ գոյատեւել հակառակ ժամանակի մաշումին:
Այնուհետեւ ներկաները հետեւեցան նահատակ ընկերոջ նուիրուած լուսանկարներու ցուցադրութեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նայիրի Հապէշեանի, որմէ ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Կրէյս Գալուստեան ներկայացուց նահատակ ընկերոջ նախասիրութիւններէն «Նայիրեան դալար բարտին» ասմունքը:
Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն Յասմիկ Այնթապլեան Ֆլիւթով եւ Գէորգ Տէր Սարգիսեան կիթառով ներկայացուցին «Աղբերս ու ես» երգը:
Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան ներկայացնելէ ետք Զաւէն Թաշճեանի մասին իր անձնական յիշատակներն ու տպաւորութիւնները ըսաւ, թէ «ընկ. Զաւէնին գործին ու վաստակին մասին խօսելու համար, դաշնակցական խօսքն ու գրութիւնը միշտ ալ պիտի մնան անբաւարար: Ապագային, երբ առիթ տրուի հրապարակայնօրէն ուսումնասիրելու հայութեան այդ ժամանակահատուածի պատմութիւնն ու իրադարձութիւնները, վստահաբար այն ատեն գալիք սերունդները պիտի գիտակցին, թէ ի՛նչ վճռորոշ դերակատարութիւն ստանձնած էր ընկ. Զաւէն հայ կեանքին մէջ` հայոց պատմութեան ճակատագրորոշ մէկ հանգրուանին: Մինչ այդ ընկ. Զաւէնին առաքինի արժանիքները, առթած ոգին ու վեհութիւնը պիտի շարունակեն համակել իրերայաջորդ սերունդները»:
Ան շարունակեց ըսելով, թէ նահատակ Զաւէն Թաշճեանի համար Այնճարը մեծ ներաշխարհ մըն էր եւ ան հմտութեամբ թափանցած էր այդ ներաշխարհին բոլոր մանրամասնութիւններուն` պարին, երգին, ասմունքին, զանազան բնագաւառներուն, աւանդութիւններուն, մուսալեռցիի նկարագրային գիծերուն մէջ, եւ վերջապէս` Մուսա Լերան քառասնօրեայ համաժողովրդային դիմադրութեան փաստը վերածած համազգայինի մեծ նուաճումի:
Հաւաթեան ՀՅԴ Լիբանանի մեծ ընտանիքին եւ Այնճարի հայութեան անունով ըսաւ. «Կը խոնարհինք վաւերական գործիդ, մեծ վաստակիդ անբասիր նկարագիրիդ ու դաշնակցական ղեկավարի արժանիքներուդ դիմաց եւ անգամ մը եւս կու գանք վերանորոգելու մեր ուխտը` շարունակելու սուրբ գործը, էապէս դաշնակցական գործը անառիկ դարձնելու այս ամրոցը անսասան պահելու մեր ազգային պահանջատիրութեան երթը, միշտ ի խնդիր մեր մեծ երազի իրականացման, որուն համար ծնար, գործեցիր ու նահատակուեցար»:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով: