Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բուռն Վէճեր Ազգային Երկխօսութեան Նիստի Ընթացքին

March 10, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hiwar_030916

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:10-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան 16-րդ նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը ներկայացուց երեսփոխան Ղազի Արիտի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանին եւ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները, ընտրական օրէնքի յանձնախումբին պատրաստելիք տեղեկագիրին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Հակառակ այն իրականութեան, որ ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին բոլորը յանձնառու մնացին քննարկելու այն հարցերը, որոնք այդ նիստին յատուկ են, սակայն աղբի տագնապը պարտադրեց ինքզինք: Այդ առումով Պըրրի յայտնեց, որ աղբի տագնապը վերածուած է ազգային թղթածրարի, եւ կոչ ուղղեց աճապարելու այդ հարցը լուծելու:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը սկսած է աւելի լուրջ կերպով քննարկել հարցերը: «Երկիրը փուլ գալու սեմին է, եւ կարելի չէ աննպատակ երկխօսութիւնը շարունակել», ըսաւ ան:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ քննարկուած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահը հաստատած է, որ այդ ընտրութիւնը կարելի է կատարել միայն սահմանադրութեամբ ճշդուած օրինաթիւով, այսինքն` խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդին ներկայութեամբ:

Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, նիստին ընթացքին արձանագրուած են բուռն վէճեր, որոնցմէ անդրադարձ կատարուեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի միջեւ արձանագրուած բանավէճին, որուն ընթացքին Ֆրենժիէ ըսած է. «Կարելի չէ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը մէկ հոգիի անձով սահմանափակել: Ո՛չ ոք կրնայ ջնջել մեզ, իսկ Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ սխալները արձանագրուած են իբրեւ հակազդեցութիւն` այդ համաձայնագիրէն առաջ զօր. Աունի վարուելակերպին»:

Իր կարգին, Պասիլ հերքեց Ֆրենժիէի հետ բանավէճին մասին լուրը, շեշտելով, որ նախագահական ընտրութեան օրինաթիւը չապահովելու քայլը սահմանադրական իրաւունք է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հետեւիլ ժողովուրդին տեսակէտներուն:

Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 30 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ:

Նախքան նիստը սկսիլը, երեսփոխան Բագրատունի Այն Թինէի մէջ աղբի տագնապին լուծման մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Մեզի ոչինչ առաջարկուած է, բայց եթէ մեզի առաջարկուի որեւէ ծրագիր, մենք կրնանք ընդունիլ կամ մերժել: Կը խօսինք առաջարկէն ետք, իսկ ոչ ոք մեր ժպիտը թող մեկնաբանէ իբրեւ հաւանութիւն»:

Նիստէն ետք, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս նիստը եղած է Ազգային երկխօսութեան վատագոյն նիստերէն` աւելցնելով, որ քննարկուած է նախագահական ընտրութիւնն ու այդ ընտրութեան համար խորհրդարանի օրինաթիւը չապահովելու իրականութիւնը:

Նախորդը

Պըրրի Կառավարութեան Ճակատագիրով Չէ Մտահոգուած

Յաջորդը

Հայերը Վիրաւորելուն Համար Տաւութօղլուի Դէմ Դատական Հայց

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.