Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա Չ՛երաշխաւորեր Յաղթանակի Կամարին Տակ Խոջալուի Համար Տեղի Ունեցած Արարողութիւնը

Մարտ 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

CCAF_31016

«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան երկուշաբթի, 7 մարտին ընդունուած են Նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղար Ժան-Մարք Թոտեսքինիի կողմէ:

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահները դատապարտած են Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած քարոզչական արշաւը, ինչպէս` 26 փետրուարին Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցած բոցի արծարծման արարողութիւնը, որ կազմակերպուած է ընդառաջելով Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմումին:

Պաքուի քարոզիչները այդ պահը վերածած են Խոջալուի զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան մը: Նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղարը ցաւ յայտնած է ի տես Պաքուի կատարած չարաշահումին` շեշտելով, որ Ֆրանսական պետութիւնը բացարձակապէս չ՛երաշխաւորեր նման արարողութիւններ: Ան աւելցուցած է, որ Բոցի արծարծման յանձնախումբը բոլորովին անկախ մարմին մըն է եւ երբեք չի դիմեր Ֆրանսայի կառավարութեան, Յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցող արարողութիւններուն մասին ո՛չ անոր կարծիքը առնելու, ո՛չ ալ զայն տեղեակ պահելու համար:

Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան շեշտը դրած են Պաքուի նախաձեռնութեան ստայօդ բնոյթին վրայ, որուն միջոցով անիկա կը փորձէ մոլորեցնել հանրային կարծիքը` գործածելով ֆրանսական կառավարութիւնը: Այս հանդիպման արդիւնքէն ի յայտ կու գայ, որ ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը փորձած է քարոզչական ձեռնարկ մը, որ յաջողած է ֆրանսական որոշ շրջանակներու մօտ` Պաքուի լոպիին տարած աշխատանքին շնորհիւ:

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահները հանդիպումէն դուրս ելած են ապահովուած: Բոցի արծարծման յանձնախումբը այսուհետեւ զգօնութեան պիտի հրաւիրուի ֆրանսական կառավարութեան կողմէ: Համանախագահները 3 մարտին հետեւեալ նամակը ղրկած էին Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալսին. «Պարո՛ն վարչապետ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը խոր ընդվզումով տեղեկացաւ, որ 26 փետրուարին Յաղթանակի կամարին տակ` «Խոջալուի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման» արարողութիւն մը տեղի ունեցած է` Ազրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրպայովի ներկայութեամբ:

«Նոյն նպատակով, 25 փետրուարին ալ համերգ մը տրուած է Էնվալիտի Սեն-Լուի եկեղեցւոյ մէջ, որ կախեալ է Բանակներու թեմէն: Ազրպէյճանի կողմէ ծրագրուած այս ձեռնարկները մաս կը կազմեն քարոզչութեան մը, որ կը միտի հայերը ցոյց տալ իբրեւ «ցեղասպաններ» եւ աւելին` ատիկա կը կատարուի Ֆրանսայի կողմէ ալ պաշտօնապէս ոգեկոչուած` 1915-ի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ճիշդ վաղորդայնին: Այն դէպքերը, որոնց կ՛ակնարկեն այս ձեռնարկները, «ցեղասպանութեան» հետ ոչ մէկ կապ ունին: Անոնք պատահած են ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին, որ երկու կողմերէն 30.000 զոհեր խլեց: Անմեղ հազարաւոր հայ քաղաքացիներ կոտորուեցան այդ տագնապին ընթացքին, թէ՛ պատերազմի հուրին ներքեւ (Ստեփանակերտի անվերջ հրթիռակոծում, ապա նաեւ 10 ապրիլ 1992-ին` Մարաղայի ջարդերը), թէ՛ ալ ճակատէն հարիւրաւոր մղոններ հեռու, հրադադարի պայմաններու մէջ. 28 փետրուար 1988-ին եւ յաջորդող օրերուն` Սումկայիթի ջարդը (հարիւրաւոր զոհեր), 13-էն 19 յունուար 1990-ին Պաքուի ջարդերը (շուրջ 400 զոհ), նոյեմբեր 1988-ին Կիրովապատի ջարդը, որ պատճառեց աւելի քան հարիւր զոհ եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ ալ անհետացան:

«Այս պատերազմին մասին ֆրանսական հանրային կարծիքին անգիտութիւնը շահագործելով` հայերը իբրեւ «ցեղասպաններ» ներկայացնելու Ազրպէյճանի ընթացքը ինքնին անընդունելի է: Իսկ Ֆրանսայի պաշտօնական վարչական շրջանակներուն` ալիեւեան վարչակարգին լայնօրէն նպաստած քարոզչական այդ գործողութեանց մասնակից դառնալը բազմաթիւ հարցականներու տեղի կու տայ: Մանաւանդ, որ Ֆրանսա տագնապի լուծումին կոչուած Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր ըլլալով, լաւատեղեակ է անցուդարձին: Հայոց դէմ ուղղուած զրպարտական այս գործողութիւնները, որոնք կ՛երաշխաւորուին Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ, իսկական գրգռութիւններ են, որոնք խորապէս կը ցնցեն ծագումով հայ Ֆրանսացիները, որոնք լաւ կը գիտակցին «ցեղասպանութիւն» եզրին բուն կշիռին:

«Ա՛լ աւելի կը դժուարանանք հասկնալու այս խեղաթիւրումներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ակներեւ հաճոյակատարութիւնը, մինչ գիտենք ձեր փարումը հայ ժողովուրդի դատին, զոր հանրապետութեան նախագահը 28 յունուարին` Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքին բնութագրեց իբրեւ «արդարութեան դատը»:

«Սպասելով ձեր պատասխանին, պարո՛ն վարչապետ, կը փոխանցենք մեր բարձրագոյն յարգանքներուն հաւաստիքը:

Մուրատ Փափազեան
Արա Թորանեան»

 

Նախորդը

Ֆինանսավարկային Եւ Պիւտճէական Հարցերու Մնայուն Յանձնախումբի Փոխնախագահ Ընտրուած Է Աղուան Վարդանեան

Յաջորդը

«Ընտրողներու Ցուցակներու Հրապարակումը Տարիներ Շարունակ Եղած Է Մեր Պահանջը» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?