Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ Եւ Կազմակերպութեամբ` «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Եւ Պէյրութի Քաղաքապետարանին Մէջ Տեղի Ունեցան Զոյգ Ձեռնարկներ

Մարտ 9, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

L-A-U-1_030816

Կիներու միջազգային օրուան առիթով երէկ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը հովանաւորեց եւ կազմակերպեց երկու ձեռնարկներ, որոնցմէ առաջինը կատարուեցաւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին հետ  գործակցութեամբ, իսկ երկրորդը տեղի ունեցաւ Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան հետ գործակցաբար:

Զոյգ ձեռնարկներուն շեշտը դրուեցաւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն լիբանանցի կնոջ մասնակցութեան անհրաժեշտութեան վրայ եւ այդ առումով մեկնարկը կատարուեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին ծրագրած տեղեկատուական արշաւին:

Կիներու Միջազգային Օրը
«
Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Մէջ

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպութեամբ եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին հետ գործակցութեամբ, երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Էլ. Էյ. Եու.» Պէյրութի համալսարանի «Իրվին» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը` «Կիները քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ` առ ի զօրակցութիւն տեղական բարգաւաճման» կարգախօսը կրող ազգային արշաւին լոյսին տակ:

L-A-U-2_030816

Պաշտօնական հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղասսան Մխայպէր, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատուներ, որոնց կարգին` խորհուրդի դիւանի անդամ Սօսի Փոլատեան, խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ, Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի անդամ Մայ Խալիլ, «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի տնօրէն Լինա Ապի Ռաֆեհ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Լուքա Ռանտա, ինչպէս նաեւ կնոջական եւ ընկերային հարցերու տարբեր կազմակերպութիւններու, միութիւններու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուեցաւ, թէ ինչպէս 8 մարտը դարձած է կիներու միջազգային օր, ընդգծելով արաբ կնոջ յառաջդիմութիւնը` ընկերային կեանքը կերտելու իմաստով:

Ապա համալսարանի նախագահ Ժոզեֆ Ժապրայի անունով խօսք առաւ Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի անդամ Մայ Խալիլ, որ շեշտեց, թէ ինք լիբանանցի բոլոր կիներուն նման կին է, եւ հակառակ իր պարտականութիւններուն յանձնառու մնալուն, կը մնայ անիրաւուած:

Խալիլ նշեց, որ երբ կնոջ մասին կը խօսուի, անդրադարձ կը կատարուի անոր ազատութեան կաշկանդումին, իրաւունքի ոտնակոխումին, անտեսումին, իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքէ զրկուելուն, տնային վայրագութեան ենթարկուելուն եւ այլ հարցերու, «սակայն պէտք է նաեւ լուսարձակի տակ առնել կիներու իրաւունքներուն համար Լիբանանցի կնոջ ազգային խորհուրդին, այլ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու տարած աշխատանքները եւ արձանագրած նուաճումները», ըսաւ ան:

Խալիլ հաստատեց, որ քաղաքապետարանները կարեւոր վայրեր կը նկատուին` կնոջ աշխատանքի ծաւալման եւ քաղաքական կեանքին մէջ անոր դերակատարութեան ապահովման համար:

«Կինը իր ամուսնոյն հետ ամբողջութիւն կը կազմէ, սակայն այդ մէկը կարելի չէ առանց անոնց միջեւ հաւասարութեան ապահովումին», ըսաւ Խալիլ:

Ապա խօսք առաւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի տնօրէն Լինա Ապի Ռաֆեհ, որ լուսարձակի տակ առաւ արաբական աշխարհին մէջ սեռային հաւասարութեան հաստատումը` արդար աշխարհ մը ունենալու համար:

Ապի Ռաֆեհ ընդգծեց, որ երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատելու պահանջը կը մնայ տիրական` աւելցնելով, որ այդ նուաճումը իրագործելու համար հարկ է փոփոխութիւն բերել եւ այդ փոփոխութեան պէտք է նպաստէ նաեւ արական սեռը` ընկերային արդարութիւն հաստատելու ի խնդիր:

«Մեր հիմնարկը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը եւ իր ներդրումը պիտի ունենայ բոլոր արշաւներուն մէջ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են կնոջ արդար, մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն», ըսաւ ան:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ յայտնեց, թէ Լիբանանի նման ազատամիտ երկրի մը համար ամօթ է կին ներկայացուցիչներու արձանագրած ցած համեմատութիւնը, երբ Թունուզ եւ Մարոք ընդունած են քոթայի դրութիւնը, եւ կիներուն շնորհած են քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային եւ այլ իրաւունքներ:

Քարամ նշեց, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան քոթան եւ կնոջ կողմէ իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու օրէնքը պէտք է վաւերացուին, իսկ այս հանգրուանին պէտք է կեդրոնանանք «Կիները քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ` առ ի զօրակցութիւն տեղական բարգաւաճման» կարգախօսը իրագործելու առաքելութեան վրայ:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Լուքա Ռանտա ողջունեց կիները եւ դրուատեց Լիբանանի մէջ Կիներու միջազգային օրը հանդիսաւոր կերպով նշելու նախաձեռնութիւնը:

Ռանտա լուսարձակի տակ առաւ քաղաքապետական ընտրութիւնները` շեշտելով, որ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրը կը գործէ ներքին գործոց նախարարութեան հետ` քաղաքապետական ընտրութիւնները կազմակերպելու առնչութեամբ:

«Լիբանանի նման ազատ եւ յառաջդիմած երկրի մը համար քաղաքական կեանքին մէջ կնոջ ներկայացուցչութիւնը խոցելի համեմատութիւն կը կազմէ», ըսաւ ան:

Ապա ցուցադրուեցաւ մէկ վայրկեան տեւողութեամբ վիտէօ մը, որ պատրաստուած էր քաջալերելու համար կինը` քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ձեռնարկին ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները անպայման պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ յետաձգում կամ պաշտօնավարութեան երկարաձգում պիտի չարձանագրուի, ի՛նչ ալ ըլլան քաղաքական իրադարձութիւնները:

«Քաղաքապետական ընտրութիւնները առիթ են, որ Լիբանանի մէջ կինը իր գոյութիւնը փաստէ` այդ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելով եւ քուէարկութեամբ մասնակցելով: Լիբանան խիստ կարիքը ունի, որ իգական սեռը մասնակից դառնայ քաղաքական կեանքին, նկատի ունենալով անոր եռանդը», յայտնեց ան:

Մաշնուք, իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի կնոջ եւ աղջկան, ըսաւ. «Դո՛ւն կէս մարդ չես, դո՛ւն ամբողջ երկիրն ես: Մասնակցէ՛, քաղաքապետարանդ քու որոշումդ է»:

nadwa_030816

Ձեռնարկը աւարտեցաւ կլոր սեղանով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսփոխան Ղասսան Մխայպեր, նախկին նախարար Ուաֆա Տիքա Համզէ, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պուշրա Այթանի եւ «Ռահվիրայ կիներ» կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ Նատա Անիտ:

Կլոր սեղանի հանդիսավարն էր Քլոտ Ապու Նատեր Հընտի:

Կլոր սեղանին ընթացքին Մխայպեր շեշտեց, որ պէտք է ընդունիլ, թէ լիբանանեան վարչակարգին սահմանափակումները չեն արտօներ, որ կինը կարենայ թեկնածութիւնը դիւրութեամբ ներկայացնել: Ան ընդգծեց նաեւ քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ առաջարկուած քոթայի դրութեան բարեփոխումի անհրաժեշտութիւնը:

«Հարկ է ժողովրդավարութիւնն ու ապակեդրոնացեալ դրութիւնը բարեփոխել», ըսաւ ան:

Պէյրութի Քաղաքապետարանին Մէջ
Տեղեկատուական Արշաւի Մեկնարկ

Municip--Beyrouth_030816

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին եւ Եւրոպական Միութեան գործակցութեամբ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պէյրութի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանցի կնոջ քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասնակցութեան վերաբերող տեղեկատուական արշաւ մը, որուն շրջագիծին մէջ առաջին անգամ ըլլալով սփռուեցաւ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն յղուած ծանուցումը:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատուներ, Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ, նախկին նախարարներ, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ կնոջական եւ ընկերային հարցերու տարբեր կազմակերպութիւններու, միութիւններու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նաեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Ազատուհի Սարգիսեան եւ Իսկուհի Գաբլանեան:

Խօսք առաւ Պիլալ Համատ, որ շեշտեց, թէ առանց կնոջ մասնակցութեան յաջող ընտրութիւններ չկան: Ան հաստատեց, որ Պէյրութի քաղաքապետութիւնը պատրաստ է օժանդակելու եւ զօրակցելու կնոջ` ընկերային կեանքին մէջ արդարութեան ի խնդիր:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անունով խօսք առաւ Աֆիֆա Սէյիտ, որ շեշտեց, թէ կնոջ հմայքին ու գրաւչութեան մասին արտասանուած փաղաքշական խօսքերէն արդէն իսկ զզուած են եւ կը փափաքին խօսիլ անոր իրաւունքներուն իմաստով արձանագրուած նուաճումներուն մասին:

Ան նշեց, որ լիբանանցի կինը քաղաքապետական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին մշակած տասնամեայ ռազմավարութեան հիման վրայ: Ան նշեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն լիբանանցի կնոջ մասնակցութեան համար Իտալիոյ դեսպանատունը նիւթական որոշ գումար մը յատկացուցած է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյրութի քաղաքապետութեան եւ Ե. Միութեան:

Ապա խօսք առաւ Քրիսթինա Լասըն, որ ընդգծեց. «Երբ կինը քաղաքական կեանքին մէջ չէ ներկայացուած, անոր ձայնը լսելի չի դառնար»:

Լասըն մատնանշեց, որ քաղաքական բանալի դիրքերու վրայ կիներ չեն գործեր: «Մեզի համար ցաւալի է տեսնել, որ ամբողջ շրջանին մէջ լիբանանցի կնոջ ներկայացուցչութիւնը ամէնէն ցած համեմատութիւնը կը ներկայացնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ վերջին քանի մը տարուան ընթացքին Ե. Միութեան երկիրներուն մէջ կիներուն ներկայացուցչութեան համեմատութիւնը զգալիօրէն բարձրացաւ:

«Մայիսին տեղի ունենալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն կիները պէտք է մասնակցին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն եւ անոնց պէտք է զօրակցին բոլորը, որպէսզի երաշխաւորեն լիբանանցի կնոջ մասնակցութիւնը` Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ», շեշտեց Լասըն:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեղեկատուական արշաւին յատուկ վիտէոն:

Ձեռնարկին աւարտին, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի անդամ Ռիթա Շմալի վարեց կլոր սեղան մը, որուն մասնակցեցան Լասըն, Շուֆի քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահ եւ Պաաքլինի քաղաքապետ Նուհա Ղսէյնի, Այնթուրայի քաղաքապետ Լապիպ Աքիքի եւ ընտրական բարեկարգումի քաղաքացիական արշաւի ներկայացուցիչ Մաքրամ Օուէյս:

Կլոր սեղանին ընթացքին ընդգծուեցաւ կուսակցութիւններուն եւ կիներու յատուկ միութիւններուն կողմէ լիբանանցի կինը քաջալերելու եւ անոր թեկնածութիւնը ֆինանսաւորելու կարեւորութիւնը:

Ընդգծուեցան նաեւ կնոջ յաւելեալ վստահութիւն շնորհելու, շրջանակին մտայնութիւնն ու վարչակարգը փոխելու անհրաժեշտութիւնը:

Կլոր սեղանը եզրափակուեցաւ շեշտելով, որ կինը կը ներկայացնէ լիբանանեան ընկերութեան 50 առ հարիւրը, եւ որ զայն պէտք չէ դուրս ձգել` իսկական ներկայացուցչութիւն եւ յաջող ու կազմակերպուած աշխատանք ունենալու համար:

 

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբը Արժանավայել Ձեւով Նշեց Կիներու Միջազգային Օրը

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Ընթացքին Ամերիկեան Օդուժի 19 Անդամներ Սպաննուած Են

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?