Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Լեւոն Մկրտչեանի. Աւագ Դպրոցը Պէտք Է Դառնայ Այն Կարեւոր Օղակը, Որ Հիմնական Դպրոցը Պէտք Է Կապէ Բարձրագոյն Կրթութեան Հետ

March 8, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

LevonMkrtchian_030716

Կրթութեան մարզը բնական է, որ միշտ ունենայ խնդիրներ, եւ մեր երկիրներուն նման երկիրներու մէջ, ուր, ցաւօք սրտի, կայ նիւթական միջոցներու սղութիւն, այդ խնդիրները մեզի ուղեկցող են: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՛ կրթութեան մարզի ժառանգութիւն փոխանցուած է իրեն նախկին նախարար Արմէն Աշոտեանէն:

«Կրթութեան մարզը ունի իւրայատկութիւն մը, այն է, որ 1998-էն սկսեալ  շարունակական քաղաքականութիւն եղած է, որ փոխանցուած է նախարարէ նախարար: Այս իմաստով արդիւնքները եւ կարգ մը  բացթողումները, զորս մենք այսօր ունինք, արդիւնք են նաեւ երկարատեւ այս հոլովոյթին: Այսինքն` խնդիրները բոլորիս են եւ պէտք է փորձենք արդիւնքները հզօրացնել եւ բացթողումներն ալ սրբագրել», ըսաւ ան եւ նշեց, որ ծրագիր չունի մշակուած եւ բաւական հետեւողականօրէն որդեգրուած քաղաքական գիծը փոխելու:

«Մենք կրցած ենք ստեղծել կրթական համակարգի հաստատութենական կառոյց, այժմ եկած է այն հանգրուանը, որ մենք կրնանք լուրջ բովանդակային ներդրում կատարել այդ կառոյցներուն մէջ», ըսաւ նախարարը:

Հարցումին, թէ արդեօք աւագ դպրոցներու վերաբերեալ ձեր գնահատականը, ըստ որուն` ծնողները չեն ուզեր իրենց երեխաները  ուղարկել աւագ դպրոց, քննադատութիւն չէ՞ր ուղղուած Արմէն Աշոտեանին, Լեւոն Մկրտչեան պատասխանեց. «Ոչ, անձնաւորուած կարելի չէ ընդունիլ, որովհետեւ, ի վերջոյ, շատ բարդ խնդիր մը կը փորձենք լուծել»: Ան յիշեցուց, որ աւագ դպրոցներու ձեւաւորման հոլովոյթը սկսած է իր նախարար եղած տարիներուն վերջին շրջանին, այնուհետեւ շարունակուած է Սպարտակ Սէյրանեանի պաշտօնաւորման ընթացքին:

«Այստեղ կարեւոր խնդիր կայ: Աւագ դպրոցները պէտք է դառնան այն կարեւոր կապող օղակը, որ հիմնական դպրոցը պէտք է կապէ բարձրագոյն կրթութեան հետ եւ այդ կապող օղակը պէտք է ուղղուած ըլլայ մէկ կողմէ դէպի հիմնական դպրոց, միւս կողմէ` դէպի համալսարան», ըսաւ նախարար Մկրտչեան:

 

Նախորդը

Վանի Մասին Փաստաթուղթեր Նուիրուած Են Մատենադարանին

Յաջորդը

Արցախ. Գիտագործնական Խորհրդաժողով` Նուիրուած Դաշնակցութեան 125-Ամեակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.