Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով` Կիներու Իրաւունքներու Յարգումը Պահանջող Քայլարշաւ

March 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

arshav_030816

Կանանց միջազգային օրուան առիթով կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան գաղափարը միաւորած է Երեւանի, Լոռիի եւ Շիրակի մարզերէն կիներ ու այրեր, ինչպէս նաեւ քիւրտեր, հաշմանդամներ:

Երեւանի Իսահակեանի արձանի մօտէն ընթացք առած է կանանց իրաւունքներու միջազգային օրուան նուիրուած քայլարշաւը: Կին գործիչները, կիներու իրաւունքները պաշտպանող նշանաւոր անձնաւորութիւններու լուսանկարներով Աբովեան փողոցով ուղղուած են դէպի Հիւսիսային պողոտայ:

«Մենք կը պայքարինք, որ հաւասարութիւն սահմանուի կանանց ու տղամարդոց միջեւ, վերցուին այն խտրականութիւնները, որոնց կը բախի հայ կինը: Սաղմի սեռին վրայ հիմնուած վիժումներու թիւով Հայաստան աշխարհին մէջ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ ծնունդէն ետք  մենք ստիպուած կ՛ըլլանք պայքարիլ կարծրատիպերու դէմ, զորս մեր վիզին աւանդաբար կը փաթթեն», յայտնած է քայլարշաւի մասնակիցներէն Էլուիրա Մելիքսէթեան:

«Կանանց իրաւունքի օր ամէն օր», «Կանայք տարբեր են», «Որոշումը իմս է», «Ո՛չ հայրիշխանութեան, ոչ տէրերուն», «Կնոջ տեղը այնտեղ է, ուր ան կ՛ուզէ», «Պիտի չլռեմ», «Մազերս երկար է, խելքս աւելի» կոչերով գործիչներու հարթակի քանի մը տասնեակ ներկայացուցիչներ քայլարշաւը աւարտած են Կարապի լիճին մօտ:

Քայլարշաւին մասնակից կիները կը կրէին շապիկներ` հետեւեալ գրառումներով. «Հաւասարութիւն», «Կինն ու տղամարդը հաւասար են», «Կ՛ուզեմ ապրիլ»:

Քայլարշաւին ընթացքին անոնք կիներու իրաւունքներուն մասին իրազեկող թռուցիկներ բաժնած են երեւանցիներուն:

 

Նախորդը

Քենթաքի Նահանգին Մէջ Հակահայկական Բանաձեւը Մերժուած Է

Յաջորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախի Անկախութեան Ճանաչման Ուղղութեամբ Կը Սպասուին Հետաքրքրական Զարգացումներ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.