Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը, ինչպէս յաճախ Արամ Ա. կաթողիկոս կը շեշտէ, սովորական դատ մը չէ. ան հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի՛ն դատն է:
Նկատի ունենալով, որ ներկայ դատով Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ ետք առաջին իրաւական քայլն էր, որ կ՛առնուէր` ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու եւ յատկապէս բռնագրաւուած եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն հայ ժողովուրդի բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձը արգելակող թուրք կառավարութիւններուն կողմէ առնուած յաջորդական շարք մը որոշումները, առաւել` կաթողիկոսարանի վերադարձի թղթածրարին ըստ էութեան քաղաքական բնոյթը, դատի իրաւական թղթածրարին պատրաստութիւնը դիւրին չեղաւ: Անցնող շուրջ չորս տարիներուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարաններու օրէնքներու խումբ մը մասնագէտներ երկար պրպտումներու, ուսումնասիրութիւններու եւ խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ, այս դատական թղթածրարը պատրաստեցին իր պատմական ու իրաւական երեսներով եւ զայն Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացուցին 27 ապրիլ 2015-ին, ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք:
Դատի ներկայացման թուականէն մինչեւ օրս հետեւեալ զարգացումները արձանագրուեցան. ա) Դատին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացուելէն շուրջ երկու ամիս ետք, դատարանը փաստաթուղթեր պահանջեց` վեհափառ հայրապետին դատ բանալու իրաւական կարգավիճակը հաստատող: Օրին, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը փոխանցուեցան դատարան: բ) 1 մարտ 2016-ին, կաթողիկոսարանի փաստաբանը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին յուշագիր մը յղեց` պահանջելով դատական ունկնդրութեան նիստ:
Թրքական Սահմանադրական դատարանի լռութեան դիմաց, վեհափառ հայրապետին առաջարկով եւ նախագահութեամբ, 5 մարտ 2016-ին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի դատին իրաւական խմբակին հանդիպումը, որուն հիմնական նպատակն էր մէկ կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատին գործընթացը արագացնող կարելիութիւններու քննարկումը, եւ միւս կողմէ` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին ուղղութեամբ քայլեր առնելու կարելիութիւններու յստակեցումը` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ որդեգրուելիք հաւանական մօտեցումներուն լոյսին տակ:
Դատարանին կողմէ մեր դատին քննարկումը արագացնելու նպատակով, ժողովը լսեց թուրք փաստաբաններուն եւ յանձնախումբին փոխանցուած Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի գործունէութեան մօտէն ծանօթ երկու մասնագէտներու տեսակէտները: Այս ծիրին մէջ պարզուեցաւ, որ ներկայիս Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի սեղանին վրայ մեծ թիւով քննարկուելիք թղթածրարներ կան, նոյնիսկ 2012 թուականէն ի վեր: Եւ մեկնելով այն իրողութենէն, որ` ա) Դատարանը իրաւունք ունի, եւ օրինակները բազմաթիւ են, իր հայեցողութեամբ դատական քննութեան համար թղթածրարներու առաջնահերթութիւն հաստատելու` նկատի ունենալով ներկայացուած դատերուն բնոյթն ու անմիջականութիւնը. բ) նկատի ունենալով Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջի դատին նա՛եւ քաղաքական բնոյթը, կրնայ մեր դատը Սահմանադրական դատարանին կողմէ նկատուիլ «ոչ առաջնահերթ» եւ հետեւաբար, դատարանը կրնայ որդեգրել ձգձգումի քաղաքականութիւն:
Փոխանցուած տեղեկութիւններու եւ կատարուած մեկնաբանութիւններու լոյսին տակ, կաթողիկոսարանի դատին իրաւական խմբակը եզրակացուց հետեւեալը. 1) Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ մեր կողմէ լիազօրուած փաստաբանը պէտք է շարունակէ յիշեցման յուշագիրներ ներկայացնել դատարանին: 2) Յուշագիրները ստանալէ ետք դատարանը կրնայ երեք հաւանական մօտեցումներ որդեգրել. ա) լուռ մնալ. բ) պարզապէս յուշագիրներ ստացած ըլլալը հաստատել. գ) յայտնել, թէ հարկ է թղթածրարի քննարկման համար դատարանին կողմէ ճշդուելիք թուականին սպասել:
Սահմանադրական դատարանին յիշեալ հաւանական մօտեցումները փաստօրէն կ՛ենթադրեն դատի քննարկման ձգձգում: Այս պարագային անհրաժեշտ է. Առաջին, «տրամաբանական ժամանակ» մը սպասել եւ ապա դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, որուն կանոնագրութեան 6-րդ յօդուածին համաձայն, որեւէ դատի գծով յատկացուած «տրամաբանական ժամանակի» խախտումը, իրաւունք կու տայ ընդունիլ իրեն ներկայացուած դատ մը: Երկրորդ, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ կատարուելիք հետապնդումներուն զուգահեռ պատրաստել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան ներկայացնելու մեր դատի թղթածրարը` յարաբերաբար Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին որդեգրելիք հաւանական մօտեցումներուն կամ որոշումներուն:
Ժողովի աւարտին իրաւական յանձնախումբը պատրաստեց անգլերէնով հաղորդագրութիւն մը զոր կու տանք թարգմանաբար. «Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող եւ եզակի նշանակութիւն ունեցող դատին առնչուած աշխատանքներու ծիրին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս մարտ 5-ին, Ժընեւի մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ յիշեալ դատով զբաղող իրաւական յանձնախումբին հետ: Հանդիպումին նպատակն էր քննել 27 ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան ներկայացուած դատին ներկայ հանգրուանը: Յիշեալ դատով կաթողիկոսարանը կը պահանջէ Սիսի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատումը: Արդարեւ, միջազգային օրէնքի ու 1923-ի Լոզանի Դաշնագիրին համաձայն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է կաթողիկոսարանին կալուածը վերադարձնել, որպէսզի գործածուի կրօնական պաշտամունքի համար: Յիշեալ դատին քննութիւնը արագացնելու նպատակով, կաթողիկոսարանի փաստաբանը վերջերս յուշագիր մը ներկայացուց Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` դատական ունկնդրութեան նիստ պահանջելով: Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կամաւորապէս չվերադարձնէ Սիսի կաթողիկոսարանը եւ կամ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը չորոշէ վերադարձնել կաթողիկոսարանը, ինչպէս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս նախապէս յայտարարած է, յիշեալ դատը պիտի ներկայացուի Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան, որուն արձակած վճիռը Թուրքիան պարտաւոր է գործադրել: