Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը Իր Տեսակէտները Չէ Փոխած Եւ Պիտի Չփոխէ»

Մարտ 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rusdamian_31816

18 մարտին խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, նոր Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին վերաբերեալ լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով յայտնած է, որ ծուղակներ չի տեսներ հոն, եւ կան առնուազն չորս դրոյթներ, որոնք ակնյայտ կը դարձնեն այն, որ ընտրական համակարգը պիտի բարելաւուի: Առաջինը մեծամասնական ընտրակարգի վերացումն է, երկրորդը` ժողովրդավարական դարձնել այն հասկացութիւնը, որ կը վերաբերի կայուն մեծամասնութեան հարցին, երրորդը` ընդդիմութիւնը մէկ երրորդի չափով երաշխաւորուած տեղ ունենայ Ազգային ժողովին մէջ, իսկ չորրորդը` ընտրակեղծիքներուն, ընտրախախտումներուն առնչուած բոլոր յայտարարութիւնները նկատի ունենալով, աշխատանք տանիլ անոնց վերացման առնչութեամբ, յատկապէս պայքարիլ  բազմակի քուէարկութիւններուն դէմ, ինչ որ քննարկման գլխաւոր հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ:

Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ հարց չկայ քննարկումները հասարակութեան մասնակցութեամբ կայացնելու եւ կառուցողական արդիւնքներու հասնելու` հաստատելով, որ պէտք չէ հարցերուն մօտենալ կա՛մ ամէն ինչ եւ կա՛մ ոչինչ սկզբունքով: «Եթէ քաղաքական համաձայնութեամբ կարելի է հասնիլ աւելի լաւ արդիւնքի, ուրեմն կ՛արժէ ընել, որովհետեւ մենք բոլորս ալ պէտք է երթանք ընտրութիւններու: Եթէ կարելի ըլլայ քանի մը մեքանիզմ ալ աւելցնել, բոլորս օգտուած կ՛ըլլանք: Պէտք է մարդիկ հասկնան, թէ ռէալ փոլիթիքը ի՛նչ է: Ատիկա կարելիութիւն կու տայ բոլորին` իրենց տեսակէտները արտայայտելու»:

Ըստ Ռուստամեանի, թէեւ Դաշնակցութիւնը իշխանութեան հետ կը համագործակցի, բայց ազատօրէն կ՛արտայայտէ իր տեսակէտը: «Բոլորը գիտեն, որ Դաշնակցութիւնը ունի յստակ դիրքորոշումներ` այս հարցերուն կապուած, բայց մենք կրնանք հարցեր քննարկել եւ հասնիլ փոխհամաձայնութեան», հաստատած է ան:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ եթէ 2017 թուականի ընտրութիւնները կեղծուին, կրնա՞յ ըլլալ, որ արձանագրուի հերթական քաղաքական ապահարզանը, Ռուստամեան ըսած է, թէ ամէն ինչ կարելի է, որովհետեւ հարցը այն չէ, որ տուեալ պահուն ի՛նչ է քաղաքական իրադրութիւնը, այլ հիմնականը այն է, որ Դաշնակցութեան տեսակէտները չեն փոխուած եւ չեն փոխուիր: Մենք ամէն առիթ պիտի օգտագործենք, որ մեր գաղափարները իրականութիւն դարձնենք: «Դաշնակցութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ` ունենալով լաւ կառավարման համակարգ, լաւ ընտրական համակարգ, էական թռիչքաձեւ զարգացման երթանք: Ատոր համար ալ Դաշնակցութիւնը ամէն քայլի պիտի դիմէ` չշեղելով իր հիմնական սկզբունքներէն: Մենք ինքնին կեղծիքներուն դէմ պիտի պայքարինք», հաստատած է ան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսայի Շարք Մը Քաղաքապետներու Հետ

Յաջորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Կամայապաշտ Կեցուածքներէն Հրաժարի» Յայտարարեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?