Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Տեսակցութիւն Ունեցած Է Համայն Կիպրոսի Արքեպիսկոպոս Խրիզոսթոմոս Բ.-ի Հետ

Մարտ 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

RA-President_Cyprus_31716

Պաշտօնական այցելութեամբ Կիպրոս գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 մարտին հանդիպում ունեցած է Համայն Կիպրոսի արքեպիսկոպոս Խրիզոսթոմոս Բ.-ի հետ:

Նախագահ Սարգսեան շատ կարեւոր նկատած է միջկրօնական համերաշխութիւնն ու իւրաքանչիւրին դաւանած հաւատքին նկատմամբ յարգանքը, ինչ որ, ըստ անոր, հայ-կիպրական անխախտ բարեկամութեան հիմնասիւներէն է, եւ այսօր ալ երկուստեք բարձր մակարդակի վրայ կը պահեն այս մէկը:

Ընդգծելով, որ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած փոխադարձ համակրանքը պայմանաւորուած է նաեւ համամարդկային միեւնոյն արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ ու յարգանքով, նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ այդ արժէքներու սերմանումին ու պահպանումին կարեւորագոյն առաքելութիւնը դարեր շարունակ իրականացուցած է եկեղեցին, իսկ հայ ժողովուրդի պատմութեան այն ժամանակաշրջանին, երբ չկար պետականութիւն, հայոց եկեղեցին որոշ չափով ինք կատարած է պետութեան դերը: Նախագահը համոզմունք յայտնած է այն մասին, որ այս օրերուն հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման հարցը յատուկ կարեւորութիւն ունի` նկատի առնելով, որ համաշխարհայնացման գործընթացները լի են ո՛չ միայն դրական, այլ նաեւ բազմաթիւ բացասական հետեւանքներով, որոնց դիմակայելը ժամանակի հրամայական է յատկապէս փոքր ժողովուրդներուն համար` ազգային ինքնութեան, մշակութային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման տեսանկիւնէ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Կիպրոսի իշխանութիւններուն, եկեղեցւոյ եւ բարեկամ կիպրացի ժողովուրդին` հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս Կիպրոս բնակող հայրենակիցներուն` մնայուն կերպով ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար:

Խրիզոսթոմոս Բ. արքեպիսկոպոսը ուրախութեամբ յայտնած է, որ պատմականօրէն եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններ հաստատուած են հայերուն հետ: Անոր համաձայն, Կիպրոսի եկեղեցին գերազանց յարաբերութիւններ ունի ամբողջ քրիստոնէական աշխարհին, նաեւ` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հետ, եւ այդ յարաբերութիւնները կը նպաստեն նաեւ միջպետական կապերու ամրապնդման: Արքեպիսկոպոսը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ հայ եւ կիպրացի եղբայրական ժողովուրդներուն ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ` խաղաղութիւն ու բարօրութիւն մաղթելով Հայաստանին եւ անոր բարեկամ ժողովուրդին:

Կիպրոս տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 մարտին մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ այցելած է նաեւ հայկական «Նարեկ» վարժարան, ծանօթացած կրթական  հաստատութեան պայմաններուն ու ծրագիրներուն, վայելած աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը: Նախագահ Սարգսեան նաեւ ծաղկեպսակ զետեղած է վարժարանին եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին առջեւ, այցելած է եկեղեցի, ապա հանդիպում ունեցած Կիպրոսի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Ասուլիս` Ֆլամանտական Խորհրդարանականներուն Մասնակցութեամբ

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հակառակորդի Կրակոցէն Պաշտպանութեան Բանակի Զինուորական Ծառայող Մը Զոհուած Է»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?