Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Տարեվերջին Զինուած Ուժերը Ստացան Որակապէս Նոր Սպառազինութիւն Եւ Հետագայ Մատակարարման Երաշխիքներ»

Մարտ 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsyan_32116

Հայաստանի նախագահ, բանակի գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 21 մարտին պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ ներկայ գտնուած է Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավար կազմի գործնական հաւաքներու սկիզբին, որուն մասնակցած են բանակի բոլոր զօրամիաւորումներու հրամանատարները, ղեկավարման մարմինները, զօրատեսակներու ծառայութեան պետերը, ուժային կառոյցներու ղեկավարութիւնը, ռազմական հաստատութիւններու ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները:

Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին զեկուցած է հաւաքներուն ընթացքին նախատեսուած նախաձեռնութիւններուն մասին: Ըստ նախարարին, անոնք պիտի եզրափակուին ռազմավարական հրամանատարական կազմերու ռազմափորձերով, որոնց ընթացքին նկատի պիտի առնուի շրջանային ռազմաքաղաքական ներկայ իրավիճակը:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նման հաւաքներու կարեւորութեան` շեշտելով. «Ընթացիկ հաւաքի կարեւորութիւնը պայմանաւորուած կը նկատեմ նախ եւ առաջ այն հանգամանքով, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի անվտանգութեան միջավայրին վրայ ազդող արտաքին զարգացումներու եւ մեր պետութեան ներքին կեանքին մէջ, կառավարման համակարգին մէջ տեղի ունեցող սահմանադրական փոփոխութիւններու հանգրուանին, շարք մը կարեւոր գործընթացներու  աւարտին եւ զարգացման նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբին, ինչ որ մեզմէ իւրաքանչիւրէն նոր մօտեցումներ եւ նոր ջանքեր կը պահանջէ»:

Ան խօսած է նախորդ տարեվերջին տեղի ունեցած հանրաքուէին իբրեւ արդիւնք եղած Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն մասին` կարեւոր նկատելով այս հաւաքներուն ընթացքին այդ առումով քննարկումները, յատկապէս` նոր սահմանադրութեամբ Հայաստանի հանդէպ հաւանական սպառնալիքներու կանխման նպատակով կատարուած բարեփոխումները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ նախորդ տարի շփման գիծին մէջ արձանագրուած վերիվայրումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մերձակայքը, յատկապէս Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակին:

«Տարեվերջին զինուած ուժերը ստացան որակապէս նոր սպառազինութիւն եւ հետագայ մատակարարման երաշխիքներ: Աւելի կարեւոր է, որ մշակած էք ձեր օգտագործած եզրոյթով` «Զինուած դիմակայութիւնը զսպելու» նոր հայեցակարգ: Կը կարծեմ` օգտակար պիտի ըլլայ գործնական հաւաքին ընթացքին ներկայացնել պաշտպանութեան նախարարութեան մօտեցումները շրջանին մէջ տիրող ռազմաքաղաքական իրավիճակի եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման ուղղուած գործառոյթներու կատարման նկատմամբ», յայտնած է նախագահը` առաջարկներ ներկայացնելով ու համապատասխան ցուցմունքներ տալով հաւաքներուն մասնակիցներուն:

Նախագահ Սարգսեան ներկաներուն մաղթած է արգասաբեր աշխատանք ու աշխուժ մասնակցութիւն գործնական հաւաքներուն, պատասխանած է հաւաքի մասնակիցները հետաքրքրող բազմաբնոյթ հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանին, սահմանամերձ բնակավայրերու խնդիրներուն, դաշնակից պետութիւններուն հետ համագործակցութեան ընթացիկ հարցերուն, ազատամարտիկներուն, վեթերաններուն եւ զինուորներուն ընկերային պայմաններուն բարելաւման իմաստով նախատեսուող ծրագիրներուն եւ այլն:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յորդորած Են Նովրուզի Եւ Ս. Զատկուան Տօներուն Ընթացքին Յարգել Զինադուլը

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Թալինի Մէջ Թեկնածու Առաջադրած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 27, 2025
Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?