Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Ժողովուրդը Վստահ Թող Ըլլայ, Որ Մենք Չենք Սխալիր Իր Հաշուոյն» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Մարտ 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

interview_31816

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու ընթացքին ունեցաւ հարցազրոյց մը` Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մասին:

Պուրճ Համուտի աղբանոցին եւ գետեզերքին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ այսօրուան դրութեամբ այդ շրջանները Լիբանանի լքուած շրջաններուն հետ բաղդատելու ըլլանք, ապա դժբախտաբար անոնք ամէնէն վատ շրջաններէն են:

«Քանի մը անգամ առիթը ունեցայ այցելելու եւ տեսնելու Պէյրութի գետին շուրջ ամբարուած աղբերը, իսկ աղբերու լերան մօտ աւելի վատ կացութիւն կը տիրէ, որովհետեւ այդ աղբակոյտին մօտ այսօր դարձեալ աղբ կը թափուի: Այդ շրջանը արդէն իսկ վատահամբաւ կը նկատուի աղբերու գոյութեամբ կամ առանց աղբերու, հոն գոյութիւն ունեցող տհաճ մթնոլորտով, մեր աւանդութիւններուն եւ բարքերուն խոտոր համեմատող ներկայութեամբ եւ երեւոյթներով», ըսաւ ան:

AGHPI_LER_31816

Հարցազրոյցին ընթացքին ցոյց տրուեցան նաեւ լուսանկարներ եւ վիտէոներ այն աղբերուն, որոնք թափուած էին աղբակոյտին մօտակայքը, եւ այդ մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոնց մեծամասնութիւնը Պուրճ Համուտի աղբերն են: 17 յուլիսէն ի վեր արդէն ութ ամիս անցած է, եւ Պուրճ Համուտի մէջ օրական 110 թոնի չափ աղբ գոյութիւն ունի: Սկզբնական շրջանին այդ աղբերը թափուեցան Պէյրութի կամուրջի Պուրճ Համուտի կողմը, ուր գետեզերքն է, իսկ երբ այլեւս հոն կարելի չեղաւ աղբ թափել, վերադարձ կատարուեցաւ դէպի աղբի նախկին լեռը: Այս աղբերուն վրայ աւելցան նաեւ շրջապատէն եկող աղբեր, ինչպէս` Ռումիէի բանտին եւ կարգ մը զինուորական կեդրոններու աղբերը: Արձանագրուեցան նաեւ փախստական կերպով կարգ մը հաստատութիւններու կողմէ աղբ թափելու որոշ պարագաներ»:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այս վիճակն է, որ 30 տարի առաջ յառաջացուցած է աղբի ներկայ լեռը: Ան ընդգծեց, որ այսօր այդ լեռը ինքնին հիւանդութեան աղբիւր է, ինչպէս նաեւ հսկայական ապականում կը պատճառէ, «եւ մենք կ՛աշխատինք վերացնել այս լեռը»:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ 47 մեթր բարձրութեամբ այդ աղբալերան ընդերքը գտնուող աղբերը` ըստ փորձագէտներու եւ մասնագէտներու, 90 առ հարիւրով քարացած են եւ վնասազերծուած, «սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ լերան գոյութիւնը ընդհանուր առմամբ չի վնասեր կենսոլորտին: Անիկա պատճառ կը դառնայ հողի սահանքին, գարշահոտութեան, կրնայ վնասել նաեւ նաւային ընթացքին, հետեւաբար անիկա պէտք է անպայման վերացնել», յայտնեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պատահած է, նախապէս յայտարարուած էր Պուրճ Համուտի կարմիր գիծ ըլլալը, եւ թէ հոն բուռ մը աղբ իսկ թափելը արտօնելի չըլլալու կեցուածքը արդեօք փոխուա՞ծ է, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Շնորհակալ եմ այս հարցումին, որովհետեւ շատեր այս մասին արտայայտուեցան, յատկապէս դիմատետրով: Երբ կ՛ըսէինք, որ Պուրճ Համուտը կարմիր գիծ է, ըսել կ՛ուզէինք եւ այսօր ալ ըսել կ՛ուզենք, որ Պուրճ Համուտը աղբանոց չէ: Կարմիր գիծը աղբանոց պահելու եւ վերածելու դէմ է, այսինքն` կը մերժենք, որ Պուրճ Համուտը աղբանոց ըլլայ: Մէկ տոպրակ չէ, մէկ բուռ իսկ աղբ պիտի չարտօնենք, որ թափուի Պուրճ Համուտի մէջ: Եթէ մեր ունկնդիրները նկատեցին, մենք մեր մամուլով` «Ազդակ»-ի մէջ սկսած ենք օգտագործել «վնասազերծուած թափօններ» եզրը, աղբ բառը գործածելէ դադրած ենք, որովհետեւ աղբ չէ, որ պիտի թափուի Պուրճ Համուտի մէջ»:

AGHP2_31816

Հարցազրոյցին ընթացքին ակնդիրներուն ներկայացուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրի ընդհանուր ծրագիր մը: Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ծրագիրին մէջ ներառուած է 145 հազար քառ. մեթր տարածութիւն հաշուող աղբալեռը, եւ անոր կողքին գտնուող 98 հազար քառ. մեթր հաշուող տարածք մը, որ տակաւին ծով է, եւ անոր կից գտնուող այլ տարածք մը` 102 հազար քառ. մեթր, որ հետագային պիտի յատկացուի աղտոտ ջուրի զտարանի մը, որպէսզի Պուրճ Համուտի մէջ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն զգացած գարշահոտութիւնը մեղմանայ, եւ կոյուղիներէն եկած աղտոտ ջուրը ուղղակի ծով թափելու առաջքը առնուի: «Ասիկա ապագայի ծրագիր մըն է, որ անվնաս է», ըսաւ ան:

«Այս ծրագիրին ընդգրկած տարածքներուն չորս կողմը ժայռերով պիտի հաստատուի քարէ պատնէշ մը: Աղբակոյտը պիտի վերացուի, այսինքն` 4 տարի ետք մեր պատանիները, երիտասարդներն ու երէցները այս լեռը պիտի չտեսնեն: Աղբի լերան մէկ բաժինը պիտի թափուի 98 հազար քառ. մեթր հաշուող տարածքին մէջ, որ այսօր ծով է տակաւին, սակայն քարէ պատնէշին հաստատումէն ետք պիտի վերածուի թափօններու թաղման վայրի: Աղբակոյտէն բացի Քեսրուանի, Մեթնի եւ որոշ չափով նաեւ Պէյրութի հաւաքուած աղբերուն մէկ բաժինը պիտի փոխադրուի Քարանթինայի տեսակաւորման կեդրոն եւ տեսակաւորուելէ ետք պիտի փոխադրուի «Սոքոմի»-ի կեդրոն, ուր պիտի վերածուի վնասազերծուած թափօնի, այսինքն` քիմիական տարբաղադրումի ենթակայ նիւթ չկրող աղբի մնացորդացի ու պիտի ծրարուի իբրեւ հաստատուն թափօն: Ահա այդ է, որ պիտի զետեղուի թափօններու թաղման վայրին մէջ, ինչպէս նաեւ այսօրուան աղբակոյտին յատակը` նկատի ունենալով, որ անիկա անցեալին ջուր եղած է: Չորս տարի ետք այս ամբողջ շրջանը պիտի ըլլայ տափարակ շրջան մը», յայտնեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ ծրագիրը ինչո՞ւ ընդունուեցաւ, Յ. Բագրատունի նշեց, որ կառավարութեան որոշումներուն պարագային անյստակութիւններ կային:

Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ կառավարութեան կողմէ հաստատուած եւ վաւերացուած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին 7 նկատողութիւններուն, որոնց վաւերացումը նախապայման էր Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանին մէջ վնասազերծուած թափօններու թաղման վայրին բացումին:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը այդ նկատողութիւնները յստակօրէն բացատրեց հետեւեալ կերպով.

«Ծրագիրին մէջ յստակ կերպով չէր նշուած, որ աղբակոյտի վերացում կայ: Մեր կեցուածքը այն էր, որ եթէ մենք այդ ծրագիրին մասին պիտի սկսինք մտածել, ապա նախապայմանը պէտք է ըլլայ աղբակոյտի վերացումը, ինչ որ յաջողութեամբ վաւերացուեցաւ: Եթէ աղբակոյտի վերացումը առաջինն է, ապա երկրորդը այն էր, որ Պուրճ Համուտի տարածքին մէջ կը մերժենք տեսակաւորման կամ հրկիզման միտող գործարաններ հաստատել: Եւ իսկապէս կառավարութիւնը եկաւ հաստատելու, որ Պուրճ Համուտի մէջ աղբի հրկիզման կամ մշակման կեդրոններ պիտի չկառուցուին: Երրորդ` յստակօրէն չէր ճշդուած, թէ այս ծրագիրը չորս տարուան ժամանակաշրջան պիտի ունենայ. այս ամբողջ աշխատանքը չորս տարիէն պէտք է աւարտի: Չորրորդ` չէր ճշդուած յստակօրէն, թէ այս ամբողջ գործունէութիւնը հակակշռողը ո՛վ պիտի ըլլայ: Ուրեմն մենք պահանջեցինք, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ստանձնէ այս ծրագիրին գործադրութեան հսկողութիւնը, եւ կառավարութիւնը ընդառաջեց մեր պահանջին: Աւելի՛ն. Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը իրաւունք ստացաւ ոչ միայն այս ծրագիրին հսկելու, այլեւ` Քարանթինայի տեսակաւորման կեդրոնին աշխատանքներուն, այդ շրջանը հասնող աղբի քանակին, այդ շրջանէն ելլող եւ «Սոքոմի» հասնող աղբի քանակին, այդ աղբը թափօններու վերածելու հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ թափօններու ծրարումի եւ ապա թաղումի աշխատանքին:

«Մենք պահանջեցինք նաեւ, որ ներքին գործոց նախարարին գլխաւորութեամբ կազմուելիք նախարարական յանձնախումբին, որուն մէջ պիտի ըլլան նաեւ կենսոլորտի, առողջապահութեան եւ վարչական բարեկարգումի նախարարները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչը, անդամակցի նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչը, որպէսզի հսկողութիւնը ըլլայ ամբողջական», շեշտեց ան:

Հինգերորդ կէտով, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այս ծրագիրին ամբողջանալէն ետք, Պուրճ Համուտի մէջ նմանօրինակ ոչ մէկ ծրագիր պիտի իրագործուի, «այսինքն` ո՛չ թափօններու թաղման վայր եւ ո՛չ ալ հաւանական այլ գործարանի մը կառուցումը»:

Վեցերորդ կէտով ճշդուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին շահարկման իրաւունքը, որ ամբողջ 98 հազար քառ. մեթր տարածութիւնը պիտի ըլլայ: «Հոն կարելի պիտի ըլլայ քարային շինութենէ բացի ամէն տեսակի ծրագիր իրականացնել, ինչպէս` մարզադաշտ, ցուցասրահներ, ճաշարաններ եւ ծովեզերեայ խաղավայրեր շինել, իսկ 145 հազար քառ. մեթրը պիտի ըլլայ կանաչապատ շրջան: Պարտէզ, հանրային պարտէզ, որ պիտի ըլլայ քաղաքապետութեան հսկողութեան տակ», ըսաւ ան:

Եօթներորդ ձեռքբերումին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը իւրաքանչիւր տարի` չորս տարուան համար, պիտի ստանայ 8 միլիոն տոլարի յատկացում, որ պիտի օգտագործուի Պուրճ Համուտի բարեզարդման, մեր ժողովուրդին կարիքները հոգալու եւ քաղաքացիներուն պէտքերուն գոհացում տալու համար: Այդ գումարը իւրաքանչիւր տարի կը յատկացուի քաղաքապետարանի սնտուկին եւ քաղաքապետարանը կը տնօրինէ զայն:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց նաեւ, որ յատուկ աշխատանքով մը յաջողած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան 25 միլիոն տոլար յատկացնել` բարգաւաճման հիմնական ծրագիրներ իրականացնելու համար: «Այսինքն` եթէ մենք կարիքը ունինք Պուրճ Համուտի մէջ մարզաւանի մը, երիտասարդական կեդրոնի մը, ճամբաներու ընդլայնման, կուպրապատումի, լուսաւորումի, տուներու արտաքին տեսքի բարեզարդման, կանաչապատման եւ այլն, ապա այդ գումարը կը յատկացուի բարգաւաճման այդ ծրագիրներուն գործադրութեան», ըսաւ ան:

«Եւ նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտը Հիւսիսային Մեթնի մուտքն է, եւ հայութիւնը միայն Պուրճ Համուտի մէջ չէ, այլ` Զալքայի, Ժտէյտէի, Անթիլիասի, Նաքքաշի եւ այլ շրջաններու մէջ, անհրաժեշտ նկատեցինք, որ 25 միլիոն տոլարի գումար մը եւս յատկացուի այն ծրագիրին, որ կրնայ օժանդակել այս մուտքը բարելաւելու եւ ճամբաներու` մայրուղիներու ընդարձակում կատարելու», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ տարիներու ընթացքին Պուրճ Համուտի ծովեզերքը իրաւազրկուած շրջանի մը ծովեզերքը եղած է: «Մեր ժողովուրդին դժգոհութիւնը արդար է, ինչպէս որ արդար է մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնը, որ մենք` իբրեւ պատասխանատուներ, կարենանք այդ շրջանը բարելաւել: Իսկ ինչ կը վերաբերի անոնց մտահոգութիւններուն, որոնց պատճառը պետութեան նկատմամբ անվստահութիւնն է, կ՛ուզեմ շեշտել, որ վերոնշեալ բոլոր տուեալները նշուած են կառավարութեան գումարած վերջին նիստին ատենագրութեան մէջ, որմէ կարելի չէ շեղիլ», հաստատեց ան` ընդգծելով, որ Պուրճ Համուտի բնակիչները մաքուր ծովեզերք ունենալու արժանի են, անոնք արժանի են այդ քարափին վրայ պտըտելու:

«Մեկնելով հաւասարակշռուած բարգաւաճման տեսանկիւնէն` կ՛ուզեմ աւելցնել, որ նոյն տեսակի շինութիւններ են Պիէլը եւ Նորմանտին: Մենք պատճառ չունինք այդ կառոյցներուն նման շինութիւններ չունենալու: Ոչինչ պէտք է արգիլէ, որ Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող տարածքները եւս այդ շրջաններու տարածքներուն սակը ունենան:

«Ես կ՛ենթադրեմ, որ չորս տարի ետք, առանց անհաւատութեան եւ վստահելով, մենք պիտի կարենանք ունենալ եւ իրականացնել այն երազը, որ թերեւս մեզմէ առաջ եկած պատասխանատուները ունեցած են` այս շրջանը վերածելու իսկապէս նախանձելի շրջանի, ուր մեր ընտանիքները, մեր երեխաները եւ մեր զաւակները, քոյրերն ու եղբայրները կարենան ճակատաբաց ըսել. ա՛յս ալ մեր ծովեզերքն է», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը աչալուրջ պիտի հետեւի այդ ծրագիրին ճշգրիտ գործադրութեան, ժամկէտներու յարգումին, «իսկ այդ ծրագիրին գործադրութեան հոլովոյթին ընթացքին առիթ պիտի տրուի, որ մեր հայրենակիցները` գործարարներ, պաշտօնեաներ եւ բանուորներ, բարգաւաճման այդ գործին մաս կազմեն` աշխատանքներ ստանձնելով այն ընկերութիւններուն մօտ, որոնք պիտի աշխատին այդ ծրագիրին իրագործման համար»:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ ծրագիրին գործադրութեան ընթացքը կենսոլորտային ոչ մէկ վնաս պիտի պատճառէ, իսկ աշխատանքին ընթացքին առումով արձանագրուելիք նուազագոյն խախտումին իսկ մենք պարտաւոր ենք կասեցնել ծրագիրը, որ նախարարաց խորհուրդին կարծիքով` մեր իրաւունքն է: «Սակայն մենք պիտի ուզենք, որ այս ծրագիրը գործադրուի, որովհետեւ իսկապէս մեզի համար անիկա փրկութիւն է եւ հետագային յաւելեալ ծրագիրներ կը խոստանայ: Ասիկա իրաւունք է եւ անոր ձեռքբերումէն ետք բոլոր ծրագիրները կարելի պիտի ըլլայ իրագործել», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ անցնող ութ ամիսներուն ընթացքին փողոցներուն մէջ հաւաքուած 370 հազար թոն աղբը պիտի փոխադրուի Նաամէի աղբանոցը. Նաամէ մտնող առաջին բեռնատարները պիտի ըլլան Պուրճ Համուտի մէջ կուտակուած աղբը փոխադրող բեռնատարները: «Այսինքն` մենք պիտի ձերբազատուինք Պուրճ Համուտի մեր փողոցներուն, աղբի լերան մուտքին եւ գետեզերքին կուտակուած աղբերէն, եւ ժամանակի ընթացքին մեր մօտ կը բերուին վնասազերծուած, մաքրազտուած եւ ծրարուած թափօնները: Մեր ժողովուրդը վստահ թող ըլլայ, որ մենք չենք սխալիր իր հաշուոյն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

https://www.youtube.com/watch?v=fhDo8VOMsVM

Նախորդը

«Թուրքիան Պէտք Է Կամայապաշտ Կեցուածքներէն Հրաժարի» Յայտարարեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի Մրցաշարքերու Վիճակաձգութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?