Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` Ֆլամանտական Խորհրդարանականներուն Մասնակցութեամբ

March 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

flam_31716

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի նախաձեռնութեամբ Արցախ գտնուող Պելճիքայի Ծերակոյտի առաջին փոխնախագահ Քարլ Ֆոնլաուվեն, Ֆլանտրիոյ խորհրդարանի անդամներ Քարիմ ֆոն Օվերմէյըր, Վարտ Քեննես, Մարք Հենտրիքս եւ փրոֆ. Փոլ Միրթս 17 մարտին տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը «Փարք Հոթել Արցախ»-ի մէջ: Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի անդամ Հեղինէ Էւինեան:

Պելճիքայի Ծերակոյտի առաջին փոխնախագահ Քարլ Ֆոնլաուվեն իր խօսքին մէջ նշած է, որ Արցախ այցելութեան նպատակը ճանաչողական է: «Մենք` իբրեւ քաղաքական գործիչներ, որեւէ քայլ առնելէ եւ որոշում տալէ առաջ պէտք է լաւապէս տիրապետենք իրավիճակին եւ պատկերացում կազմենք իրողութեան վերաբերեալ: Մենք գիտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը գտնուի անարդարացի մեկուսացման մէջ, եւ մեր պարտականութիւնը կը նկատենք յստակ քայլելով, առանց միջամտելու որեւէ քաղաքական գործընթացներու, որոնք մասնաւորապէս Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ կը կատարուին, աջակցիլ ժողովուրդին առօրեայ կեանքին, նպաստել զարգացման այնպիսի բնագաւառներու, որոնք են` կրթութիւնը, մշակոյթը, մարդասիրական մարզը, առողջապահութիւնը եւ այլն»:

Պելճիքայի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հաւանական ճանաչման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վարտ Քեննես ըսած է. «Նկատի ունենալով, որ մենք կը խօսինք պաշտօնական նախաձեռնութիւններու մասին, կը կարծեմ, թէ աւելի կարեւոր է յստակ քայլերու ձեռնարկել` փոխյարաբերութիւններ հաստատելու առումով, քան Ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու  հարցը: Յստակ գործողութիւններով մենք կրնանք աւելի օգտակար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղին», յայտնած է ան:

Անդրադառնալով Արցախի գաղթականներու հարցին` Քարիմ ֆոն Օվերմէյըր նշած է, թէ այս մասին անոնք գիտցած են տեղւոյն վրայ: «Մենք չէինք գիտեր այս հարցին մասին, թէ ինչպիսի՛ կարգավիճակ ունին գաղթականները Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս խնդիրը իսկապէս կը հանդիսանայ այն կէտերէն մէկը, որուն շուրջ կը ծրագրենք միտքեր կիսել եւ  քննարկումներ ունենալ` վերադառնալով հայրենիք: Այդ խնդիրը պիտի ըլլայ մէկը այն հարցերէն, որոնց պիտի անդրադառնանք», յայտնած է ան:

 

 

Նախորդը

«Աւիաքոմփանիա Արմենիա»-ին Հաստատագիր Տրամադրելու Վերաբերեալ Դրական Եզրակացութիւն Տրուած Է

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Տեսակցութիւն Ունեցած Է Համայն Կիպրոսի Արքեպիսկոպոս Խրիզոսթոմոս Բ.-ի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.