Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չիլիի Խորհրդարանը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Յարձակողապաշտութիւնը

May 20, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Chile_51916

Չիլիի խորհրդարանի ստորին պալատը 18 մայիսին ընդունած է պատմական բանաձեւ մը, որուն մէջ կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակումները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ: Այս փաստաթուղթով Չիլին կը դառնայ առաջին երկիրը, որ ներկայացուցչական մակարդակով նման որոշում կու տայ:

Խումբ մը խորհրդարանականներու ներկայացուցած չորս կէտերէ բաղկացած բանաձեւը անցած է միաձայնութեամբ:

Բանաձեւին մէջ նշուած է.

«1-2 ապրիլի գիշերը Ազրպէյճանի օդային եւ ցամաքային ուժերը լայնածաւալ յարձակումներ իրականացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ սահմանագիծին` ծանր հրետանիի եւ վերջին սերունդի հրթիռներու կիրարկումով:

Վերոնշեալ յարձակումը 1994-ին կնքուած զինադադարի, ինչպէս նաեւ վէճերու խաղաղ լուծման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի չափանիշներուն  ամէնէն կոպիտ խախտումն է:

Բռնութեան այս նոր սրումին կապակցութեամբ, որ յանգեցուցած է քաղաքացիական եւ զինուորական մեծ կորուստներու, Պատգամաւորներու տունը կը դատապարտէ այս յարձակումները, կոչ կ՛ուղղէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման եւ խաղաղ բանակցութիւններու շարունակութեան` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ, որուն համանախագահներն են Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա:

Միջազգային հանրութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը պնդեն, որ տագնապը, որ արդէն աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը շարունակուի, պէտք է լուծուի միայն խաղաղ ճամբով, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգման միջոցով:

Կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վերահաստատելու  խաղաղութեան իր յանձնառութիւնը, անմիջապէս դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ պատերազմական գործողութիւնները եւ խստօրէն պահպանելու 1994-ին կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած զինադադարը:

Կոչ կ՛ուղղէ Չիլիի կառավարութեան կողմերուն յորդորելու հաւատարիմ մնալ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ այդպիսով խուսափելու շրջանին մէջ անդառնալի հետեւանքներու յանգեցնող պատերազմի բռնկումէն»:

Նախագիծի հեղինակներէն մէկը` հայ-չիլիական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Կուսթաւօ Հասպուն Զելում «Փրենսա Արմենիա» հայկական գործակալութեան յայտնած է, որ խորհրդարանին վրայ մեծ ճնշում կը գործադրէր Չիլիի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նաճիյէ Կէօսէ Քայան: Սակայն, ըստ չիլիցի երեսփոխանին, Ներկայացուցիչներու տունը անկախ մարմին է եւ թոյլ չի տար  արտաքին միջամտութիւններ:

Խորհրդարանի որոշումը ողջունած է ՀՅ Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ալֆոնսօ Թապաքեան, որ շեշտած է, որ ասիկա պաշտօնական մակարդակով առաջին դէպքն է, երբ յարձակումներու հասցէատէրը յստակ կը նշուի:

 

 

Նախորդը

Արցախի Խորհրդարանը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Յոյներու Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւն Որդեգրած Է

Յաջորդը

Պարսելոնա – «Նայքի»` Տարեկան 100 Միլիոն Եւրոյի Համաձայնագիր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 20, 2026
Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.