
Իտալիոյ Քանոզա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը 16 մայիսին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է. «Մինչ այդ, 30 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութիւնը միաձայնութեամբ ճանչցած էր նաեւ իտալական այլ քաղաքի մը` Չիվիթա Քասթելանայի խորհուրդը»:
Այսպիսով, Իտալիոյ մէջ տեղական իշխանութիւններու` նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդներու մակարդակով Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ հայ ժողովուրդին իրենց համերաշխութիւնը յայտնած են 107 խորհուրդներ, նշած է նախարարութիւնը:


